Արամ Կաթողիկոս Եւ Բագրատունի Կը Մերժեն Լիբանանի Հայ Համայնքին Իրաւունքը Խլելու Փորձը

«30 Նախարար Հաշուող Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքը Կը Ներկայացուի Երկու Նախարարով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելով կը գտնուի Ժընեւ, անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Լիբանանի կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան պատկանող երկու նախարարներէն մէկը խլելու փորձեր կը կատարուին:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ «նկատի ունենալով այս լուրերը` առ որ անկ է կ՛ուզեմ իբրեւ պատգամ յիշեցնել բոլորին, թէ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը կը ներկայացուի երկու նախարարով` ոչ աւելի, ոչ պակաս, իսկ այս իրականութեան հակադրուող որեւէ այլ իրականութիւն կը նշանակէ հայութեան իրաւունքները թիրախ դարձնել»:

«30 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ լիբանանահայութիւնը կը ներկայացուի երկու նախարարով, եւ այս իրականութեան շուրջ կարելի չէ խուսանաւումներ կատարել», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Արամ Ա. Վեհափառ Կը Մերժէ Հայ Համայնքին Իրաւունքը Խլելու Փորձը

Այս շրջագիծին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնեց, թէ կը մերժէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուած այն առաջարկը, որ կ՛ընդգրկէ հայ համայնքին պատկանող երկու նախարարներէն միայն մէկը շնորհել անոր, իսկ միւսը` փոքրամասնութիւններուն յատկացնել:

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, իր կարգին պետական բարձրագոյն օղակներուն մօտ շարունակեց պահանջել կազմուելիք կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան լիարժէք իրաւունքը յարգելու սկզբունքը:

Միւս կողմէ, հայ համայնքէն յայտնի հեղինակութիւն մը «Էմ. Թի. Վի.»-ի կայքին յայտնեց, որ նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքը երկու նախարար ունենալու իր իրաւունքէն զրկելու քայլին դիմաց հայկական կուսակցութիւնները եւ հայ եկեղեցին լուռ պիտի չմնան:

Նոյն հեղինակութիւնը շեշտեց, որ հայ համայնքէն նախարարութիւն մը խլելն ու զայն փոքրամասնութեան յանձնելը խստիւ կը մերժուի եւ որոշ քայլեր առնելու դուռ կը բանայ: Աղբիւրը հաստատեց, որ այս հարցը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող լուրջ արգելք մը պիտի ըլլայ:

Իր կարգին, «Ռաստ Նիուզ», իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, գրեց, որ հայ համայնքը կը մերժէ 30 հոգի հաշուող կառավարութեան մէջ միայն մէկ հայ նախարար ունենալու առաջարկը` պնդելով, որ համայնքը կառչած կը մնայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թեկնածու նախարարին եւ երկրորդի մը, որ հայ համայնքի մնացեալ հատուածները կը ներկայացնէ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել