Ապու Տապի. Ճաշկերոյթ` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Ֆոնտին

Ներկայ աշխարհին հայեացքը յատկապէս այս օրերուն կեդրոնացած է սուրիական աշխարհին հետզհետէ վատթարացող քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վրայ:

Այսօր սուրիահայութիւնը եւս այդ տագնապալի կացութեան դէմ յանդիման է` պատերազմական ծանր պայմաններուն պատճառով: Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի կոչին` Ապու Տապիի Ազգային վարչութիւնը սուրիահայութեան նիւթապէս օժանդակելու երեւոյթը կենսական նկատելով` 6 դեկտեմբեր 2012-ին «Եաս այլընտ, Քրաուն փլազա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը, որուն նպատակը սուրիահայութեան նիւթապէս օժանդակել էր եւ գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրել Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանին:

Այս առիթով Լիբանանէն հրաւիրուած էր յեղափոխական երգերու մեկնաբան եւ անզուգական երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան իր նուագախումբի 5 անդամներով: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմին` Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ վարչութեան հրաւէրին ընդառաջելով: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիպճանեան:

Տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան

Տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան: Ան անդրադարձաւ ձեռնարկին իւրայատկութեան եւ հայ ժողովուրդի մտահոգութեան: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ միասնական ճիգով թիկունք կանգնին սուրիահայութեան: Պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը շատ մը փոթորիկներուն դիմաց գտնուած է ու դժուարութիւններ տեսած է, սակայն շնորհիւ իր կամքին շարունակած է գոյատեւել ու պիտի շարունակէ իր պայքարը մինչեւ յաղթանակ, յայտնեց ան: Ապա խօսք առաւ դեսպան Գեղամ Ղարիպճանեան, որ առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, ապա անդրադարձաւ Հալէպի ազգային-եկեղեցական կեանքին ու իր յուշերը պատմեց այն շրջաններուն մէջ, որոնք այժմ տագնապի մէջ են: Խօսքը եզրափակելով ան մաղթեց, որ իր մայրամուտի օրերը ապրող տարին եւ Ամանորի տօնը նոր շունչ եւ նոր քաղաքականութիւն բերեն աշխարհին եւ յատկապէս սուրիական հայրենիքին: Աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց Վարչութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը հետապնդէր նուիրական առաքելութիւն մը, որպէս Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի եկեղեցիներու թեմ: Ան նշեց, որ Քուէյթը իր շրջանով, Շարժա-Տուպայը իր համայնքով նիւթապէս օժանդակեցին, այժմ հասած է պահը, որ Ապու Տապիի գաղութը նիւթական օժանդակութեան նուիրական աշխատանքին մաս կազմէ որպէս Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմ:

Ապա հրաւիրուեցաւ յեղափոխական երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան, որ մինչեւ առաւօտեան ժամը 2:30 առանց ընդմիջումի յեղափոխական ազգային երգերով ներշնչեց առաւել քան 250 հանդիսատեսներու տրամադրութիւնը: Տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն եւ ձեռնարկէն գոյացաւ կոկիկ գումար մը:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել