- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Համազգային»ի 90-ամեակը մարտահրաւէր է մեր երիտասարդութեան համար՝ Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները

«Համազգային»ի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրո Մանոյեանի խօսքը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անունով կը շնորհաւորեմ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը։

«Համազգային»ի հիմնադրութիւնը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ոչ միայն որովհետեւ ան հիմնադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տասնամեակի օրը՝ 1928-ի Մայիս 28-ին, այլ նաեւ անոր համար, որ անոր հիմնադիրներուն մէջ էին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դէմքերէն ոմանք՝ Նիկոլ Աբալեանը, Լեւոն Շանթը, Համօ Օհանջանեանը։

«Համազգային»ի նման կազմակերպութեան մը հիմնադրութիւնը անհրաժեշտութիւն նկատուած էր աւելի քան երեք տարի առաջ, 1924-ի Նոյեմբերէն 1925-ի Յունուարին, Փարիզի մէջ գումարուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 10-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ։ Այդ Ժողովը որոշեց, որ «Հ. Յ, Դաշնակցութեան գերագոյն մտահոգութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ հայութեան Ազգային նկարագրի անխաթար զարգացումը։

«Այս առաջադրութեամբ, կուսակցութեան անմիջական քաղաքական խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ. «Պաշտպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթի արժէքները եւ պայքարիլ այլասերման վտանգներուն դէմ, թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ»։

Իսկ «Հ.Յ.Դ. դերը գաղութներու մէջ» գլուխին տակ, 10-րդ Ընդհանուր ժողովը կ՚որոշէր. «Ոյժ տալ դպրոցական ցանցը զօրացնելուն գաղութներու մէջ։ Այս նպատակով թելադրել հիմնելու կեդրոնական կազմակերպութիւն մը, իբրեւ գործնական ազդակ մայրենիի դաստիարակութեան տարածման»։

1929-ին, Փարիզի մէջ գումարուած ՀՅԴ 11-րդ Ընդհանուր ժողովը կը հաստատէ, որ «Համազգային Կրթական եւ Հրատարակչական Ընկերութեան» նպատակները «ամէն տեսակէտով կը համապատասխանեն կուսակցական նոր մտաւորականութիւն հասցնելու պահանջին, առ այդ Ընդհ. Ժողովը կ՚որոշէ.

«2. Կազմել կազմակերպական շրջաններու մէջ կուսակցական եւ առաւելապէս չէզոք անհատներէ մարմիններ “Հ.Կ. եւ Հ.” Ընկերութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելու համար»։

Իսկ 1933-ին գումարուած Հ.Յ.Դ. 12-րդ Ընդհանուր ժողովը (Փարիզ) կ՚որոշէ զարկ տալ «Համազգային»ի կառոյցներու տարածման եւ ընդլայնումին։

Եւ այսպէս շարունակ, «Համազգային»ը Դաշնակցութեան համար եղած է ոչ միայն ուղեկից, այլ նաեւ՝ լծակից կազմակերպութիւն։ Դաշնակցութեան պատասխանատուներէն շատեր, ինչպէս անցեալին, նաեւ՝ ներկայիս, առանցքային դերակատարութիւն ունեցած են եւ ունին «Համազգային»ի գործունէութեան մէջ։

Ամբողջ իննիսուն տարի, ինչպէս կը հաստատէ 2015-ին Դիլիջանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 32-րդ Ընդհանուր ժողովը, «Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միութիւնը ստանձնած է Սփիւռքի հայութեան ազգային դիմագիծի պահպանման եւ այդ ճանապարհով նոյնպէս Հայ Դատի հետապնդման յանձնառութիւնը նոր սերունդներու մեջ վառ պահելու առաքելութիւնը»:

Ընդհանուր Ժողովը կ՚արձանագրէ նաեւ, որ «Համազգայինը կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ` արդիականացնելու իր կազմակերպական կառոյցը եւ հաղորդակցական միջոցները, ամրակայելու եւ զարգացնելու իր կրթական հաստատութիւններու ցանցը, որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու իր մշակութային գործունէութիւնն ու հրատարակչական աշխատանքը, վերջապէս մշակոյթի ճանապարհով մղելու նոր սերունդին հաղորդակցելու հայութեան ու հայ կեանքին հետ»:

Առ այդ, Ընդհանուր Ժողովը պարտականութիւնը կը դնէ կուսակցութեան բոլոր մակարդակներու պատասխանատու մարմիններուն վրայ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու «Համազգային»ի գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւորելու նպատակով:
Վերջին տասնամեակներուն, «Համազգայինի» գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, իսկ վերջին տարիներուն՝ այդ գործունէութիւնը Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ եւս ծաւալելու նախաձեռնութիւնները «Համազգային»ի կառոյցը եւ առաքելութիւնը դարձուցած են իսկապէս համազգային, համահայկական։

«Համազգային»ի 90-ամեակը մարտահրաւէր է մեր երիտասարդութեան համար՝ Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները։ Հայութեան այսօրուան պայմանները, համեմատած 90 տարի առաջուան պայմաններուն հետ, շատ աւելի բարենպաստ են. այդ պայմաններուն առանցքը վերանկախացած 100-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Սակայն, այսօր, նոյնքան եւ աւելի ժամանակակից կը հնչեն «Համազգային»ին ծնունդ տուած մարտահրաւէրները. «Պաշտպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթի արժէքները եւ պայքարիլ այլասերման վտանգներուն դէմ, թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ»։ «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին համար, այս մարտահրաւէրները յաղթահարելու մօտեցումը երբեք չէ եղած ինքնապահպանումը, ինքնամեկուսացումը, ինքնամփոփումը, լճացումը։ Այսօր, առաւել եւս կենսական է այդ մօտեցումին տալ նոր մղում, հայապահպանման գործը վերածելով հայակերտման գործի։ Թէ ինչպէ՞ս՝ ատոր պատասխանը պիտի տայ մեր երիտասարդութիւնը։