- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութեան Հետ

Շաբաթ, 20 հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մելիք Գարագաւորեան, Յակոբ Հաւաթեան, Ճորճ Սապունճեան եւ Շահան Գանտահարեան: Պատուիրակութեան մէջ ներառուած էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ այցելութեան ընդհանուր նպատակին մասին եւ յատուկ կերպով կարեւոր նկատեց ՀՅ Դաշնակցութեան ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը պետականաշինութեան եւ համահայկական օրակարգերու աշխատանքին մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ-ի անունով ակնարկեց Երեւանի մէջ կայացած Փաշինեան-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանդիպումին ընթացքին բաց եւ անկեղծ խորհրդակցութեան: Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ աշխարհատարած կառոյցները նոյն ձեւով կ՛ընկալեն յեղափոխութեան սկզբունքներն ու նոր Հայաստանի կերտման համար յայտարարուած առաջադրանքները, ինչպէս նաեւ անվերապահօրէն կ՛աջակցին պետականութեան հզօրացման բոլոր աշխատանքներուն:

aztagdaily.com