- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Վահէին պարտեզը

(Վահէ Յարութիւնեանի մահուան քառասունքին առիթով)

ԶԱՒԷՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Մասաչուսէց

Չեղաւ, չպատահեցաւ…չստացուեց:

Բազմիցս խոստացած էի այցելել Վահէին պարտէզը, բնագաւառ մը կամ աւելի մօտիկ ըլլալով բնութեան՝ գործունէութեան դաշտ մը, որ սրտիս երբեք չէ խօսած: Միշտ ալ քաղաքի մէջ ապրած ըլլալով վարժուած եմ պոռչտուքի, երթեւեկի, իրարանցում, փոշիի, ձայնի, բաղաձայնի, աղմուկի եւ շարունակ աղմուկի:

Տարբեր էր Վահէին հորիզոնը: Ան ակնածանքով եւ խանդով կ՚անդրադառնար, թէ որքա՜ն հաճելի էր կապուիլ հողին, յատկապէս հայրենի հողին. զայն ջրել, խնամել, մշակել… «դաստիարակել»: Իր սրտին խօսած պարտէզ մը, ուր պիտի աւարտէր իր կեանքը․․․ այդ նոյնինքն սիրտը իրեն դաւաճանած ըլլալուն պատճառաւ։

Միշտ ալ կարճ տեւողութիւն ունէր Երեւան այցելութիւնս, այնքան մը որ ըստ Վահէին բացատրութեան եւ սրամտութեան, այն օդանաւով որ կը ժամանէի, այդով ալ կը մեկնէի: Շատ կ՚ուզէր որ երկար ժամանակ ստեղծուէր եւ այցելէի իր այդ պարտէզը:

Մայիսեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան առթիւ միեւնոյն օդանաւով պիտի չվերադառնայի եւ գրեթէ շաբաթ մը մնայի եւ կը կարծէի թէ այս անգամ ի վերջոյ առիթ պիտի ունենայի Վահէին մշակած պարտէզը այցելելու: Սակայն, չեղա՜ւ:

Անգամ մը եւս առիթ չեղաւ անոր ջրած պարտէզը ըմբոշխնելու:

*

Ընդդիմատետրի ընկերս էր, շատ մօտիկ ընկերս՝ Վահէն:

Ինքը…ՀՈՆ իր հանգչած տեղէն, փոքր ժպիտ մը դէմքին … շուտով հասկցաւ ըսածս, սակայն կարդացողին համար հաւանաբար կարճ բացատրողական մը աւելի յստակացնէ, թուղթին յանձնուած այս քանի մը տողերը:

Միշտ ալ կը կատակէի Վահէին հետ, թէ այնքան ատեն որ անգործ չեմ, ամուսնալուծուած չեմ, հիւանդ չեմ եւ … դեռ ողջ եմ, պիտի չունենամ Ֆէյսպուք՝ դիմատետր, այսինքն պիտի ունենամ ընդդիմատետր:

Եւ հակառակ այս գոյավիճակին, կարծես օրական կապ կը հաստատէինք: Աւելի զարմացնեմ ընթերցողն ու անմիջական ծանօթներն ու պարագաները, ել-նամակով ալ հետեւողական կերպով կապ չէինք հաստատեր, նոյնիսկ ընկալուչն ալ սակաւաթիւ անգամներ կը վերցնէինք, սակայն երբ որ հանդիպէինք, կարծես դեռ երէկ իրարու հետ երկար զրուցած էինք:

*

Շատեր պիտի գրեն հաւատաւոր կուսակցական, ազգային տիպար Վահէի մասին: Պիտի անդրադառնամ իր անձին մասին, շատ աւելի դժուար պարտականութիւն մը, մանաւանդ որ մօտէն ծանօթ ըլլալով իր նկարագրին, ան միշտ ալ լռիկ-մնջիկ տիպար մը եղած է, եւ խուսափած երեւնալու այդ տենդէն:

Եօթանասունականներու աւարտին, Պարսկաստանէն ժամանած էր ան, տասնեակ մը ընկերներու հետ «Համազգային»ի հայագիտական հիմնարկէն ներս մասնագիտանալու: Քաղաքական իրադարձութիւնները պատճառ դարձան որ Վահէին բերած օդանաւը զինք Լիբանան փոխադրէ եւ հոն ալ ձգէ: Այսպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, որ յետագային շատ աւելի խորացաւ «Ազդակ»-ի երդիքին տակ եւ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ:

Ընկերային միջավայր մը ստեղծած էինք: Տարբեր ձիրքեր, զբաղումներ ու հետաքրքրութիւններ: Թուղթ խաղալ, ժամեր շարունակ ուտել, խմել ու ճառախօսել… այս բոլորը չէինք սիրեր:

Կը նախընտրէինք դիտել եւ ո՛չ դիտուիլ, նաեւ ունկնդրել, եւ ո՛չ ունկնդրուիլ, կարդալ ու կարդալ…:

Եւ այսպէս միասին կ՚ունկնդրէինք երաժշտութիւն եւ բազմիցս կ՚ուղղուէինք շարժապատկերի սրահ, ըմբոշխնելու համար ոչ հոլիվուտեան աւելորդաբանութիւններ:

Մեր նախասիրած շարժապատկերի սրահը Քլեմանսօն (այժմ փակուած) էր, ուր բացի ցուցադրուող ժապաւէններէն, ամէն բան լքուած, փոշիածածկ եւ ապականած էր: Ի դէպ, ցուցադրուող ժապաւէններն ալ նոր պատրաստութիւններ չէին, բայց մակարդակ ունեցող գործեր էին, որոնք կրկին անգամ կը ցուցադրուէին: Իսկ ամենէն աւելի կարեւորը, միշտ ալ պարապ էր այդ սրահը՝ մեր օրերու «Cinema Paradiso»-ն, ուր պաստառը լուսաւորող ոսպնեակին խշռտոցը, շատ աւելի մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր: Այսպէս, լաւապէս բազմած եւ իրարմէ հեռու կ՚ըմբոշխնէինք ցուցադրուող ժապաւէնը:

Հոն, Չեփլինը կարծես գետին ինկած ծաղիկը, կոյր աղջկան յանձնելու ժամանակ, մեզի ալ կը դիտէր եւ համակրելի պեխին փոքր շարժում մը տալով կը ժպտար, այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ միացէ՛ք ինծի եւ դուք ալ օգնեցէ՛ք այս դժբախտ աղջկան: Իսկ Նիւ Եորքի թաքսիի խենթուկ վառորդ Ռապըրթ Տը Նիրօն, հայելիի ընդմէջէն իր զայրոյթը մեզի ալ կը յայտնէր «Are you talking to me?» մը հարցադրելով եւ զէնքով սպառնալով:

*

Տարիներ ետք․․․ գործ, ամուսնութիւն, ընտանեկան կեանք… փոխուած էր Վահէին շաբաթավերջի զբաղումը։

Այսպէս, իր բոլոր հոգերն ու մտահոգութիւնները մէկդի դրած, յատկապէս Կիրակի օրերը մշակ-բանուոր Վահէն կը ջրէր ու կը մշակէր իր պարտէզը: 17-րդ դարաշրջանէն Վոլթէրեան պարզ փիլիսոփայական «Մշակենք մեր պարտէզը» («Քանտիտ») հասկացողութիւն մը, որ ան կը կիրարկէր… դարեր ետք:

Զանազան տեսակի բոյսեր, պտուղներ ու թուփեր կը մշակէր ան: Ու կը ջրէր, շարունակ կը ջրէր: Ան լաւապէս հոգ կը տանէր հողին, զայն խնամելով եւ արգասաբեր դարձնելով: Հողը թեթեւցած էր եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ Վահէին համար: Կարիք չկայ հողին թեթեւութեան մասին ակնարկելու:

Երկու խօսք ալ հոն ծիլ առած ծաղիկներուն ու պտուղներուն մասին։ Անոնք երբեք որդնոտած չէին… թարմ ու համեղ էին: Կը կատակէի իր հետ, թէ Արտամետի խնձորի հունտերը իր պարտէզին մէջ տեղ ունէին, շարունակ մատնանշելով միայն հունտերը եւ ո՛չ թէ որդերը:

*

Աւա՜ղ։ Միասնաբար ծրագիրներ ունէինք, որոնք բոլորն ալ ջուր ինկան։ Այսպէս մեր Bucket list-ին (կատարելիքներ՝ նախքան անդենական մեկնիլը) մէջն էր միասնաբար Արեւմտահայաստան երթալ… Անի, Վան, Համշէն: Շատ կը փափաքէի որ միասնաբար ըմբոշխնենք դաշնակահար Պրէտ Մելտաուն, իր բնութեան յար եւ նման երաժիշտ մը: ․․․ Ի վերջոյ նաեւ այդ կատարելիքներու ցանկին մէջ էր պարտէզ այցելութիւնս:

Դժուար եղաւ, այս քանի մը մտածումներն ու յուշերը թուղթին յանձնելս: Բայց վստահ եմ ան գոհ պիտի մնայ:

Կարմիր գիծը չանցայ:

Փափաքածն ալ կատարեցի: Ոչ մէկ յիշատակելի յատուկ անուն կամ մանրամասն նկարագրականով դէպք:

Դժուար օրեր անցուցած ենք, անբացատրելի զարհուրելի եւ սահմռկեցուցիչ վայրկեաններ, սակայն ամենէն աւելի ահաւորը եղաւ այն օրը, երբ ստիպուած եղանք միասնաբար թուղթին յանձնել մեր մօտ մահացած ընկերոջ մասին մահագրութիւն մը: Ի՜նչ զարհուրելի եւ ընկճելի ակնթարթներ էին:

Հիմա ալ առանձնացած, Վահէին մասին մահագրութիւն… ի՜նչ ճակատագիր: