Միջպետական յարաբերութիւնները լաւագոյնս արդիւնաւորելու համար՝ անհրաժեշտ է, որ Գանատան Երեւանի մէջ դեսպանատուն հիմնէ

Հայաստան կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին, վարչապետին ընկերակցող հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Րաֆֆի Տօնապետեան, Շահէն Միրաքեան եւ Յակոբ Թորոսեան։ «Հորիզոն» հարցազրոյց ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ։

Հ.- Պատմական այս այցելութիւնը կը թուի, թէ դրական ներգործօն ազդեցութիւն ունեցաւ հայ-գանատական յարաբերութիւններուն մէջ: Նաեւ ակնյայտ է, որ աւելի քան 5 տասնամեակներու վրայ երկարող Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները արգասաւորուեցան, եւ Գանատայի վարչապետ մը, առաջին անգամ ըլլալով, յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Դուք որ հոն ներկայ էիք, ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք այս պատմական օրը:

Ր.Տ.- Ճիշդ էք, այս մէկը տարիներու աշխատանքի արդիւնք է՝ ե՛ւ գաղութին կողմէ, ե՛ւ Հայաստանի պետութեան կողմէ եւ մանաւանդ՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: Մեր ունեցած փոխյարաբերութիւններու ցանցով չեմ վարանիր ըսելու, որ հիմնական մղիչ ուժը մենք եղած ենք, որ այսպիսի ծրագիր մը յաջողի: Պատմութիւնը երկար է, բայց ասկէ տարիներ առաջ, երբ որոշուեցաւ 2018-ին Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը Երեւանի մէջ գումարել, մենք այդ մէկը լաւագոյն առիթը սեպեցինք մեր ծրագիրներու իրագործման, որոնցմէ յատկապէս՝ որ Գանատայի քաղաքական առաջին դէմքը այցելէ Հայաստան, ապա սկսանք աշխատիլ այս ուղղութեամբ եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեցինք, որ Գանատայի վարչապետը անձամբ մասնակցի վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ նահանգային ղեկավարները, ինչպէս՝ Քեպէգի եւ Նիու Պրունզուիքի: Մեր նպատակն էր, որ վեհաժողովէն առաջ կամ ետք Գանատայի վարչապետը պաշտօնական այց տայ Հայաստան եւ յատկապէս՝ Ծիծեռնակաբերդ, ասիկա նաեւ Հայաստանի պետութեան կողմէ առաջադրուած էր 2 տարի առաջ եւ այժմ, հակառակ որ իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, նոյն առաջադրանքը առկայ էր: Մենք նոյնիսկ վարչապետին շրջանակին փոխանցած էինք, որ առանց Ծիծեռնակաբերդ այցելելու Հայաստանի այցելութիւնը իմաստալից չի կրնար ըլլալ, անշուշտ ուրիշ պահանջքներ ալ ունէինք, օրինակ՝ թէ պայմանագիրներ ստորագրուին, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցով Ֆրանգոֆոնի վեհաժողովին ներկայացուած բանաձեւին՝ Գանատան կողմ քուէարկէ եւ այլն: Ասոնց մեծ մասը իրականացաւ կրնանք ըսել, մէկ մասն ալ, յատկապէս պայմանագիրներու ստորագրութիւնը, յոյսով ենք, որ ապագային կ’իրականանան, երբ յարաբերութիւնները զարգանան երկու երկիրներուն միջեւ: Այս ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներ տակաւին կան անշուշտ:

Գալով պատուիրակութեան հարցին, հայ գաղութին կողմէ պաշտօնապէս պատուիրակութիւն չընկերացաւ վարչապետին, սակայն հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք այդ օրերուն Հայաստան կը գտնուէին, հրաւիրուեցան կարեւորագոյն միջոցառումներուն: Նշեմ երեք հիմնականները. վարչապետ Փաշինեանի կողմէ տրուած ճաշկերոյթը՝ ի պատիւ վարչապետ Թրուտոյի, երկրորդը՝ Ծիծեռնակաբերդի այցն էր, իսկ երրորդը՝ Գանատայի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշ-ընդունելութիւնը, որուն հրաւիրած էին ոչ միայն այդ օրերուն Երեւան գտնուող հայ գաղութի ներկայացուցիչները, այլ նաեւ հայրենադարձ գանատահայեր: Այս առթիւ խօսք առին Գանատայի հայ գաղութի ներկայացուցիչները, հայրենադարձներ, Գանատայի նախարարուհի Մելանի Ժոլին եւ վարչապետը Թրուտօն:

Հ.- Երկու վարչապետները իրենց համագործակցութեան հիմերը գլխաւորաբար կեդրոնացուցին առեւտրական փոխյարաբերութիւններու զարգացման ծիրին մէջ: Անկախ ասկէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատուն հիմնելու հարցը սեղանի վրայ կը դնէ: Ինչքանո՞վ առաջ տարուեցան այս երկու հարցերը:

Ր.Տ.- Նախ պէտք է ըսել, որ այս վեհաժողովը կարեւոր իրադարձութիւն էր, որ առիթ ստեղծեց երկու վարչապետներուն հանդիպման: Հանդիպումները, ըստ էութեան, եղած են արդիւնաբեր, յատկապէս երբ Գանատա կողմ քուարկեց Արցախի բանաձեւին, որ կը շեշտէ, թէ Արցախի հարցը միայն խաղաղութեամբ կրնայ լուծուիլ եւ Մինսկի խմբակին առաջնորդութեամբ: Այս մէկը յաճախ շեշտած ենք նաեւ մենք՝ Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հայաստանի իշխանութիւնները: Այս զարգացումները կրնան նախահարթակ ըլլալ յառաջիկայի մեր ծրագիրներուն, որոնք են յարաբերութիւններ մշակել երկու երկիրներուն միջեւ՝ տնտեսական, մշակութային կամ այլ ասպարէզներու մէջ: Միջ-պետական յարաբերութիւնները լաւագոյնս արդիւնաւորելու համար՝ անհրաժեշտ է, որ Գանատան Երեւանի մէջ դեսպանատուն հիմնէ: Վերջին իրադարձութիւնները եւ երկու վարչապետներուն մօտեցումները կը յուսադրեն, որ հեզասահ կրնան ընթանալ այս ծրագիրներու իրականացումը:

Հ.- Ուշագրաւ երեւոյթ էր այն յայտարարութիւնը, ուր Հայ Դատի բարեկամ, Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ, Գանատայի Խորհրդարանի հանգուցեալ անդամ Առնոլտ Չէնի անուան նախաձեռնութիւնը պիտի սատարէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման: Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ Հոկտեմբեր 14-ին անդրադարձաւ այս մասին:

Ր.Տ.- Ինչպէս որ ըսիք, տարիներու վրայ երկարող տքնաջան աշխատանքներու արդիւնքներն են, զոր կը քաղենք հիմա: Մենք նշած էինք արդէն, որ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին գումարումը լաւագոյն առիթն է մեր նպատակներուն իրականացման: Այս առթիւ վարչապետը եւ Գանատայի իշխանութիւնները վեհաժողովէն քանի մը շաբաթ առաջ մեզի փոխանցեցին երկու որոշումներ. մէկը՝ իրենց կողմէ հայազգի նախկին ծերակուտական Ռէմոն Սեթլաքուին հրաւիրելն է՝ մասնակցելու վեհաժողովին։ Պրն. Սեթլաքուին Գանատայի երկար տարիներ եղած է Գանատայի Ծերակոյտի անդամ եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ 2002-ին, ցեղասպանութեան բանաձեւի ճանաչման՝ Ծերակոյտին մէջ, որ հետագային դարձաւ Գանատայի Խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւ: Նախկին ծերակուտականը Հայաստանի մէջ շատ ոգեւորուած էր եւ հպարտ իր հայկական ծագումով եւ Հայաստանի իրագործումներով: Նշեմ նաեւ, որ Պրն. Սեթլաքուի մտերիմ բարեկամ եղած է վարչապետին հօր՝ Փիեռ Թրուտոյին, որ երկար տարիներ եղած է Գանատայի վարչապետ:

Երկրորդ որոշումը այն էր, որ վարչապետը հրաւիրած էր նաեւ Ժան Եիբը, որ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ Առնոլտ Չէնի կողակիցն է։ ամուսնոյն մահէն ետք տիկին Եիբ դարձած էր իր ընտրատարածքի երեսփոխանը: Վարչապետ Թրուտօ, ի յիշատակ Առնոլտ Չէնի, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար հիմնած է յատուկ ֆոնտ մը: Ֆոնտը պիտի սատարէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, կանանց, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան վերաբերող ծրագիրներու: Նշենք նաեւ, որ Առնոլտը Խորհրդարանի Հայաստան-Գանատա բարեկամական խումբի նախագահը մնաց մինչեւ իր մահը:

Այս բոլորը իսկապէս ողջունելի են մեր կողմէն, որովհետեւ մենք տարիներով պահանջած ենք մեր կառավարութենէն սատարել Հայաստանի ամէն ոլորտներուն մէջ: Շեշտեմ նաեւ, որ տնտեսականն ալ իր կարեւորութիւնը ունի, որպէսզի հայ ժողովուրդը, հայ երիտասարդը, հայ համալսարանականը կարենայ ապրիլ եւ ստեղծագործել, ապագան կերտել իր հայրենիքին մէջ:

Հ.– Հայաստան ձեր այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի ներքին քաղաքական հարթակին վրայ նոր զարգացումներ տեղի ունեցան,: այսօր քաղաքական այդ բեմահարթակին վրայ ո՞ւր է Դաշնակցութիւնը:

Ր.Տ.- Գիտենք, որ 2018 թուականը իսկապէս պատմական տարի մըն էր. Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակն է, Ֆրանգոֆոնի տարին է, Երեւանի 2800-ամեակն է եւ այլն: Այս բոլորին առընթեր նաեւ քաղաքական մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան գարնան Հայաստանի մէջ, որոնք յանգեցան իշխանութեան փոփոխութեան եւ բոլոր իրադարձութիւններու զարգացումները շատ հաւանաբար պիտի յանգին նոր ընտրութիւններու: Ճիշդ է, որ հիմա Հայաստանի մէջ խանդավառութիւն կայ՝ թաւշեայ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք, Քաղաքացիական Պայմանագրութիւն կուսակցութեան առնչութեամբ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ քաղաքական միւս ուժերը տեղ չունին քաղաքական բեմին վրայ:

Դաշնակցութիւնը կենսական դեր ունեցաւ առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ, մեծ դեր ունեցաւ նաեւ ներկայ անկախութեան օրերուն, կարեւոր եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Արցախի Ազատագրական պայքարի ընթացքին, եւ կասկած չունիմ, որ որպէս կուսակցութիւն, պիտի շարունակէ քաղաքական բեմին վրայ գործօն դերակատարութիւն ունենալ: Ըսեմ, թէ յստակ է, որ Դաշնակցութեան համար իշխանութեան գալը ինքնանպատակ չէ, ինչ ալ ըլլայ իրավիճակը, վերիվայրումները շատ հասկնալի են քաղաքական բեմին վրայ, բայց Դաշնակցութիւնը պիտի չվարանի իր սկզբունքները հետապնդելէ՝ այն յոյսով որ երկար տարիներու մեր տեսլականներն ու նպատակները յաջողութեամբ կը պսակուին:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Վահագն Գարագաշեան
horizonweekly.ca

Տպել Տպել