- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ընկերական մտորումներ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մուտքը եւ ելքը

Ինչո՞ւ անդամագրուիս կուսակցութեան մը։ Եւ, ընդհակառակն, ինչո՞ւ հրաժարիս, հեռանա՛ս անկէ։

Հարցումները կը դնեմ իրենց ընդհանրական բնոյթով՝ առանց անպայման առնչելու մեզի ծանօթ կուսակցութիւններուն՝ հայութեան ծիրին մէջ գործող կուսակցութիւններուն։ Այդ հարցումները կրնան տրուիլ ժողովրդավարական երկիրներու պարագային՝ բազմակուսակցական իրենց դրութեամբ, այլեւ բռնապետութիւններու պարագային, ուր միակուսակցական դրութիւնը կը տիրապետէ, ուստի եւ կուսակցութիւն բառը ինքնին անիմաստ կը դառնայ ու կարելի է չակերտներու մէջ առնել՝ «կուսակցութիւն»… Չէ՞ որ այս բառին արմատը «կողմ»-ն է, եւ եթէ տարբեր կողմեր արտայայտուելու եւ կազմակերպուելու կարելիութիւնը չունին, ի՜նչ կողմ, ի՜նչ կուսակցութիւն։

Հարցումները ընդհանրական բնոյթ ունենալով հանդերձ, բնականաբար ուշադրութիւնս պիտի կեդրոնանայ ազգային շրջարկին վրայ, յղումները պիտի կատարուին եւ օրինակները պիտի գան մեր կուսակցութիւններէն, որոնցմէ մէկուն ալ ամբողջ կեանք մը զինուորեալը եղած է այս տողերը գրողը։

Ուրեմն, ինչո՞ւ կը միանանք կուսակցութեան մը։

Առաջին պատճառը, նոյնիսկ դրդապատճառը համոզո՛ւմը պիտի ըլլայ, կ՚ենթադրեմ։ Կուսակցութեան մը գաղափարականը, իր առաջադրած տեսլականը, իր հետապնդած նպատակները պիտի ըլլան մարդիկ առինքնող գլխաւոր ազդակները։ Բայց բաւարա՞ր է համոզումը, նոյնիսկ ոգեշնչումը՝ կուսակցական ըլլալու համար։ Ոչ երբեք։ Կարելի է ջերմ համակիր ըլլալ կուսակցութեան մը, մի՛շտ հաւատարիմ ըլլալ անոր գաղափարներուն, եթէ առիթը ներկայաանայ՝ քուէարկել անո՛ր կամ իր կողմէ պաշտպանուած թեկնածուներուն ի նպաստ, նոյնիսկ նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ անոր ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն, առանց սակայն մաս կազմելու անոր շարքերուն։ Եւ այդպէս ալ է պարագան քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութեան։ Այստեղ կ՚արժէ նշել, որ երբ մէկը «դաշնակցական« կը յորջորջուի, ընդհանրապէս դրական բայց երբեմն ալ ժխտական առումով, նկատի չ՚առնուիր անոր շարքային ըլլալը կամ չըլլալը, այլ նկատի կ՚առնուի անոր գաղափարական կողմնորոշումը կամ գործելակերպը…

Համոզումէն անդին պէտք է ըլլայ կամքը՝ մասնակից ըլլալու անոր աշխատանքներուն։ Աջակցելու ոչ միայն կրաւորական կերպով՝ նիւթականդ տրամադրելով, այլ ներգործակա՛ն կերպով՝ ժամանակդ, կորովդ եւ կարողութիւններդ ալ դնելով կուսակցութեան մը տրամադրութեան տակ։ Այսինքն՝ յօժար ըլլալ ծառայելու՝ ազգի՛ն ծառայելու։ Բայց իրապէս կը բաւէ՞ բաժնել գաղափարականը եւ պատրաստ ըլլալ աշխատելու կուսակցութեան մը նպատակներուն ի խնդիր՝ կուսակցական ըլլալու համար։ Ըստ իս՝ ո՛չ, որովհետեւ կուսակցութեան մը համակիրներէն շատեր կրնան մասնակցիլ անոր աշխատանքներուն, առանց մաս կազմելու անոր շարքերուն։ Այդ չէ՞ պարագան բոլոր անոնց, որոնք, օրինակի համար, հաւատարմօրէն կը գործեն Դաշնակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւններուն մէջ՝ «Համազգային»-ի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի, առանց շարքային կուսակցական ըլլալու, նոյնիսկ մասնակից կը դառնան անոր քաղաքական՝ Հայ դատի աշխատանքներուն, բայց կուսակցական չեն։ Նոյնն է պարագան թէ հայկական եւ թէ ոչ-հայկական շատ կուսակցութիւններու պարագային։

Բայց կը կարծեմ, որ կամքն ալ չի բաւեր։

Կան ուրիշ յատկութիւններ, որոնք նոյնպէս անհրաժեշտ են, որ անհատ մը ցուցաբերէ՝ երբ կուսակցական կը դառնայ։ Անոնցմէ առաջինը,– ինչպէս դիտել կու տայի ուրիշ առիթներով,– հաւաքաբար աշխատելու տրամադրութիւնն ու… հանդուժողականութիւնն է։ Մէկ բան է աշխատանք մը ստանձնել անձնապէս ու զայն ի կատար ածել, միայն սեփական ճիգերով, ուրիշ բան է խումբի մը հետ գործել, կարծիք փոխանակել, հաւաքական որոշում կայացնել ու այնպէս գործել։ Այստեղ կը ծագի նաեւ հարցը այդ խումբի անդամներուն հետ փոխադարձ յարգանքով վարուելու ու մանաւանդ մեծամասնութեան տեսակէտը ընդունելու, անո՛ր իրագործումը հետապնդելու, նոյնիսկ եթէ անիկա կը տարբերի սեփական տեսակէտէն։ Այս ալ ուրիշ կարեւոր յատկութիւն մըն կուսակցական ըլլալու համար։

Վերջապէս, գոնէ Դաշնակցութեան պարագային, կ՚ենթադրեմ, սակայն, ինքզինք յարգող որեւէ այլ կուսակցութեան պարագային ալ, ընդունիլ ժողովներու եւ մարմիններու որոշումները, աշխատիլ զանոնք գործադրել, նոյնիսկ եթէ, ինչպէս ըսուեցաւ, անոնք չեն համապատասխաներ սեփական տեսակէտներուդ։ Ասիկա եթէ ոչ կուսակցութեան մը անդամագրուելու, գէթ անոր մէջ մնալու նախապայմանն է։ Ի վերջոյ խումբիս կամ ընկերական ընդհանուր ժողովիս ճամբով իմ տեսակէտս յայտնած եմ, ինչպէս յայտնած են մնացեալ ընկերները՝ բարձրաձայն արտայայտուելով կամ քուէարկելով թեր կամ դէմ տուեալ առաջարկի մը, որ, բանաձեւուած, հասած է գերադաս ժողովներու, վերածուած ընդհանրական որոշումի ու վերադարձած ինծի՝ շարքային անդամիս, առ ի գործադրութիւն։

Որեւէ կուսակցութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ, երկա՛ր ապրիլ ու գործել առանց այս վերջին ազդակին։ Մեր կեանքին մէջ գործող աւանդական թէ նորաստեղծ կուսակցութիւններու պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ այս իրողութիւնը։

Եկէք ընդունինք, սակայն, որ մարդիկ միայն այս անշահախնդիր մօտեցումներով չէ, որ կը ջանան կուսակցութեան մը անդամ ըլլալ։ Կրնանք յիշատակել նաեւ քանի մը ոչ այնքան անշահախնդիր դրդապատճառներ ալ, որոնք կը մղեն քաղաքացիները կամ ազգայինները մաս կազմելու կուսակցութեան մը։

Անոնցմէ մէկը հաճոյքն է։ Այո՛, հասարակական գործունէութիւնը միայն զոհողութիւն եւ զոհաբերութիւն չէ, կրնայ նաեւ հաճոյք պատճառել, մանաւանդ երբ գործ մը իրականացուցած ըլլալու բաւարարութիւնը կը զգաս։ Թէեւ ասիկա ծառայելու անշահախնդիր մօտեցում չէ, սակայն պէտք չէ ժխտական վերաբերիլ անոր հանդէպ, եթէ առկայ են միւս դրդապատճառները՝ համոզումը եւ այլն։ Այդ զգացուած հաճոյքը նոյնիսկ դրակա՛ն ազդեցութիւն կրնայ ունենալ՝ զօրացնելով ծառայելու կամքը։

Միւս դրդապատճառը ժամանցն է, այսինքն ազատ պահդ հաճելի կերպով անցընելու ցանկութիւնը, որուն նոյնպէս անպայման ծուռ աչքով նայելու չենք, եթէ միւս դրդապատճառները կան, իսկ եթէ չկան՝ վստահաբար երկար չի դիմանար կուսակցական աշխատանքներու ճամբով լաւ ժամանց ունենալու փափաքը…

Կայ նաեւ վարկ ու պատիւ վաստկելու ցանկութիւնը։ Վերջապէս կուսակցական աշխատանքի մէջ ալ ընկերներ աչքի կը զարնեն իրենց կարողութիւններով, կը յաջողին իրենց տեսակէտները համոզիչ դարձնել իրենց ընկերներուն, ընտրուիլ մարմիններու անդամ՝ ընդհուպ մինչեւ գերագոյն մարմինները, այդ ճամբով ալ արժանանալ յարգանքի ու մեծարման։ Սակայն ասիկա երկսայրի սուր է, եւ եթէ ոմանց նպատակը ա՛յդ է պարզապէս, այդ ալ կը բացայայտուի ի վերջոյ, եւ, նայած կուսակցութեան, անոնք աւելի կը պատւուին կամ ալ կը վարկաբեկուին։ Այո, կան կուսակցութիւններ, որոնք իրենց պաշտօնատարներով, ղեկավարներո՛վ արժէք կը ստանան ու անոնց հեռանալով իրենք ալ կրնան կազմալուծուիլ։

Վերջապէս կայ զուտ շահախնդրութիւնը, անձնական շահո՛ւ, պաշտօնի հետապնդումը, որ մարդիկ կուսակցութիւններու ճամբով կը ձգտին ունենալ եւ, դարձեալ ըստ կուսակցութեան, կը յաջողին կամ կը ձախողին։ Նման պարագաներն են, որ պատճառ կը դառնան կուսակցութիւններու ալ վարկաբեկման ու հասարակ քաղաքացիներու վերապահութեան՝ մաս կազմելու անոնց։
Իսկ թէ ինչո՛ւ մարդիկ կը լքեն կուսակցութիւնները՝ յստակ պէտք է ըլլայ վերեւը ըսուածներէն։ Զանց կ՚առնեմ առարկայական պատճառները՝ հիւանդութիւնը, ծերութիւնը, տնտեսական նեղութիւնները, հեռաւոր վայրեր տեղափոխութիւնները (այս վերջինները յատկապէս հայկական կուսակցութիւններու պարագային), որոնք ոմանց համար անկարելի կը դարձնեն անոնց գործնական մասնակցութիւնը կուսակցութեան մը աշխատանքներուն։ Ուրիշներ, հակառակ այդ բոլորին, կը շարունակեն պահել իրենց անդամակցութիւնը։

Առնենք նախ անոնց պարագան, որոնք շահախնդրօրէն կուսակցական դարձած էին. բնականաբար անոնք կը հիասթափուին երբ չեն գտներ իրենց ուզածը՝ անձնական շահը, պաշտօնը, վարկը, ժամանցն ու հաճոյքը, ու կը հեռանան այլուր փնտռելով այդ բոլորը։

Անոնք, որոնք չեն կրնար զիջիլ իրենց տեսակէտները ի նպաստ հաւաքականին, նոյնպէս ի վերջոյ չեն դիմանար այդ կարծեցեալ կաշկանդումին ու կը նախըտրեն մաս չկազմել կուսակցութեան մը։ Իրենց տեսակէտները կրնան շատ յարգելի ըլլալ, սակայն կուսակցականութիւնը կ՚ենթադրէ համախոհութիւն մը եւ այդ առումով փոխզիջումի պատրաստակամութիւն մը, որմէ զուրկ կ՚ըլլան նման անձերը։
Անոնք, որոնց համար դժուար է խմբական աշխատանքի մը բերել իրենց մասնակցութիւնը, ի վերջոյ նոյնպէս չեն կրնար շարունակել մնալ կուսակցական։

Կան նաեւ անոնք, որոնք հաշտ չեն ըլլար կուսակցութեան մը գործելակերպին, օրինակ Դաշնակցութեան պարագային՝ անոր մարտական գործելակերպին՝ երբ հայրենիքը կը վտանգուի։
Ամենէն աւելի սակայն համոզումի հարցն է, որ կարեւորութիւն ունի։ Երբ կուսակցութեան մը գաղափարականը, տեսլականն ու նպատակները չես բաժներ, ինչո՞ւ պիտի մնաս անոր շարքերուն մէջ։ Պարկեշտութիւնը կը պահանջէ, որ հեռանաս, այդ ձեւով արդար ըլլալով թէ՛ դուն քեզի հանդէպ եւ թէ՛ կուսակցութեան։ Այդ պարագային ես պատրաստ եմ քեզ աւելի՛ յարգելու։
Մաս կազմե՞լ, թէ՞ չկազմել, մաս կազմելէ ետք ալ՝ մնա՞լ, թէ՞ հեռանալ. դո՛ւն որոշէ։

Ծանօթ.– Կ՚արժէ կարդալ նաեւ Նիկոլ Աղբալեանի (Ն. Հանգոյց) «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին» (Փարիզ, 1933) գրքոյկը այս հարցին առնչութեամբ։

«Հորիզոն», 2018-10-08 (2049)