- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

2 Սեպտեմբեր 1991. Արցախի Անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը

Սեպտեմբեր 2ին, 27 տարի առաջ, այդ ժամանակ տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ եւ Շահումեանի Շրջան անունով ծանօթ՝ հայոց հինաւուրց Արցախ Աշխարհի ժողովրդական պատգամաւորները, ատենի օրէնըսդիր իշխանութեան Մարզային եւ Շրջանային Խորհուրդներու միացեալ նիստ մը գումարելով, հռչակեցին Արցախի Անկախութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրումը։

Օրին դժուար էր հաւատալ, որ Շուշիի բարձունքներուն ամրակայուած ատրպէյճանական զօրքի հրետանիի հարուածներուն եւ արձակազէններու կրակոցին տակ, հազիւ ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ գտնուող եւ, աւելի՛ն, անհաւասար ուժերով ազատութեան համար մարտնչող Արցախի հայութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլար, իրողապէս եւ ըստ ամենայնի, կենսագործելու իր անկախութիւնը ատրպէյճանական լուծէն՝ ի հեճուկս ժամանակի եւ պայմաններու աննպաստ դասաւորումին, ապրե՛լու ընդունակ իր պետականութիւնը կազմաւորելով։

Բայց նախ Արցախի, ապա՝ մայր Հայաստանի եւ, ի վերջոյ, աշխարհասփիւռ ողջ հայ ժողովուրդի վճռականութեան, մարտունակութեան եւ միասնական պայքարին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ մերօրեայ հայութեան ազգային անկախ պետականութեան երկրորդ կռուանը։

Այսօր, երբ 23 տարիներու հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք եւ ընդհանուր հաշուեկշռի կþարժանացնենք Արցախի հայութեան հետ մեր ժողովուրդին կտրած ուղին, արդարօրէն հպարտութիւնը կը համակէ մեր միտքն ու սիրտը՝ ի տես գերագոյն զոհաբերութեան գնով ձեռք բերուած նուաճումներուն։

Եւ առաջին հերթին կը խոնարհինք անմեռ յիշատակին առջեւ առիւծասիրտ այն ազատամարտիկներուն, որոնք հերոսական իրենց պայքարով եւ իմացեալ մահուամբ անմահանալու ազգային մեր աւանդը վերանորոգող իրենց մարտիրոսացումով՝ հայկական տարածք ազատագրելու եւ ամրօրէն պաշտպանելու նորօրեայ դիւցազնապատումը պարգեւեցին Հայաստանին եւ հայութեան։

Ծանրակշիռ որոշում էր 2 Սեպտեմբեր 1991ի Արցախի Անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։ Խորհրդային բանակի համազգեստով գործող իշխանաւոր «օրինական» ուժ էր ատրպէյճանական զօրքը, որ այնուամենայնիւ ձեռնարկած էր Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու նորօրեայ ցեղասպանութեան՝ ամէնէն հակաժողովրդավարական եւ անիրաւ բռնատիրութեան մը մահացու գործիքը դառնալով։

Խաղաղ հաւաքներով եւ օրէնսդրական ու սահմանադրական իրաւունքներու վրայ խարսխուած դիմումներով արդարութիւն ու Հայաստանի հետ միացում պահանջող Արցախի հայութիւնը, ատրպէյճանական եւ խոր- հըրդային հարուածներուն տակ աստիճանաբար կռանելով իր ազգային¬քաղաքական կամքն ու հաւաքական ուժը, քայլ առ քայլ ընդարձակեց ազգային¬ազատագրական իր պայքարը, ունեցաւ ծանրագոյն կորուստներ՝ բայց չընկրկեցաւ, մինչեւ որ ներկայացաւ քաղաքական յարմար պահը, որպէսզի հռչակէր Արցախի անկախութիւնը։

Ատրպէյճան որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն եւ վերականգնել 1918¬1920 թուականներու Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն, ինչ որ իրաւականօրէն եւ քաղաքականօրէն լրիւ ազատ արձակեց ձեռքերը Արցախի հայութեան, որպէսզի ձեռնարկէր ատրպէյճանական բռնակալ լուծէն ամբողջական ազատագրումի իր յաղթարշաւին։

Փաստօրէն Արցախը բնաւ մաս չէր կազմած թրքական սուիններով 1918ին ստեղծուած Ատըրպէյճանի Հանրապետութեան։ Միայն խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, 1923ին, Ստալինեան մութ գործարքով նուէր տրուած էր ազերիներուն… եւ 1991ին արդէն ժամանակն էր, եթէ ուշ չէր, որպէսզի անարդարութիւնը վերջնականապէս սրբագրուէր եւ, նոյնինքն խորհրդային օրէնքներով ու սահմանադրութեամբ առաջնորդուելով, բայց նաեւ ու մանաւա՛նդ միջազգային օրէնքի հիմնարար Ուխտագիրներուն վրայ հիմնուելով, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն ու Շահումեանի Շրջանը միաւորուէին անկախ պետութիւն հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։

Այսօր 23ամեայ լիարժէք պետութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ ոչ միայն իր պաշտպանական բանակով կրցաւ ազերի բռնատիրութենէն ազատագրել հայապատկան Արցախի տարածքները, այլեւ՝ իրաւական ու ժողովրդավարական հիմունքով պետականութեան իր շէնքը քար առ քար բարձրացնել եւ նոյնինքն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան աւատապետական իշխանութեան տակ քաշքշուող ազերի հասարակութեան բարի նախանձը գրգռել։

Ճիշդ է, Արցախի իրողապէս նուաճուած անկախութիւնը մինչեւ այսօր դեռ չէ արժանացած միջազգային ընտանիքի ճանաչումին եւ իրաւական նուիրագործումին։ Բայց երբ արեան գնով նուաճուած անկախութիւնը ի վիճակի ես պահելու, պետականօրէն արմատաւորելու եւ քաղաքականօրէն ամրապնդելու, անպայման վստահ կրնաս ըլլալ, որ ի վերջոյ կը հասնի նաեւ իրաւական ճանաչումի ժամը։

Այդ ինքնավստահութեամբ է, որ Արցախէն ու հայրենի մեր ոստաններէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր ափերը սփռուած իրաւատէր հայութիւնը, այսօր, միասնական միեւնոյն հաստատակամութեամբ կը տօնէ Արցախի անկախութեան հռչակման տարեդարձը։

Եւ կը վերանորոգէ ազգային իր սրբազան ուխտը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կենսունակութեան կռուանները ուժեղացնելով, բոլոր ուժերով շարունակել արդէն քաղաքական¬դիւանագիտական հուն մտած պայքարը՝ յանուն Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային իրաւական ճանաչումին։

Վերջին Օրերուն Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ նուիրագործուած Արցախի անկախութեան պաշտօնական ճանաչումը գօտեպնդող վկայութիւնն ու յուսադրիչ գրաւականն է համահայկական այդ պայքարին անխուսափելի յաղթանակին։

Ն.