- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Լիբանանհայության խնդիրներ եւ համադաշնակցական ընտանիք

23.08.2018 ֊ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերության «Երկիրն այսօր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հակոբ Բագրատունին:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումին լոյսին տակ, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ այդ հանդիպումին մանրամասնութիւններուն, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններու եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ամրապնդման, Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան ներկայ իրավիճակին:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին Լիբանանի կարեւոր մէկ օղակը, Ն. Փաշինեանի հետ հանդիպումը անհրաժեշտ էր, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կատարուած վերջին փոփոխութիւնները` Թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ եւ իր ակնկալութիւնները ունի թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ սփիւռքեան տարբեր գաղութներու մէջ, ուր Դաշնակցութիւնը իր ներկայութեամբ ազդեցիկութեան որոշ մակարդակ ունի:

«Մեր փափաքն էր հանդիպիլ, եւ այդ հանդիպումը շատ արագ կազմակերպուեցաւ: 45 վայրկեան տեւած հանդիպումը բացառիկ անկեղծութեան, կարելի է ըսել նաեւ ընկերական մթնոլորտի մէջ ընթացաւ: Հանդիպումին Լիբանանի մեր կազմակերպութեան եւ լիբանանահայութեան անունով մեր զօրակցութիւնը արտայայտեցինք վարչապետին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ թէ այլուր չկայ դաշնակցական մարդ, որ յեղափոխութեամբ չխանդավառուի: Ասիկա կարելի է հաստատել նկատի ունենալով մանաւանդ այն իրականութիւնը, որ անցեալին` մեր զանազան կեցուածքներով, որոնք կը վերաբերէին տարբեր վարչակարգերու, ինչպէս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի թէ Սերժ Սարգսեանի օրերուն, ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի` գաղափարական ենթահողէ մեկնած ունեցած են յստակ կեցուածքներ` փտածութեան, սակաւապետութեան, մենաշնորհներուն եւ արտագաղթի դէմ, անհրաժեշտութիւն նկատելով, որ նման սխալ դրոյթներ սրբագրուին եւ հայրենադարձութեան նկատմամբ դրական կեցուածքներ արձանագրուին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը ընդգծած է անհրաժեշտութիւն մը, որ արժանացած է Նիկոլ Փաշինեանի ամբողջական համաձայնութեան:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անհրաժեշտ նկատեց երկխօսութեան եւ գործընկերութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ կան մարդիկ եւ քաղաքական տեղական թէ արտաքին ուժեր, որոնք պիտի չփափաքին, որ այս յեղափոխութիւնը յաջողի: Իսկ յեղափոխութեան յաջողութեան նախապայմանը անկեղծութիւնն է, այլ խօսքով` գործընկերներու միջեւ ըսել այն, ինչ որ ուրիշներ պիտի մերժեն ըսել: Վերջին հաշուով միայն դրական արտայայտութիւններն ու գովաբանութիւնները յաճախ քաղաքական կեանքին մէջ անպայմանօրէն սիրել չեն նշանակեր: Երբեմն անհրաժեշտ է նաեւ խօսիլ բացթողումներու մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական ճիգով առաջնորդուիլ նման յեղափոխութեամբ մը, որ կարեւոր էր, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ հաւաքական ճիգով Հայաստանը եւ Արցախը ամրացնել: Մեզի համար կարեւոր են նաեւ Արցախն ու արցախահայութիւնը եւ անոնց անվտանգութիւնը: Այս կէտին շուրջ եւս վարչապետ Փաշինեանի հետ կեցուածքներու երկուութիւն չկար, այլ իրեն համար Արցախի պաշտպանութիւնը կարեւոր է, եւ ան պատրաստակամ է, որ Արցախի վերաբերող որեւէ նոր առաջարկ կամ դրոյթ քննարկուի քաղաքական անկեղծ եւ առողջ մթնոլորտի մէջ` ազգային քաղաքական կողմերու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին վարչապետ Փաշինեան բեմերէն բազմիցս յայտարարած է, թէ ինք պատրաստ է ընդառաջելու այն բանին, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ, բնականաբար այս պարագային ամբողջ ժողովուրդով կարելի չէ կատարել այդ մէկը, այլ` ժողովուրդի ներկայացուցիչներու հետ, որ բնական երեւոյթ է ժողովրդավարական կարգեր վայելող երկիրներուն համար», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հանդիպումին ընթացքին ինչո՞ւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը կը բացակայէր, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ վարչապետ Փաշինեանի հետ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հանդիպումը ամբողջութեամբ համակարգուած էր Գերագոյն մարմինին հետ: «Մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընտանիքի սփիւռքեան մէկ թեւը` ժամադրութիւն խնդրած էինք, հետեւաբար ոչ մէկ հարց կայ Հայաստանի մէջ գործող Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներուն բացակայութեան առումով: Կ՛ենթադրեմ, որ կառավարութեան մէջ ՀՅԴ-ի նախարարներուն հետ յաճախ հանդիպումներ կ՛ըլլան, հետեւաբար ոչ մէկ անպատեհութիւն նկատեցինք, որ Նիկոլ Փաշինեան կրնայ հանդիպիլ դաշնակցական ոեւէ ներկայացուցչութեան հետ` նախ եւ առաջ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը», նշեց ան:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը վարչապետին հաստատած է իր տրամադրութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը իր կարողութիւններով օժանդակելու Հայաստան – Լիբանան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին, տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ամրացումին եւ օժանդակելու որեւէ հարցի, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը իր ներկայացուցիչներուն միջոցով կրնայ մեզմէ խնդրել: «Օրինակի համար իսլամական համաժողովներու ընթացքին մենք աշխատանք տարած էինք Լիբանանի մէջ, որ գէթ ի վնաս Հայաստանի եւ Արցախի կեցուածքներ չորդեգրուին այդ համաժողովներուն ընթացքին: Նման եւ այլ հարցեր կը պատահին. մենք տրամադիր ենք այդ ընթացքով շարունակելու, ինչպէս նաեւ տրամադիր ենք մեր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու հայրենի իշխանութիւններու տրամադրութեան տակ, որովհետեւ ի վերջոյ մենք բոլորս մէկ գործի եւ մէկ նպատակի նուիրուած ենք: Թէ ի՞նչ են կարելիութիւնները այս բոլորը կատարելու. անոնք շատ են: Սկսելով զբօսաշրջութեան ոլորտէն` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարը եւս կ՛ընկերակցէր Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան: Զբօսաշրջութեան մարզին մէջ կարելի է հսկայ աշխատանք տանիլ, յատկապէս Լիբանան-Հայաստան փոխադարձ զբօսաշրջութիւն կատարելու իմաստով: Այս շրջագիծին մէջ մեծ ուրախութիւն էր նկատել, որ անցնող մէկ-երկու ամսուան ընթացքին Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ շաբաթական տասը թռիչք կը կատարուի, եւ այդ թռիչքներուն կէսին ոչ հայ այցելուներ, այլ խօսքով` լիբանանցի տեղացիներ կ՛ուղղուին Երեւան` զբօսաշրջութեան: Մեր կեցութեան ընթացքին, պանդոկին մէջ եւս նկատեցինք ոչ հայ լիբանանցիներ: Ասիկա ուժ մըն է, որ մենք կրնանք ներդրել: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ գիտական-կրթական, մշակութային, տնտեսական եւ այլ մարզերու: Յիշեցնենք նաեւ, որ քանի մը ամիս առաջ, երբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին հետ Հայաստան այցելած էինք, քննարկուեցաւ նոյնիսկ զինուորական մարզին մէջ գործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնը: Կարելիութիւնները մեծ են, սակայն անհրաժեշտ է համակարգել աշխատանքը, որպէսզի ճիգերը յումպէտս չվատնուին, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է, որ նման ճիգեր միայն անհատներու ճամբով չկատարուին, որովհետեւ երբեմն այդ անհատներն են, որ ճիշդ ուղեկցութիւնը կրնան չկատարել, եւ աշխատանքը կը մնայ առեւտրական մակարդակի վրայ: Բնականաբար, երբ կուսակցութեան եւ քաղաքական ուժի հետ է աշխատանքը, շատ աւելի դրական արդիւնքներու կը հասնի անիկա», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

«Հայաստանի տնտեսութիւնը որքանո՞վ կը հետաքրքրէ լիբանանցի ներդրողին» հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ատիկա կարելի է փոխշահաւէտ իմաստով: Օրինակ` երկրագործութեան մարզին մէջ մեծ նմանութիւններ կան Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ: Կարելիութիւններ կան ճարտարարուեստի մարզին մէջ` տարբեր արտադրութիւններու իմաստով: Այլ կարելիութիւն մըն է նաեւ արհեստագիտութիւնը, ուր երկու երկիրները իրենց փորձառութեամբ կրնան օժանդակել իրարու: Կարեւորը սակայն այն է, որ կարենանք միասնաբար կազմակերպել եւ ծրագրել, թէ ի՛նչ պիտի ընենք», յայտնեց ան:

«Ի՞նչ է Հայաստանի իշխանութիւններէն ակնկալուածը» հարցումին Յ. Բագրատունի պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Օրինակի համար, երբ կը խօսինք տնտեսական ֆորումներու մասին, մեր ակնկալութիւնն է եւ նպատակը, որ այդ ֆորումները կազմակերպուին յաւելեալ լրջութեամբ եւ յանձնառութեամբ` ապահովելով անոնց հետեւողականութիւնը: Չի բաւեր, որ առիթով մը վարչապետ մը կամ նախարար մը այցելէ Լիբանան, կամ` հակառակը: Անհրաժեշտ է, որ յարաբերութիւնները տեւական ըլլան, եւ աշխատանքը շարունակուի: Սակայն եթէ կ՛ակնարկէք Հայաստանի իշխանութիւններէն ընդհանրապէս ակնկալուածին, ապա կը հաստատեմ, որ իբրեւ հայ եւ իբրեւ դաշնակցական մարդիկ, ուր որ ալ գտնուինք, կարենանք Հայաստանի մէջ օրէնքի, ժողովրդավարութեան, արդարութեան, արդարադատութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով իշխանութիւններ ունենալ, որ իսկական ազատութիւն եւ անկախութիւն հաստատէ այս երկրին մէջ»:

Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անձամբ պիտի մասնակցի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 11-12 հոկտեմբերին: Ան աւելցուց, որ նախագահ Աունի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը տակաւին չէ որոշուած, որովհետեւ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին ընթացքի մէջ է: «Լիբանանի օրէնսդրութեան համաձայն, կառավարութիւնը կը ճշդէ հանրապետութեան նախագահին հետ մեկնող պատուիրակութեան անդամները: Կը յուսանք, որ մինչ այդ կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ, այլապէս` սահմանադրական այլ ելքեր կան: Հանրապետութեան նախագահին հետ մեր վերջին հանդիպումին ան հաստատեց վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը: Հանրապետութեան նախագահին ընկերակցող լրատուական անձնակազմը արդէն իսկ պատրաստ է` լաւագոյն ձեւով այս այցելութեան արձագանգելու եւ զայն արդիւնաւորելու նպատակով», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ նման վեհաժողովներ եւ համագումարներ ընդհանուր բանաձեւումներով դուրս կու գան, սակայն հոն կարեւոր է, որ առանձին հանդիպումներու ճամբով կարելի ըլլայ խթանել նախապէս ստորագրուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը: «Այս առումով տեղեակ ենք նաեւ, որ մօտիկ ապագային Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առընթեր, հանդիպում մը կրնայ կատարուիլ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ: Օգտակար է ասիկա, եւ նման աշխատանքներու յաջողութեան համար, պէտք է նման հանդիպումներ կատարուին», նշեց Յ. Բագրատունի:

Լիբանանահայութեան ներկայ իրավիճակին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ 6 մայիսին կատարուեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, 21 մայիսին նորընտիր խորհրդարանը ստանձնեց իր լիազօրութիւնները եւ նոյն օրն իսկ կառավարութիւնը իր հրաժարականը տուաւ` ըստ սահմանադրութեան: «Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վերանշանակուեցաւ վարչապետ` 111 երեսփոխաններու առաջադրանքով, սակայն ցարդ կարելի չէ եղած կառավարութիւնը կազմել` նկատի ունենալով Լիբանանի քաղաքական ուժերն ու նախարարներու յաւելեալ թիւի եւ նախարարութեան տեսակի ակնկալութիւնները: Չմոռնանք, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է: Թէ՛ համայնքներու, թէ՛ շրջաններու եւ թէ՛ կուսակցութիւններու բաժանումը կայ, որ պէտք է ներկայացուի կառավարութեան մէջ: Նոր կառավարութիւնը պիտի ըլլայ 30 նախարար հաշուող նախարարական կազմ մը, որուն մէջ հայ համայնքը պէտք է ներկայացուած ըլլայ երկու նախարարներով: Իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչներ, մենք մէկ նախարար ունենալու իրաւունքը ձեռք ձգած ենք արդէն: Կը մնայ երկրորդ հայ նախարարը, որ պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահը կամ վարչապետը ներկայացնող խմբակին մէջ: Դժբախտաբար վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը չկրցան իրենց թեկնածուները յաջողցնել: ՀՅԴ-ն իր առաջադրած չորս թեկնածուներէն երեքը կրցաւ յաջողցնել: Պեքաայի մէջ կարելի չեղաւ այդ շրջանի հայութեան մեծամասնութիւնը ներկայացնող հայ թեկնածուին յաղթանակը ապահովել: ՊԷյրութի մէջ քաղաքացիական ընկերութենէն ընտրուեցաւ մէկ թեկնածու, նաեւ ոչ հայկական Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն ընտրուեցաւ մէկ այլ հայ երեսփոխան: Յամենայն դէպս Լիբանանի մէջ մենք ունինք քաղաքական մեր ներկայացուցչութիւնը, ժողովրդային ներկայացուցչութիւնը եւ կ՛ենթադրեմ, որ մեր համայնքի իրաւունքները կը շարունակեն մնալ ապահովուած», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան աւելցուց, որ ներկայ խորհրդարանին պարագային ՀՅԴ-ն իր ներկայացուցիչը ունեցաւ խորհրդարանի դիւանին մէջ: Ունեցաւ կրթութեան յանձնախումբի քարտուղարի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու, տնտեսական հարցերու եւ երիտասարդութեան հարցերու յանձնախումբերուն մէջ իր ներկայացուցչութիւնը: «Կ՛ենթադրենք, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք մեր աշխատանքները պիտի բազմապատկուին: Մեր աշխատանքները միայն խորհրդարանին մէջ չեն, այլ անկէ դուրս` ժողովուրդին հետ աշխատանքներ ունինք` Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին ընդմէջէն: Անիկա ծառայութեան գրասենեակ է` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, առողջապահական եւ կենցաղային` լիբանանահայերու եւ սուրիահայերու համար: Այդ աշխատանքը այսօր բազմապատկուած է, նոր գրասենեակներ հաստատելու եւ նոր ժամանակացոյցեր ճշդելու առաջադրանքներ ունինք եւ կը յուսանք, որ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Լիբանանի մէջ լաւ օրեր կը սպասեն բոլորիս», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

«ԱԶԴԱԿ»