Վահէին Յիշատակին… (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՓԱՌԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

1981-ի աշնան, ուսումս ամբողջացնելու միտումով, որոշեցի երթալ Լիբանան եւ հետեւիլ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսումնական քառամեայ ծրագրին:

Այնտեղ էր, որ առաջին անգամ հանդիպեցայ Վահէին` ի շարս այլ տղոց ու աղջիկներու, որոնք նոյն նպատակով ժամանած էին Պէյրութ այդ տարիներուն:

Այդ օրերուն պարսկահայ ուսանողներուն թիւը կը գերազանցէր այլ երկիրներէ եկած ուսանողները, որոնց համար իբրեւ հանրակացարան` տրամադրուած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի շէնքերէն մին` օժտուած գիշերօթիկի բոլոր յարմարութիւններով:

Դժուար օրեր էին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր, եւ անապահովութիւնը համատարած երեւոյթ էր ամբողջ երկրի տարածքին:

Ճեմարանը (Արեւմտեան Պէյրութ) այդ տարիներուն շրջապատուած էր բազմաթիւ զինեալ խմբաւորումներով, որոնք կը տիրապետէին շրջակայ թաղերուն եւ յաճախ բախումներ կ՛ունենային իրարու հետ: Պէտք էր արթուն ըլլալ եւ ապահովել Ճեմարանի ու շրջանի հայութեան անվտանգութիւնը: Ճեմարանէն ներս ապահովական այս աշխատանքի պատասխանատուն Վահէն էր: Ամէնօրեայ հերթական պահակութիւնը կազմակերպող, ապահովական կացութեան հսկող, աչալուրջ գործին հետեւող ու ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնած անձը Վահէն էր, որ հակառակ իր բազմազբաղ առօրեային` այս ծանր աշխատանքը եւս վերցուցած էր իր ուսերուն:

Մեր առօրեան նոյնն էր եւ նոյնը մնաց տարիներ շարունակ: Նոյն տղաքը` նոյն աշխատանքին մէջ: Կը քնանայինք նոյն սենեակին մէջ (հազիւ քանի մը ժամ, մնացեալ ժամանակը պահակութեան ժամեր էին..): Առաւօտեան միասին պիտի երթայինք աշխատանքի (ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի անձնակազմի կիսաժամ անդամ էինք), կէսօրէ ետք պիտի հետեւէինք հայագիտականի դասընթացքներուն: Կիրակի օրերը` «Զաւարեան» ուսանողական միութեան հերթական ժողովներն էին, պէտք էր ժողովի երթալ եւ մասնակցիլ ժողովներէն բխած յանձնախումբերու աշխատանքներուն:

Երիտասարդ էինք: Շրջապատն ու մթնոլորտը այնքան ոգեւորող էին, որ այս բոլոր աշխատանքները սիրայօժար եւ մեծ հաճոյքով կը տանէինք: Մեզի համար Ճեմարանն ու «Արա Երեւանեան» ակումբը դարբնոց էր այդ օրերուն, եւ կը փորձէինք առաւելագոյնը օգտուիլ մեզի ընծայուած այդ առիթէն:

Նոյն ժամանակաշրջանը զուգադիպեցաւ նաեւ Հայ դատի զինեալ պայքարի ժամանակահատուածին, երբ Արդարութեան մարտիկներ աշխարհով մէկ հարուածեցին թուրք դիւանագէտներ: Նոյն տարիներուն ունեցանք նաեւ կորուստներ ու նահատակներ, որոնք զոհ գացին հայազգի թրքամէտ ուժերու սադրանքներուն: Երեք տարի շարունակ Վահէին հետ միասին ապրեցանք պատերազմական այդ մթնոլորտին մէջ, որմէ ետք, 1984-ին հարկադրուեցայ հեռանալ Լիբանանէն, բայց Վահէն շարունակեց մնալ այնտեղ` մինչեւ Հայաստան փոխադրուիլը:

Մեր կապը որոշ ժամանակով թէեւ ընդհատուեցաւ, բայց ապրուած դժուարին օրերու առթած հոգեկան խռովքը կարելի չեղաւ շրջանցել, եւ նոյն մտերմութիւնը միշտ ալ կը վերանորոգուէր, ամէն անգամ որ հանդիպէինք իրարու (Լիբանան թէ Հայաստան): 2008-էն ասդին Հայաստան այցելութիւններս եղան աւելի յաճախակի. պատճառներէն մէկն ալ Վահէին այնտեղ գտնուիլն էր: Վահէն յիրաւի դարձած էր մեր (իմ եւ մեր շրջապատին) խորհրդատուն Հայաստանի մէջ: Այնտեղի անցուդարձերէն անտեղեակ` յաճախ կը դիմէինք Վահէին` մեր բոլոր տալիք որոշումներուն կապակցութեամբ, եւ ինք միշտ պատրաստ էր իր ցուցմունքներով օգտակար դառնալու մեր ծրագիրներուն, հայրենիքին նկատմամբ իր ունեցած լաւատեսութիւնը կը փոխանցուէր մեզի բոլորիս` խանդավառելով եւ վարակելով մեզ նոյն լաւատեսութեամբ:

Վահէն իր ամբողջ կեանքի ընթացքին միշտ հեռու մնաց բոլոր տեսակի ցուցական երեւոյթներէ եւ անտեղի փառասիրութիւններէ: Հաւատաց միմիայն գործի ուժին, քան` խօսքի անզօրութեան ու խաբկանքին:

Իր համեստ ու ազնիւ նկարագրով վարակեց իր շրջապատը ու միշտ նախընտրեց աշխատիլ բեմերէ ու ամպիոններէ հեռու, վարագոյրներու ետին, եւ մութ անկիւններու մէջ: Երբեք չունեցաւ ցուցական աշխատանք, երբեք ուշադրութիւն չգրաւեց իր վրայ, այլ միշտ հաւատաց կուսակցական բծախնդիր աշխատանքին:

Սիրելի՛ ընկեր,

Բացակայութիւնդ ընկճող է այն աստիճան, որ ոչ ոք կրնայ փոխարինել քեզ…

Անժամանակ մահդ մեծ հարուած էր բոլոր քեզ ճանչցողներուն: Գործդ կիսատ թողած` հեռացար: Ետիդ թողուցիր քեզ այնքան սիրող հարազատներդ ու ընկերներդ: Հեռացար ու քեզ հետ տարիր տարիներու փորձառութիւնդ, գործին մէջ հմտութիւնդ ու մտքի հասունութիւնդ: Հեռացար` խուճապի մատնելով ողջ շրջապատդ…

Սակայն իմացի՛ր, թէեւ ֆիզիքապէս հեռացար, բայց չես կարող դուրս գալ մեր սրտերէն:

Դու պիտի մնա՛ս մեր մէջ` իբրեւ մնայուն ներկայութիւն: Այն փոսը, որ բացիր մեր հոգիների մէջ, դուն միայն կարող ես լեցնել քո մնայուն ներկայութեամբդ, երբ այնտեղից կը վտարես վիշտն ու ցաւը ու դուն ինքդ կայք կը հաստատես այնտեղ, քո ամբողջ էութեամբդ ու ամբողջ հմայքովդ:

Մահուան գաղափարին հաւատացողը կը հաւատայ նաեւ անմահութեան գաղափարին եւ դու անմահ ես մեզ համար:

Թող լոյս իջնի շիրիմիդ ու հողը թեթեւ գայ վրադ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել