«Օ. Թի. Վի.»-ի Զրոյցը` Երեսփոխան Բագրատունիի Եւ Նախարար Կիտանեանի Հետ

Երէկ երեկոյեան «Օ. Թի. Վի.»-ի արաբերէն լուրերուն ընթացքին ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Երեւան գտնուող կայանի թղթակից Ապտօ Հելուի հետ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան Հայաստան տուած այցելութեան նպատակին մասին ամփոփ զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ:

Երեսփոխան Բագրատունի տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած են թաւշեայ յեղափոխութիւն կատարած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, որուն հետ անդրադարձած են այս յեղափոխութեան, որուն նպատակները կը համընկնին Դաշնակցութեան ընդհանուր սկզբունքներուն` ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի փտածութեան դէմ պայքարին, Հայաստանէն արտագաղթին, մանաւանդ որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ նմանութիւններ կան արտագաղթի, արտերկրի մէջ ապրող քաղաքացիներու առումով: Անոր համաձայն, ուր ալ գտնուին, թէկուզ կուսակցական առաքելութեամբ, անպայման անդրադարձ պիտի կատարեն Լիբանանին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հիմնական բաղադրիչ է Լիբանանի մէջ, նաեւ ունի իր քաղաքական կշիռը: Այս առումով անոնք վերահաստատած են Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով իրենց ներդրումը ունենալու պատրաստակամութիւնը, մանաւանդ որ նախագահ Աունի ամիսներ առաջ Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին իրենք եւս կ՛ընկերակցէին անոր, եւ այդ ծիրին մէջ բազմաթիւ համաձայնագիրներ ստորագրուեցան: Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ նկատի ունենալով, թէ այս այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, անդրադարձ կատարուեցաւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի զարգացման, մանաւանդ որ այս քայլով կարելի է աշխուժացնել լիբանանեան տնտեսութիւնն ու զբօսաշրջութիւնը, յատկապէս երբ Լիբանանի մասին այսօր կը խօսուի հիմնականին մէջ ժխտական երեւոյթներու դիտանկիւնէն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը ուզած է նոր շունչ եւ պատկեր փոխանցել` ջրելով այդ ժխտական մթնոլորտն ու տարաձայնութիւնները:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին հետ` նշելով, որ լիբանանեան եւ հայկական սփիւռքներուն միջեւ նմանութիւնները առկայ են: Յակոբ Բագրատունի աւելցուց, որ այս բոլորին մասին պիտի խորհրդակցին Լիբանանի նախագահին եւ վարչապետին հետ: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ հոկտեմբերին Լիբանանի նախագահը պիտի մասնակցի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Թղթակիցը նախարար Կիտանեանին հարցուց, թէ այսօր ի՞նչ կը կատարուի Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ստեղծուած կացութիւնը: Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, թէ տեղի ունեցածին պատճառը այն է, որ լիբանանցիներու, արտերկրի լիբանանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կայ այսօր, իսկ Պէյրութի միջազգային օդակայանը կառուցուած է այնպէս, որ ան տարեկան 6 միլիոն անձ ընդունի, մինչդեռ վերջերս միայն 6 ամսուան մէջ այս թիւը կ՛արձանագրուի, ուստի կարիք կայ օդակայանի ընդարձակման: Անոր համաձայն, մինչեւ այդ պէտք է յատուկ ծրագիր մշակել` փոխադրութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ, որպէսզի փորձ կատարուի այս խճողումը թեթեւցնելու, որովհետեւ կարելի չէ տարիներ սպասել ընդարձակման ծրագիրի իրականացման համար: Ուստի ան յարմար նկատեց մտածել երկրորդական օդակայաններու գործարկման մասին, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ նաեւ տարբեր շրջաններու տնտեսութեան աշխուժացման: Ամէն պարագայի, ան հաստատեց, որ այս երեւոյթը դրական է ու լաւատեսական:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել