Ակնարկ. Սահմանահատումներ Եւ Տեղեկատուական Խաղեր

Թրքական «Հիւրրիեթ» թերթը 15 սեպտեմբերին տեղեկութիւն տարածած էր, թէ Թուրքիոյ նախագահը հեռաձայնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ խնդրած վերադարձնել հայ-թրքական սահմանը հատած եւ ձերբակալուած 16-ամեայ հովիւը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր թրքական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին հերքումը վերահաստատած էր նաեւ վարչապետը:

Վերջին շրջանին դէպի հայկական կողմը իրերայաջորդ սահմանի հատման պարագաներ արձանագրուած էին:

Այս տարուան մայիսին, Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի սահմանապահները Արաքս գետին մօտ ձերբակալած էին սահմանը հատած Փաքիստանի քաղաքացի մը:

Յուլիսին, սահմանապահ զօրքերը Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալած էին սահմանը խախտած Աֆղանիստանի 5 քաղաքացիներ:

Օգոստոսին, Թուրքիոյ քաղաքացի այլ սահմանահատ մը` Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեղամասին մէջ` ճարտարապետական-ճարտարագիտական միջոցները յաղթահարելու փորձի ժամանակ: Անոր մօտ ստուգումներու ընթացքին սահմանը խախտածին մօտ յայտնաբերուած է բջիջային հեռաձայն, որուն մէջ գոյութիւն ունեցած են պետական սահմանի ճարտարապետական կառոյցներու եւ պատնէշներու լուսանկարներ եւ տեսերիզներ:

Թրքական մամուլին մէջ ապատեղեկատուութիւն տարածող լրատուամիջոցի համբաւը, հաւաստիութիւնը այս պարագային երկրորդական են: Նման տեղեկատուութիւն շրջանառութեան մէջ դնելը Թուրքիոյ տարածքին եւ անկէ դուրս ինքնուրոյն լրատուական խաղի սահմաններէն անդին է: Էրտողանի վերագրուող նման լրատուութիւն առնուազն պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ Անգարայի համապատասխան բաժանմունքներուն հետ եւ ուղղակի վերահսկուած` Թուրքիոյ նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն:

Անկախ այն հանգամանքէն, որ սահմանահատումի դէպքերը ինչո՛ւ նման կշռոյթով կրկնուած են, պահ մը անդրադառնանք, որ նման ապատեղեկատուական դիմում ո՛չ փաքիստանցի, ո՛չ աֆղան եւ ո՛չ ալ պետական սահմաններուն մասին տեղեկահաւաք կատարած Թուրքիոյ քաղաքացիին համար շրջանառութեան մէջ դրուած էր: Դիմումի ապատեղեկատուութիւնը կը վերաբերի մոլորած 16-ամեայ հովիւին:

Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներուն պարագային անկախ անկէ, որ Թուրքիոյ քաղաքացի չեն եւ հետեւաբար Անգարան, թէկուզ առանց դիմելու, դիմումի տպաւորութիւն ձգելու որեւէ իրաւական հարկադրանքին տակ չէ. բայց այդ չէ խնդիրը. այս պարագային սահման հատողներուն քաղաքացիական պատկանելիութիւնները կը յիշեցնեն Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած, ֆինանսաւորուող եւ այնտեղէն տարբեր ուղղութիւններով տարանցիկ թափանցումներ կատարող ահաբեկչական տարրերու համատարած երեւոյթին մասին. ուստի նոյնիսկ ապատեղեկատուութիւնը այս մասին չէր բխեր Անգարայի շահերէն:

Նման ենթադրեալ դիմումի մասին լուր տարածելը նպատակայարմար չէր նաեւ պետական սահմաններու մասին տեղեկահաւաքի շտեմարան պահած Թուրքիոյ քաղաքացի միւս սահմանահատին առնչութեամբ եւս: Ի վերջոյ հրապարակուած փաստերը կրնան համոզել հետեւողը ներթափանցման փորձ կատարած գործուղուող անձին մասին:

Մինչդեռ մոլորած 16-ամեայ հովիւը այս պարագային լրիւ պատրաստ կերպար էր առանց դիմելու` դիմելու լուր տարածելու համար: Բնականաբար միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու, թէ հայկական կողմը կը գերեվարէ անչափահաս, մոլորած գիւղացի մը: Տեղեկատուական այս խաղը աւելի պարզ կը դառնայ, երբ թրքական լրատուամիջոցին տարածած լուրը, որ ըստ էութեան պաշտօնական քայլի մը կը վերաբերի, չի հերքուիր պաշտօնական բաժանմունքներու կողմէ: Բնական ընթացքը պիտի ըլլար այն, որ թրքական հեղինակաւոր լրատուամիջոցի մը տարածած լուրը իր նախագահին մասին նախ հերքուէր Թուրքիոյ նախագահին մամլոյ բանբերին կողմէ:

Սահմանահատումի դէպքերը կրնան շարունակուիլ: Սահմանապահներու ցուցաբերած զգօնութեան առընթեր հայկական կողմի տեղեկատուական համակարգը եւս թրքական տեղեկատուական խաղերը բացայայտելու առաջադրանքը կը շարունակէ կատարել:

Մինչ այդ, միջազգային հանրային կարծիքը, որուն ապակողմնորոշման աշխատանքին լծուած է պաշտօնական Անգարան, կը նկատէ, որ հակառակ ուղղութեամբ սահմանահատումներ չեն արձանագրուիր մանաւանդ այնպիսի քաղաքացիութիւն ունեցողներու կողմէ, որոնք կը յուշեն միջազգային ահաբեկչական խմբակներու մասին:

«Ա.»

aztagdaily.com

.

Տպել Տպել