Վիգէն Եագուպեան. «Վահէն՝ Վիթխարի Ապառաժ, Որ Լուռ Կանգնած Է Կողքիդ»


ԽՄԲ.- Ստորեւ կու տանք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեանի խօսքը, արտասանուած Կլենտէյլի մէջ (Գալիֆորնիա) կայացած յիշատակի հաւաքին, Կիրակի, 2 Սեպտեմբեր 2018ին, մեր ողբացեալ ընկերոջ՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գործավար եւ աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Յարութիւնեանի քառասունքին առիթով։

Ես Վահէին ծանօթ էի վերջին առնուազն 15 տարիներուն ընթացքին, սակայն ճանչցայ զինք միայն վերջին երեքուկէս տարիներու վրայ երկարող ժամանակաշրջանին։

Պիտի ուզեմ քիչ մը անկեղծանալ այսօր եւ արտայայտուիլ դաշնակցականի մը համար անսովոր բացութեամբ, որովհետեւ այսօր, սա պահուն, անո՛ր է արժանի ընկերս Վահէն։ Որքա՛ն պիտի առարկէր եւ դիմադրէր այս ուղղութեամբ. բայց վնաս չունի. արժանի է անոր՝ ընկերս Վահէն։

Երբ ընտրուեցայ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կազմի անդամ, գէթ փորձառութեամբ՝ այդ մարմինին ծառայող ամէնէն կրտսերներէն էի։ Կրնաք երեւակայել, թէ որքա՛ն պարտաւորեցնող էր այդ հանգամանքը, իր մէջ ունենալով նաեւ վհատեցնող պահեր։ Սակայն իբրեւ դաշնակցական, պարտաւորութեան եւ պարտականութեան վիթխարի առկայութիւնը երբեք չէր կրնար արգելք հանդիսանալ այն գլխագիր Գործին, որուն կոչուած էինք ծառայելու բոլորս անխտիր։ Սակայն այնքան ալ դժուար չէ կորսուիլ այդ ոլորապտոյտ եւ յաճախ մութ ճանապարհին վրայ, մանաւանդ երբ աննախատեսելի վտանգներ ահազանգային յաճախակիութեամբ կը խափանեն այդ ճանապարհը եւ կը պաշարեն քեզ։

Անձկութիւնը այդ րոպէներուն տկարութեան նշան չէ. սակայն դաշնակցական անկեղծ եղբօր մը ներկայութիւնը կողքիդ՝ կը պաշտպանէ մէջքդ անսպասելի հարուածներէ։ Վերջին տարիներուն, Վահէն ինծի համար եղաւ այդ դաշնակցական ընկերը, այդ դաշնակցական եղբայրը։ Եղաւ այն ընկերը, որուն վստահութիւնը վայելող իբրեւ, կրնաս ինքզինքդ ապահով զգալ, ամուր, պաշտպանուած եւ պինդ։ Գիտեմ, որ այստեղ կան տղաք, որոնք շատ աւելի երկար եւ շատ աւելի ճակատագրական ճանապարհ կտրած են Վահէին հետ, սակայն այս վերջին տարիներուն Վահէին ցուցաբերած անշեղ նեցուկը իմ նկատմամբ կը մնայ հետս, հոգիիս ամէնէն խորին ծալքերուն մէջ, մինչեւ որ օր մը ես ալ միանամ իրեն՝ այս աշխարհէն շատ հեռու։
Եւ այդպէս էր Վահէն։ Սակաւախօս, սակայն վիթխարի ապառաժ՝ լուռ կանգնած կողքիդ։ Ծայրայեղ խնայողական երբ կարգը կու գար բառերու եւ խօսքի գործածութեան, սակայն անծայրածիր կերպով առատաձեռն՝ իր ընկերներուն հանդէպ հոգատարութեան եւ բարեսիրութեան մէջ։

Կը կարծեմ, որ Վահէն կ՛առաջնորդուէր կեանքի իր փորձառութեամբ եւ ստացած դաստիարակութեամբ բիւրեղացած բարոյական ներքին մէկ արժեհամակարգով՝ որ իրեն կը ծառայէր իբրեւ անշեղ կողմնացոյց։ Կ՛ապաւինէր անոր իր դատողութեան մէջ եւ զայն կը նկատէր իբրեւ հիմնական շաղախը իր յարաբերութիւններուն մէջ։

Այս մէկը այնքան պարզ ու յստակ էր իրեն համար, որ երբեմն «նախանձով» կը վկայէի անոր արտացոլման՝ իր արժեւորումներուն, խօսքերուն եւ անզուգական կազմակերպուածութեան մէջ։ Կը նախանձէի, որովհետեւ գիտէի, որ երբեք պիտի չկարենայի նուաճել երէց ընկերոջս նուաճած այդ բարձունքը։ Բարձունք մը, որ մեր կուսակցական կեանքին մէջ կարելի է նուաճել հինի եւ նորի պարկեշտ ու ազնիւ շփումով, հարազատ սերնդափոխութեան թելադրած իմաստութեամբ ու անկեղծ յարաբերութիւններու աւանդած պատգամով։

Արժէքներ, որոնք այսօր, աւաղ, կը գտնուին կորուստի սպառնալիքին առջեւ։ Արժէքներ, որոնք կայացած են Վահէին պէս ընկերներու մէջ եւ որոնք, աւաղ, կը մեկնին անոնց հետ։ Յոյսի միակ նշոյլը վահէներու մարմնաւորած այդ արժեհամակարգի առօրեայ իմաստաւորումն է մեզմէ անոնց համար, որոնք տակաւին աշխատանքի վրայ են այս աշխարհին մէջ։

Ա՛յդ դաշնակցականներէն էր Վահէն։

Իր տեսակը արդէն սկսած է դառնալ մեր յուշերուն մէջ ապաստան գտած երեւոյթ եւ միայն որոշ թաղամասերու մէջ եւ քարքարոտ լեռներու վրայ տրոփող սիրտ։ Այդ սիրտերէն մէկն էր, որ դադրեցաւ տրոփելէ, սակայն այդ նոյն սիրտն է նաեւ, որ բազմաթիւ այլ անտրոփ սիրտերու կողքին, մեզ յանձնառու պիտի պահէ՝ շարունակելու մեր գործը, դաշնակցական այդ մարդու ա՛յդ տեսալականով։

Վերջին երեքուկէս տարիներու ընթացքին, Վահէին հետ կապս գրեթէ ամէնօրեայ էր։ Մէջս ձգած իր բացը կը զգամ ամէն օր. եւ կրնամ երեւակայել, թէ որքան մեծ է այն անդունդը իր հարազատներուն եւ տասնամեակներու իր ընկերներուն մէջ։

Հարցումներուս տարափին մէջ, որոնց սիրելի ընկերս ամենայն համբերատարութեամբ մէկ առ մէկ կը պատասխանէր, մէկ հարցում մնաց անպատասխան։ Խորքին մէջ… պատասխանեց, սակայն մինչեւ պատասխանը կարդալս, ստացայ իր մահուան ահաւոր բօթը։ Այդ պատասխանը իր անունին տակ կը մնայ թաքուն՝ What’sApp-ի իմ «թեքսթ»երուս մէջ։ Տակաւին չեմ հաւաքած ուժը զայն բանալու եւ կարդալու։ Թերեւս օր մը…
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի ընկերս։

2 Սեպտեմբեր 2018,
Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա

Տպել Տպել