Ակնարկ. Հանգուցալուծումները` Իրաւական Դաշտին Մէջ

Վարչապետ Փաշինեան իւրայատուկ ձեւաչափ իրականացուց` համաժողովրդային հանրահաւաքին ներկայացնելով կառավարութեան անցած 100 օրուան ուղին եւ որոշակի նախանիշեր` հետագայ գործունէութեան:

Քաղաքագիտական առումով քանի մը դիտարկային կէտեր կրնանք նկատել.

Յայտարարելով ուղղակի ժողովրդավարութեան մոտել կամ ուղղակի ժողովրդաիշխանութիւն, պարզ կը դառնայ, որ այս եղանակը` նման հանրահաւաքներ կազմակերպելով հանդէս գալու, զեկուցելու եւ յառաջիկայ ընելիքները պարզելու, պիտի ունենայ շարունակականութիւն:

Նկատի ունենալով, որ երկրի կառավարման համակարգը խորհրդարանական է, անհրաժեշտ է նոր ձեւաչափն ու սահմանադրական ընթացակարգերը` հաշուետուութեան, գործունէութեան ներկայացման եւ նախագծման առումով համատեղել, համադրել: Այստեղ կայ ուղղակի եւ անուղղակի ժողովրդավարական համակարգերը զուգահեռականացնելու նուրբ խնդիր, որ հակասութիւն չի ստեղծեր, մինչեւ այն պահը, որ հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարուածները հիմնովին չեն տարբերիր խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրներէն: Այստեղ ի հարկէ զգուշաւոր եւ հաւասարակշիռ մօտեցում պէտք է. երկիրը խորհրդարանական կառավարման համակարգ որդեգրած է եւ պէտք է աշխատիլ այնպէս, որ խորհրդարանի քննարկումները, որոշումները, գործադիր-օրէնսդիր-արդարադատական փոխհակակշռումները սահմանադրութեան ճշդած իրաւադրոյթներու հիման վրայ լիարժէք աշխատին:

Ուղղակի ժողովրդավարութեան կիրարկման ուղղութեամբ յատուկ օրինակ ներկայացուեցաւ արցախեան հակամարտութեան լուծման տարբերակը հրապարակի վրայ քննարկելու մօտեցումը: Նման ճակատագրորոշ խնդիրներու պարագային ոչ նուազ ժողովրդավարական, ուղղակի ժողովրդային կամարտայայտութեան դրսեւորում կ՛իրականացուի հանրաքուէով: Գործող Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի կազմակերպման կարելիութեան իրաւադրոյթ ճշդած է արդէն:

Քաղաքագիտական առումով նոր մոտելի կամ նոր ձեւաչափի առաջադրման ընթացքին վարչապետը փորձ կատարած է ներառելու սահմանադրական եւ իրաւական կարելիութիւնները:

Խորհրդարանի եւ հանրահաւաքի միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքերը կը նեղնան, երբ ըստ էութեան կայանան ազատ, արդար եւ թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններ, երբ ժողովուրդը համոզուի, որ գործող խորհրդարանը ժողովուրդի ներկայացուցիչներու օրէնսդրական մարմինն է:

Յայտարարութեան մէջ յատուկ նոր բաժին վերապահուած էր նաեւ արդարադատական համակարգին. խօսքը կը վերաբերի անցումային արդարադատութեան: Շեշտադրումը` թէ անցումայինը պէտք չէ շփոթել արտակարգ դատարաններուն հետ, այս պարագային բաւարար չէ պատկերացում կազմելու եւ մանաւանդ այսօրուան գործող եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած արդարադատական համակարգի հետ հաշտեցնելու միտուած նոր դրոյթի մասին:

Անցումային արդարադատութիւնը միջազգայնօրէն կիրարկուած դրութիւն է: Առանց խորանալու իրաւագիտական մանրամասնութիւններու մէջ, պարզապէս այս փուլին անհրաժեշտ է պարզաբանել, թէ արդեօ՞ք երկրին մէջ առկայ է համատարած ճգնաժամ, որ յառաջացուցած է իշխանութիւններուն համար անկարողութիւն` յաղթահարելու տարբեր բնոյթի անօրինական գործողութիւններու իրաւաքրէական հանգուցալուծումներ ապահովելը:

Մեր երկիրը թեւակոխեց եւ կը շարունակէ թեւակոխել ճգնաժամային փուլեր: Այդ ճգնաժամերու հանգուցալուծումները ընթացան եւ կը շարունակեն ընթանալ բացառապէս իրաւական ընթացակարգերով: Օրէնքի գերակայութիւնը, Սահմանադրութեան անհպելիութիւնը իբրեւ առաջնային սկզբունք հարկ է, որ շարունակեն ուղենշել ինչպէս իշխանութեան, այնպէս նաեւ հասարակութեան կողմէ ձեռնարկուելիք բոլոր գործողութիւններն ու քայլերը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել