Մենենտեզ Ատրպէյճանի Սպառնալիքները Զսպելու Գծով Երաշխիք Կ՛ապահովէ Դեսպանի Թեկնածուէն

Պապ Մենենտեզ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու նշանակուած Ըրլ Լիցընպըրկըրի առաջին հարցաքննութիւնը, որուն ընթացքին ծերակուտական Պապ Մենենտեզ կրցաւ երաշխիքներ ապահովել թեկնածուէն, թէ իր կարելին պիտի ընէ զսպելու համար Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող ռազմատենչ եւ սպառնական յայտարարութիւններն ու առնուող քայլերը։

Լիցընպըրկըր նաեւ աւելցուց, թէ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման կարեւորագոյն նախապայմանն է: Դիւանագէտին համաձայն՝ «աշխարհագրական եւ մշակութային խաչմերուկներուն վրայ գտնուող հարաւային Կովկասը Միացեալ Նահանգներու կենսական շահերուն նպաստող տարածաշրջան մըն է»:

Անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան՝ թեկնածուն ընդգծեց, որ խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, կրկնելով տագնապին լուծման համար կարեւոր երեք սկզբունքները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի Ուաշինկթըն.

1.Ուժի կիրառման կամ սպառնալիքի բացառում.
2.Յարգանք տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ.
3.Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ապահովում։

Պատասխանելով Մենենտեզի այն հարցումին, թէ ապահովական մարզին համար Ատրպէյճանին տրամադրուող աջակցութիւնները պէտք չէ՞ սահմանափակել, Պաքուի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն պատճառով՝ Լիցընպըրկըր ըսաւ. «(Ատրպէյճանի հետ) Համագործակցութեան ընթացքին մենք չափազանց զգոյշ ենք: Միացեալ Նահանգները, Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ կը բացառէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման սպառնացող որեւէ քայլ»:

Ամբողջ վկայութիւնը կարելի է դիտել՝ www.youtube.com/watch?time_continue=2&v=-6B_KluOJ9E կայքէջին վրայ։

Ըրլ Լիցընպըրկըր

Յիշեցնենք, որ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Ատրպէյճանի մօտ դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայզայի նշանակումը երկու առիթներով կասեցուած էր՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ անոր բացայայտ կողմնորոշումներուն պատճառով: Ան աւելի ուշ զարտուղի միջոցներով դեսպան նշանակուեցաւ, որուն հետեւանքով ան միայն մէկ տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս նպատակով տեղեկատուական կայքէջ մը պատրաստած է եւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իր ծերակուտականներուն դիմելով՝ պահանջէ, որ անոնք, իրենց կարգին, պարզաբանումներ պահանջեն դեսպանի նոր թեկնածուի դիրքորշումներուն մասին: Այս արշաւին գործնականապէս մասնակցելու համար, այցելել www.anca.org/azerbaijan կայքէջը:

asbarez.com

5/10/2018

Տպել Տպել