ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Տեսակցութիւնը Սփիւռքի Նախարարին Հետ

Լիբանան կատարած եռօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանի եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ներկայութեամբ, Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան, Վիգէն Աւագեան եւ Ճորճ Սապունճեան:

Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը ողջունեց նախարար Հայրապետեանի անդրանիկ այցելութիւնը Լիբանան եւ անգամ մը եւս հաստատեց կուսակցութեան զօրակցութիւնը` թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան, յուսալով, որ վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ ընթացք առած բարեփոխումները կը յանգին աւելի արդար, ժողովրդավար եւ հզօր Հայաստանի մը կերտման:

Պատուիրակութիւնը շեշտեց նաեւ լիբանանահայութեան դերն ու կարեւորութիւնը` Լիբանան-Հայաստան կապերու զարգացման մէջ, իբրեւ երկու երկիրները իրարու կամրջող կարեւոր ազդակ:

Իր կարգին, նախարար Մխիթար Հայրապետեան ուրախութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան մօտէն ծանօթացման առիթին ներկայացման համար եւ գնահատեց կուսակցութեան տեւական ճիգերը` համայնքը ամուր եւ կազմակերպ պահելու, Հայաստանով շնչաւորելու համար: Նախարարը նաեւ ծանօթացաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներու կարիքներուն եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման անմիջական կարելիութիւններուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել