Ընտրապայքարի Թելադրանքով

Այն օրէն, երբ ընտրապայքարի ազդանշան տրուեցաւ, այս պարագային՝ Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի պաշտօններուն համար, երկրին մէջ տիրապետողը դարձաւ ընտրապայքարին թելադրած մթնոլորտը, որուն ընթացքին դժուար թէ կարելի ըլլայ ակնկալել, որ պայքարող կողմերը իրարու սիրոյ պատգամներ պիտի փոխանցեն:

Այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ հիմա, եւ այդպէս պիտի չըլլայ նաեւ այն օրէն, երբ պիտի յայտարարուի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու թուականը:

Այս հանգրուանին, մամուլն ու թեկնածուներու քարոզչական պատասխանատուները իւրաքանչիւր թեկնածուի պիտի հետեւին խոշորացոյցով, եւ որքա՛ն ալ անընդունելի ու մերժելի ըլլայ՝ պիտի դիմուի զրպարտանքի, ինչպէս է պարագան ՀՅԴի թեկնածուին՝ Միքայէլ Մանուկեանի մասին հրապարակումներուն, պիտի ընդգծուին մրցակից թեկնածուներու ձախաւեր յայտարարութիւնները, ինչպէս է պարագան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» դաշինքի թեկնածու Հայկ Մարութեանի՝ «Սեւ ու Սպիտակ»ի ու «մեր դէմ խաղ չկայի» խօսքերուն:

Քաղաքական ուժերը, որոնք որոշած են մտնել այս ընտրապայքարը, անշուշտ որ իրենց քարոզչութիւնը պէտք է տանին որոշ բարոյական չափանիշներով եւ խուսափին զրպարտանքներ ուղղելէ իրենց մրցակիցներուն:

Ընտրապայքարին բարոյականութիւնը, սակայն, չի կրնար ծածկել թեկնածուներու թերութիւնները, եւ անոնց հանդէպ սուր քննադատութիւնները պէտք է դիտել այդ պայքարի տրամաբանութեան ծիրին մէջ: Այդ տրամաբանութեամբ կարելի է սուր հարուածներ ուղղել Թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավար, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարած՝ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուին դէմ: Այդ սլաքները, անշո՛ւշտ, կրնան ուղղակիօրէն հարուածել վարչապետին կուսակցութիւնը, որուն թեկնածուն եւս մտած է պայքարի, եւ նոյնիսկ անուղղակիօրէն՝ վարչապետի՛ն, որ ի վերջոյ իր օրհնութիւնը տուած է այդ թեկնածութեան նշանակման գործին:

Եւ ասիկա՝ բնակա՛ն է:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

asbarez.com

Տպել Տպել