- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947). Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վեհաշուք մտաւորականը

[1]Հայ ժողովուրդի բազմադարեան հոգեմտաւոր հարտութեան եւ ազգային-հասարակական արժէքային ժառանգութեան առաքելատիպ վերանորոգիչներէն է Նիկոլ Աղբալեան:

Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ մը եղաւ Աղբալեան, որ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Համազգայինի Ճեմարանին։

Բառին խորագոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստանի ու հայութեան արդի ժամանակներ մուտքին եւ ինքնահաստատումին Առաքեալը եղաւ Նիկոլ Աղբալեան։ Անսակարկ եւ անձնուէր ծառայութեան լծուեցաւ հոն, ուր հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։ Եւ ուր որ ալ գործեց, Աղբալեան արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ Հայաստան Աշխարհի եւ Հայ Ժողովուրդի ազգային որակին բիւրեղացումը եւ ՀԱՅԱՑՈՒՄը յառաջ մղելու կո¬ չումին։

Հայոց հոգեմտաւոր եւ աշխարհաքաղաքական ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրը թիւ 1 խնդիրն էր Աղբալեանի եւ իր ամբողջ սերունդին։ Քսաներորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզիքական-ժողովրդագրական, ե՛ւ հոգեմըտաւոր առումներով հայացման՝ հայ ազգային որակի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մարտահրաւէրը։ Դարաւոր գերութիւնը ոչ միայն Հայաստան Աշխարհը վերածած էր եկուոր եւ հայամերժ տարրերով բնակուած խառնարան երկրի մը, այլեւ աւելի հիմնականը՝ այլասերման ու տժգունացման դատապարտած էր հայ ազգային կերպարը։

Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը նոր սկսած էր թափ առնել եւ իր առաջին քայլերէն իսկ դէմ յանդիման կանգնած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրին։ Օսմանեան, Ցարական թէ Պարսկական տիրապետութեանց տակ տարտղնուած մեր ժողովուրդը ոչ միայն ամէն քայլափոխի կռնակէն դաշունահար կþըլլար եկուոր եւ հայամերժ տարրերու կողմէ, այլեւ՝ կը բախէր իր իսկ շարքերը վարակած ստրկական համակերպումի եւ սեփական մորթը ինքնալքումի գնով փրկելու Չարիքին։

Հայը սկսած էր կռնակ դարձնել էր իր ազգային ինքնութիւնն ու որակը բնորոշող ու պայմանաւորող արժէքներւոն եւ արժանիքներուն։ Ազատ ու արժանապատիւ կեանքի եւ հոգեմտաւոր լոյսի արարման համար ամէն կարգի բռնութեան, կաշկանդումի եւ ստրկացման դէմ ծառացող Հայկ Նահապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի իմաստաւորած ՀԱՅը ուծացման անդունդն ի վար թաւալգլոր անկումի մէջ էր։

Հարկ էր շրջել պատմութեան կործանարար անկումի ընթացքը։

Հարկ էր վերականգնել Հայաստան Աշխարհի եւ հայ ժողովուրդի ազգային նկարագիրն ու դէմքը ե՛ւ էութեամբ՝ մշակութային ստեղծագործութեան, ե՛ւ աշխարհաքաղաքական՝ ազգային անկախ պետականութեան վերականգնման առումներով։

Նիկոլ Աղբալեան ա՛յս կոչումով դարձաւ առաքեալը հայ ազգային որակի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՈՒՄԻՆ՝ ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մեծ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս ընդառա՛ջ քալելով, յաղթակա՛ն սլացք նուաճելով։

Ծնած Թիֆլիս՝ 1873ի Մարտ 24ին, Աղբալեան համեստ ընտանիքի զաւակ էր։ Թիֆլիսի Նեսիսեան վարժարանը եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը աւարտելէ ետք, նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ գրական-քննադատական յօդուածներով կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ ատենի թիֆլիսեան հեղինակաւոր «Մուրճ» ամսագրին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ հռչակի արժանանալով։
[2]
Հակառակ նիւթական իր անձուկ պայմաններուն, ամէն ճիգ թափեց եւ յաջողեցաւ բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի համալսարաններուն մէջ։

Երիտասարդ տարիքէն Աղբալեան միացաւ Դաշնակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասարակական գործունէութիւնը կապեց իր պաշտած կուսակցութեան, որուն հոգեմտաւոր եւ բարոյական աւանդներու ստեղծման մէջ անզուգական ներդրում ունեցաւ։

1900ականներու սկզբնաւորութեան, Նիկոլ Աղբալեան արժանաւորապէս իրագործեց հայոց հոգեմըտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը։

– Ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներու հայացումով՝ հայ գրական-մշակութային կեանքը պատուաստելու եւ վերանորոգելու փրկարար ուղին հունաւորեց։

– Եղաւ անբաժան զինակիցը Յովհաննէս Թումանեանի, որուն հետ ձեռնամուխ եղաւ Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներ»ու կազմակերպումին եւ աշխուժացումին։

– Դարձաւ դրօշակիրը գրական այն մեծ շարժումին, որ հայոց հոգեմտաւոր բազմադարեան հարըստութեան վերանորոգումին մէջ տեսաւ եւ հաստատեց վաղուան հայ մշակոյթի որակական ոստումին ակունքները։

1909էն 1912 Աղբալեան վարեց Թեհրանի հայոց ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, իսկ 1913ին՝ Թիֆլիս վերադառնալով, Արշակ Ջամալեանի հետ խմբագրեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու Հանրապետութեան հռչակումը, արեւելահայ իրականութեան մէջ կատարեց հանրային լուսաւորումի մեծ գործ՝ ամբողջացնելով առաքելութիւնը Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին, որ արեւմտահայ իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդի մտաւորական վերածնունդին հնոցը դարձած էր։

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբալեան նախաձեռնողներէն եղաւ Հայոց Ազգային Խորհուրդի ստեղծումին՝ իր հեղինակութիւնն ու կազմակերպական շնորհը ծառայեցնելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին ու յաղթարշաւին։

Իսկ 1917ի վերջերուն եւ 1918ի սկզբնաւորութեան, երբ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Արարատեան Դաշտը լեցուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեամբ, Աղբալեան հոգածու հօր անձնուիրումով փարեցաւ գաղթականներու պատսպարման, սնման եւ բուժման դժուարին գործին։ Հայաստանի անկախացումէն յետոյ՝ պատգամաւոր ընտրուեցաւ յաջորդաբար Հայաստանի Խորհուրդին եւ Հայաստանի Խորհըրդարանին՝ 1918-1919 պատմական նշանակութեամբ մեծ ներդրում ունենալով Հայաստանը դաւադիր թաթարներէ մաքրելու գործին մէջ։

1919էն սկսեալ, Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ ստանձնելով Լուսաւորութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը, Աղբալեան հիմը դրաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին, ինչպէս եւ ստանձնեց հովանաւորութիւնը երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու ստեղծագործական աշխուժացման (Չարենցի օրինակով այլախոհներու առջեւ ալ բեմ բանալով), ի սպաս հայ մշակոյթի եւ արուեստի պետական միջոցներով ծաղկումին։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան իր կարգին, Փետրուար 9ին, ձերբակալուեցաւ եւ բանտ նետուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ, որոնց գործադրած չարչարանքներէն եւ հաւատաքննչական խժդուժութիւններէն փրկուեցաւ միայն Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան շնորհիւ, երբ ըմբոստացած ժողովուրդը խուժեց բանտերը եւ պոլշեւիկեան կապանքներէն ազատ արձակեց իր պաշտած հերոսներն ու մտաւորական հեղինակութիւնները։

Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան երկրէն հեռացումին հետ, Աղբալեան անցաւ Ատրպատական, ուրկէ կարճ ժամանակ անց մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա՝ Եգիպտոս։ Մինչեւ 1928 մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Եգիպտոսի մէջ, ուր Լեւոն Շանթի հետ «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Միութիւն»ը հիմնելով՝ երկուքով անցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր 1930ին հիմնեցին Համազգայինի «Հայ Ճեմարան»ը։

Մինչեւ 15 Օգոստոս 1947ի իր մահը, Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնելով՝ Աղբալեան ծաւալեց թէ՛ մանկավարժական, թէ՛ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդեց Հայ Գրականութեան Պատմութիւն, Գրաբար հայերէն եւ Հայ Մատենագիտութիւն, նաեւ՝ Ժողովրդային Լսարաններ կազմակերպեց, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն ներարկէ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պաշտամունքը։

Այդ տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղան գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական իր արժէքաւոր գործերը։ Այդ շարքին՝ «Սայաթ-Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ Մատենագիտութիւն» դասագիրքը, «Մտածումներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին» կոթողական աշխատութիւնը ու համազգային հնչեղութեամբ առանձին դէմքերու, դրուագներու եւ հիմնահարցերու նուիրուած իր յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները։

Առիթով մը եւ Ճեմարանի առաքելութեան անդրադառնալով՝ Աղբալեան գրած է, թէ «Ճեմարանը մի տաճար է, ուր կ’աղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն»։ Հայացման մեծ առաքեալին համար, խորքին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդն էին «Ճեմարան»ը, ուր Աղբալեան Մեծ Հայուն անձը, կեանքն ու վաստակը անլռելի աղօթք մը եղան ի պահպանութիւն, օրհնութիւն եւ վերամկրտութիւն հայ հոգիի սրբութիւններուն։

Միեւնոյն ներշնչումով՝ Հայկական Ազատամարտի գաղափարական եւ բարոյական արժէքներուն անկրկնելի մեկնաբանն ու քարոզիչը եղաւ Աղբալեան, որ հաւատքի եւ ապրումի վերածեց ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը՝ զայն իբրեւ անկորնչելի աւանդ ներշնչելով ու սորվեցնելով հայոց իրերայաջորդ սերունդներուն։

Իր ծննդեան տարեդարձին առիթով՝ Ն. Աղբալեանի անձին, գործին ու մտածումներուն հետ հաղորդութեան այս կարճ պահը կ’արժէ շնչաւորել Աղբալեան Իրա՛ւ Մարդուն բնորոշ մարդասիրական հետեւեալ խոհերով.-

«… Մեր անհատապաշտ դարում յաճախ է պատահում, որ մարդիկ ընկերանում են՝ առանց մտածելու, թէ ընկերութիւնը փոխադարձ զիջում է, որ կա՛մ պէտք է սիրով կատարել, կա՛մ արդարութեամբ: Լաւ է, անշո՛ւշտ, որ սիրով կատարուի, այն ժամանակ հաշիւ չի պահուի, ինչպէս մայրն իր երեխայի հանդէպ, բայց գոնէ արդարութեամբ պէտք է զիջեն կողմերը, որ կարենան հաշտ ընթանալ: Զուր չէ, որ լուծ են ասել ամուսնութեան մասին, կամովին առած լուծ՝ կեանքի ակօսը վարելու: Բարդ է նոր մարդու հոգին եւ շատ զգայուն, սէրն անշուշտ ամենագէտ է եւ կարող է ամէն սուր անկիւն մաշել մեղմօրէն, բայց սէրն այնքան նոյնացած է հիմա սեռի հետ, որ անտեսւում է եւ մարդու աչքին երեւում է, որ կարող է կորցնել իր թարմութիւնը: Մարդը սիրելով կին պէտք է առնել եւ ոչ կին սիրելով մարդ որոնել նրա մէջ: Երբ մարդը սիրուի կնոջ մէջ՝ նա վախ չունի տարիքից, որին օգնել չեն կարող ոչ հագուստի նոր ձեւը եւ ոչ շպարը…

«Երկար ապրելու չէք. ամենաշատը հարիւր տարի. ուրիշ անգամ աշխարհ գալու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յետոյ գալու է յաւերժական խաւար եւ հանգիստ: Պէտք է խաղաղ ու սիրով անցնել կարճ ճամբան. հաշտ ու համերաշխ: Եթէ մարդիկ սովորութիւն դարձնեն վշտի, բարկութեան, սրտնեղութեան եւ սրանց նման պահերին անդրադառնալ, որ առջեւները մահ կայ՝ ամէն ինչ կը դիւրանայ եւ անսահման ներողամտութեամբ կը համակուեն ու թեթեւ կþապրեն այս աշխարհում: Ոմանք սարսափում են մահից, իմ աչքում նա մի մեծ բարիք է, որ անհունօրէն բարձրացնում է ամէն մի վայելքի եւ հաճոյքի արժէքը: Եթէ մտածենք, որ այսօրը անցնում է եւ վերադարձ չունի՝ պիտի զղջանք, որ այդ անցնող օրը դառնութիւն բերեց մեր պատճառով սրան կամ նրան, բայց մանաւանդ մեր սիրածին:

«Ինչ պիտի տար սրտնեղութիւնը, վիրաւորանքը, անուշադրութիւնը, արհամարհանքը, մռայլ կնճիռը, զայրացկոտ խօսքը, յարգանքի պակասը, հնարաւորի մերժումը եւ սրանց նման աննշան բաները, որ խանգարում են սիրած մարդոց ներդաշնակութիւնը. յաւիտեան ապրելո՞ւ ենք, միշտ երիտասա՞րդ պիտի մնանք, դիւրի՞ն է լաւ կին ու բարեկամ գտնելը. տիեզերական ուժերը վարում են մեզ դէպի մահ, ինչո՞ւ իրար սիրտ կոտրենք այդ խուճապի մէջ, ինչո՞ւ իրար չօգնենք, իրար վրայ չգուրգուրանք, իրար չսիրենք, խէթ-խէթ իրար նայելով, իրար զարկելով, իրար սիրտ կոտրելով աւելի դանդա՞ղ պիտի վարէ տիեզերքը մեզ դէպի մահ, նա, որ չգիտէ իսկ, թէ մարդիկ սիրել ու ապրել գիտեն»…։

Ն.