Սիմոն Զաւարեան (1866-1913). ­Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան ինք­նա­մաքր­ման խստա­բա­րոյ դաշ­նակ­ցա­կա­նը

Հոկ­տեմ­բեր 27ի օ­րը, ա­մէն տա­րի, հա­յաշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան տես­լա­կա­նով տո­չո­րո­ւող գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­ներ, ի­րենց սրտի ու մտքի խո­րա­նին առ­ջեւ, եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ կ’ո­գե­կո­չեն ան­մեռ յի­շա­տա­կը՝ խօսքն ու գոր­ծը, ան­բա­սիր վարքն ու անմ­նա­ցորդ անձ­նո­ւի­րու­մը մեր ժո­ղո­վուր­դի Աշ­խար­հիկ Սուր­բին՝ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի։

27 ­Հոկ­տեմ­բեր 1913ին, ­Պո­լիս հրա­տա­րա­կո­ւող Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րա­տու­նէն ոտ­քով տուն եր­թա­լու ա­մէ­նօ­րեայ իր ճամ­բու ըն­թաց­քին, 47 տա­րե­կա­նին սրտէն կա­թո­ւա­ծա­հար ին­կաւ Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան։

Այդ­պէ՛ս յան­կար­ծա­մահ՝ իր վեր­ջին շուն­չը փչեց հայ ժո­ղո­վուր­դի յե­ղա­փո­խա­կան վե­րած­նուն­դին, այ­լեւ ՀԱ­Յու գա­ղա­փա­րա­կան ինք­նա­մաքր­ման պատ­գա­մա­բերն ու ա­ռա­քեա­լը, որ բա­րո­յա­կան իր խստա­պա­հան­ջու­թեամբ եւ վե­հու­թեամբ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մար­մա­ւո­րեց հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դրօ­շա­կի­րին՝ Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ԽԻՂ­Ճը։

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն սերմ­նա­ցա­նը, այ­լեւ ար­թուն եւ խստա­պա­հանջ պա­հա­պանն ու մշտա­նո­րոգ մղիչ ու­ժը կը հան­դի­սա­նայ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան, ո­րուն ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը ող­բաց բո­վան­դակ հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ իր բո­լոր խա­ւե­րով եւ, մա­նա­ւանդ, քա­ղա­քա­կան բո­լոր հո­սանք­նե­րով։

Զա­ւա­րեան ար­ժա­նա­ցաւ հա­մազ­գա­յին ան­նա­խըն­թաց յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան. ան­կեն­դան մար­մի­նը թա­փօ­րով ­Պո­լի­սէն տա­րո­ւե­ցաւ մին­չեւ ­Թիֆ­լիս, որ­պէս­զի իր վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտնէր ­Խո­ջի­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնն ու ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, ի ­Հա­յաս­տան եւ սփիւռս աշ­խար­հի, բո­լոր ծա­գե­րէն փու­թաց ար­ժա­նին մա­տու­ցե­լու հա­յու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան վե­րած­նուն­դին ­Մեծ Ու­սու­ցի­չին, Աշ­խար­հիկ ­Սուր­բին, Ըն­կե­րա­յին ­Նա­զով­րե­ցիին եւ Գա­ղա­փա­րի ­Մար­տի­կին։

Զա­ւա­րեան ար­դա­րօ­րէն հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Խիղ­ճը՝ գա­ղա­փա­րի իր ըն­տա­նի­քին կող­մէ, իր կեն­դա­նու­թեան իսկ։ ­Չէր կրնար տար­բեր ար­ժե­ւո­րում ստա­նալ Զա­ւա­րեա­նով միս ու ոս­կոր կա­պած Խս­տա­բա­րոյ ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նը, որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր՝ գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րէն պա­հան­ջեց — անձ­նա­կան ան­սա­կարկ ու գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան իր սե­փա­կան վա­րա­կիչ օ­րի­նա­կը ա­մէ­նուր վառ պա­հե­լով — հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի ի­րենց ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը փնտռել գա­ղա­փա­րա­կան պար­տա­ւո­րու­թեանց խղճա­միտ կա­տար­ման մէջ, այլ ոչ թէ կու­սակ­ցա­կա­նի ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն հե­տապնդ­ման մէջ։
Հայ բա­նաս­տեղ­ծը ­Զա­ւա­րեա­նի մէջ մե­ծա­րեց ու ան­մա­հա­ցուց ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի «Ըն­կե­րա­յին ­Նա­զով­րե­ցին», ո­րով­հե­տեւ Աս­տո­ւա­ծոր­դի ­Նա­զով­րե­ցիին մաք­րա­մաք­րու­թեամբ՝ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան մին­չեւ վեր­ջին շունչ անվ­հատ պայ­քար մղեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան կռո­ւի սրբա­զան դաշտն ու գա­ղա­փա­րա­կան տա­ճա­րը ա­րա­տա­ւո­րող յո­ռի բար­քե­րուն՝ գձուձ ե­սա­սի­րու­թեանց, ման­րու­մեծ շա­հախնդ­րու­թեանց եւ ա­մէն կար­գի մե­ղան­չանք­նե­րուն դէմ։

Իսկ հայ մտա­ւո­րա­կանն ու ազ­գա­յին գոր­ծի­չը հա­րա­զատ թարգ­մա­նը հան­դի­սա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտին ու մտքին, երբ ­Զա­ւա­րեա­նին մէջ տե­սաւ ու ար­ժե­ւո­րեց հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման յա­ռա­ջա­պահ «Աշ­խար­հիկ ­Սուրբ»ը, որ հա­ւատք սեր­մա­նեց եւ իր անձ­նո­ւի­րու­թեամբ ու գա­ղա­փա­րա­կան կու­սակ­րօ­նու­թեամբ հա­ւա­տա­ւոր­նե­րու սե­րունդ ստեղ­ծեց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թե­նէն.

— ­Հա­ւատք՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քակր­թա­կան յա­ռա­ջա­դէմ կո­չու­մին հան­դէպ։

— ­Հա­ւատք՝ ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի մէջ ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան հան­դէպ։

— ­Հա­ւատք՝ մա­նա­ւա՛նդ մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­ներն ու սայ­թա­քում­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ ­Հա­ւա­քա­կան ­Կամք ու ­Կազ­մա­կերպ Ուժ կո­փե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր նե­րոյ­ժին հան­դէպ։

Իբ­րեւ ­Հա­ւատ­քի ­Սերմ­նա­ցան՝ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան յա­ջո­ղե­ցաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ բա­ռին խո­րա­գոյն ի­մաս­տով խստա­բա­րոյ ա­ռա­քեա­լի կեանք ապ­րե­ցաւ՝ կեն­դա­նի գոր­ծով թոյլ չտա­լով, որ մե­ռեալ խօս­քի ճա­կա­տագ­րին դա­տա­պար­տո­ւին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ իր պաշտ­պա­նած եւ տա­րա­ծած յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ան­կեղծ դաշ­նադ­րու­թեան եւ միաս­նու­թեան ան­մեռ գա­ղա­փար­նե­րը՝ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ մեծ ուս­մուն­քը։

«­Խօս­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռեալ է» պատ­գա­մով ալ ­Զա­ւա­րեան հե­ռա­ցաւ աշ­խար­հիկ այս կեան­քէն։ Իր մա­հո­ւան օ­րը «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րու­թեան յանձ­նած էր նոյն այդ խո­րագ­րով իր վեր­ջին յօ­դուա­ծը, որ այդ­պէ՛ս դար­ձաւ գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կը հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան վե­րած­նուն­դի ճա­կա­տա­բաց դրօ­շա­կի­րին։

Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի լեռ­նա­յին եւ ան­տա­ռուտ ­Լո­ռիի զա­ւակն էր։ Ծ­նած էր 1866ին, Այ­գե­հատ գիւ­ղը: Ինչ­պէս որ Ս. Վ­րա­ցեան կը վկա­յէ Հ.Յ.Դ. Վաթ­սու­նա­մեա­կին ա­ռի­թով իր խմբագ­րած «­Յու­շա­պա­տում»ին մէջ, Այ­գե­հա­տի բնա­կիչ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ազ­նո­ւա­կան տոհ­մե­րէ սե­րած էին: Ազ­նո­ւա­կան ծա­գում ու­նէր եւ ­Զա­ւա­րեան ըն­տա­նի­քը: Ո­րո­շա­պէս ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի նկա­րագ­րին եւ ան­հա­տա­կա­նու­թեան վրայ զգա­լի էր տի­րա­կան դրոշ­մը ազ­նո­ւա­կա­նու­թեան, որ կը դրսե­ւո­րո­ւէր սե­փա­կան ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան շեշ­տա­կի գի­տակ­ցու­մով եւ, ան­կէ թե­լադ­րո­ւած, նախ սե­փա­կան ան­ձին նկատ­մամբ խստա­պա­հանջ գտնո­ւե­լու եւ ա­պա այ­լոց խստա­կեա­ցու­թեան ու բա­րո­յա­պաշ­տու­թեան մղե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։
Տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ գիւ­ղին մէջ եւ հա­զիւ 7-8 տա­րե­կան էր, երբ ղրկո­ւե­ցաւ Թիֆ­լիս, ուր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան ու­սու­մէ ետք մտաւ պե­տա­կան ­Ռէա­լա­կան դպրո­ցը եւ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց զայն։

Այ­նու­հե­տեւ մեկ­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ Ըն­դու­նո­ւե­ցաւ հռչա­կա­ւոր «­Պետ­րով­կա» ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Ճե­մա­րա­նը եւ ա­ւար­տեց 1889ին՝ ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կով: ­Զա­ւա­րեա­նին ա­ռա­ջար­կե­ցին մնալ ­Ճե­մա­րան եւ դա­սա­ւան­դել, բայց ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ միա­ժա­մա­նակ յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու բո­վէն ան­ցած եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան նո­րա­ծիլ շարժ­մու­մին գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած ­Զա­ւա­րեա­նը նա­խընտ­րեց վե­րա­դառ­նալ ­Թիֆ­լիս ու նո­ւի­րո­ւիլ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ընդ­լայն­ման եւ կազ­մա­կերպ­ման սուրբ գոր­ծին։

Մոս­կո­ւա­յի ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րը ­Զա­ւա­րեա­նի մէջ պար­զա­պէս ամ­րապն­դե­ցին եւ գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն հու­նա­ւո­րե­ցին հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պա­քա­րին նո­ւի­րո­ւե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Թիֆ­լի­սի ա­շա­կեր­տա­կան իր օ­րե­րէն իսկ, ­Զա­ւա­րեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած էր ինք­նա­զար­գաց­ման խմբակ­նե­րու կազ­մու­թեան ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան գիր­քե­րու եւ մա­մու­լի ըն­թե­ցա­նու­թեամբ գա­ղա­փա­րա­կան դաշ­նու­թիւն եւ միու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լու փոր­ձե­րուն մէջ։

Մոս­կո­ւան լայն հո­րի­զոն բա­ցաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քը նոր թե­ւա­կո­խած Զա­ւա­րեա­նի առ­ջեւ, որ ի­րեն հո­գե­հա­րա­զատ գտաւ հա­մա­ռու­սա­կան «­Նա­րոդ­նա­յա Վո­լիա» («­Ժո­ղովր­դա­յին ­Կամք») յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը, ո­րուն հա­մակ­րող­ներ էին նաեւ, նոյն­պէս ուս­ման հա­մար ­Մոս­կո­ւա գտնո­ւող, Ք­րիս­տա­փորն ու ­Հայր Աբ­րա­հա­մը, Ռոս­տոմն ու ­Մար­տին ­Շաթ­րեա­նը, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեանն ու յե­ղա­փո­խա­շունչ այլ հայ ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք եւ շու­տով պի­տի դառ­նա­յին հիմ­նա­դիր կո­րի­զը ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ստեղ­ծու­մին։

Հե­տե­ւա­բար, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, իբ­րեւ գիւ­ղատն­տես պե­տա­կան աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւե­լով հան­դերձ՝ ­Զա­ւա­րեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան խմբակ­նե­րը ի մի բե­րող ա­պա­կեդ­րոն կազ­մա­կեր­պու­թեան մը ստեղ­ծու­մին՝ յատ­կա­պէս Ք­րիս­տա­փորն ու Ռոս­տո­մը ու­նե­նա­լով իբ­րեւ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից։ Ա­նոնց միա­ցեալ ջան­քով՝ 1890ի ա­մա­ռը, գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը, ուր ­Զա­ւա­րեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին պա­տաս­խա­նա­տու մարմ­նին` ­Կենտ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ:

Հիմ­նա­դիր ­Ժո­ղո­վէն յե­տոյ, Հ.Յ.Դ. ­Կենտ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ո­րո­շու­մով՝ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ցրո­ւե­ցան զա­նա­զան շրջան­ներ, նո­րաս­տեղծ կազ­մա­կեր­պու­թեան դրօ­շին տակ հա­մախմ­բե­լու հա­մար ար­դէն գոր­ծող կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու խմբա­ւո­րում­նե­րը: ­Զա­ւա­րեան, ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի հետ, ան­ցաւ Տ­րա­պի­զոն՝ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նով: ­Սա­կայն չկրցաւ եր­կար մնալ Տ­րա­պի­զո­նի մէջ, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ձեր­բա­կա­լե­ցին Զա­ւա­րեանն ու Ար­ղու­թեա­նը՝ իբ­րեւ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու։ ­Զա­ւա­րեան դա­տո­ւե­ցաւ եւ դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, յան­դուգն պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նով մը, խա­րա­զա­նեց Սուլ­թա­նի նե­խած վար­չա­ձե­ւը։ ­Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ չորս տա­րո­ւան բեր­դար­գե­լու­թեան դա­տավ­ճիռ: ­Շու­տով, սա­կայն, ռու­սա­կան դես­պա­նի մի­ջամ­տու­թեամբ, ­Զա­ւա­րեան ու Ար­ղու­թեան — իբ­րեւ ռու­սահ­պա­տակ­նե­րու — յանձ­նուե­ցան ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց, ո­րոնք զոյգ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րըն աք­սո­րե­ցին ­Բե­սա­րա­բիա, ուր աք­սո­րո­ւած էր նաեւ Ք­րիս­տա­փոր:

Աք­սո­րէն վե­րա­դառ­նա­լէ ետք, 1892ին, ­Զա­ւար­յան մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, որ­մէ ետք՝ Ք­րիս­տա­փո­րի ու ­Ռոս­տո­մի հետ մշա­կեց կու­սակ­ցու­թեան Ծ­րա­գիր-­Կա­նո­նա­գի­րը:

Այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ 1902, ­Զա­ւա­րեան մնաց ­Թիֆ­լիս, իբ­րեւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ու կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը: 1902ի գար­նան, երբ Ք­րիս­տա­փո­րը «­Փո­թո­րիկ»ի գոր­ծով ­Ժը­նե­ւէն ան­ցաւ ­Ռու­սաս­տան, զայն փո­խա­րի­նե­լու հա­մար ­Ժը­նեւ մեկ­նե­ցաւ ­Զա­ւա­րեան՝ իբ­րեւ «Դ­րօ­շակ»ի խմբագ­րու­թեան ան­դամ, Է. Ակ­նու­նիի եւ Մ. ­Վա­րան­դեա­նի հետ միա­սին։

1904ին գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին (­Սո­ֆիա­յի մէջ) ո­րո­շո­ւե­ցաւ, որ Զա­ւա­րեան իբ­րեւ գոր­ծիչ անց­նի ­Կի­լի­կիա՝ ­Խա­նա­սո­րի ­Վար­դա­նին հետ, տեղ­ւոյն վրայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մը ժո­ղովր­դա­յին ու­ժեղ հի­մե­րու վրայ դնե­լու յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։

1906ին ­Զա­ւա­րեան վերս­տին ­Թիֆ­լիս էր, ուր նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Ազ­գա­յին ­Կենտ­րո­նա­կան ­Ժո­ղո­վին, որ հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վերս­տա­ցու­մէն եւ հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րէն ետք՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն լու­ծում տա­լու կո­չո­ւած կա­րե­ւոր ժո­ղո­վը ե­ղաւ։

1908ին, երբ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մին զու­գա­հեռ ­Կով­կա­սի մէջ ծայր ա­ռին ցա­րա­կան հա­լա­ծանք­նե­րը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ, ­Զա­ւա­րեան ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր գոր­ծեց իբ­րեւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քը։
1911ի ա­մա­ռը ­Զա­ւա­րեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Վե­ցե­րորդ Ընդհ.­Ժո­ղո­վին, ­Պո­լիս: Իթ­թի­հա­տի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան փոր­ձե­րուն վեր­ջա­կէտ դնող այդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վէն յե­տոյ, ­Զա­ւա­րեան շա­րու­նա­կեց մնալ ­Պո­լիս։

Ապ­րե­ցաւ «Ե­սա­յեան» վար­ժա­րա­նի ու­սու­չա­կան պաշ­տօ­նէն ստա­ցած հա­մեստ աշ­խա­տա­վար­ձով՝ դպրո­ցէն դուրս իր ամ­բողջ ժա­մա­նակն ու ե­ռան­դը նո­ւի­րե­լով կու­սակ­ցու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան:

Այդ շրջա­նին էր, որ ­Թուր­քիոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նի ո­րո­շու­մով՝ ­Զա­ւա­րեան՝ իբ­րեւ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ընդ­հա­նուր քննի­չի, ղրկո­ւե­ցաւ գա­ւառ­նե­րը, ուր ոչ միայն մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ տի­րող կա­ցու­թեան եւ իր նպաս­տը բե­րաւ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման հա­մար բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծու­մին, այ­լեւ՝ նո­րո­վի թափ տո­ւաւ Երկ­րի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մին եւ դի­մադ­րա­կան կո­րո­վի ու­ժե­ղա­ցու­մին։

Միա­ժա­մա­նակ՝ ­Զա­ւա­րեան մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն, իր ստո­րագ­րած յօ­դո­ւած­նե­րով հու­նա­ւո­րե­լով ինչ­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, նոյն­պէս եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թիւ­նը՝ ներ­քին-ազ­գա­յին թէ ար­տա­քին-մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րու նկատ­մամբ։

Յատ­կա­պէս այդ շրջա­նի իր գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ պաշտ­պա­նած գա­ղա­փար­նե­րով, հայ ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան խո­ցե­լի ծալ­քերն ու յո­ռի բար­քե­րը մեր­կաց­նող եւ խա­րա­զա­նող իր հե­տե­ւո­ղա­կան ու­ղեգ­ծով եւ վար­քով, ­Զա­ւա­րեան դար­ձաւ հո­գե­հա­րա­զատ պատ­գա­մա­բե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան վե­րած­նուն­դին։ Ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը խո­րա­պէս ցնցո­ւե­ցաւ, երբ 27 ­Հոկ­տեմ­բեր 1913ին ճա­կա­տա­գի­րը այդ­պէս՝ յան­կա՛րծ կտրեց կեան­քի թե­լը ­Գա­ղա­փա­րի մեծ ու­սու­ցի­չին, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Խիղ­ճը մարմ­նա­ւո­րած ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի «Աշ­խար­հիկ Սուրբ»ին, հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիով իր կա­պանք­նե­րէն ա­զա­տագ­րե­լու ե­լած «Ըն­կե­րա­յին ­Նա­զով­րե­ցի»ին։

Այ­սօր կը լրա­նայ 105ա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ ­Մե­ծե­րու փա­ղան­գին մէջ իր ու­րոյն եւ բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի, ո­րուն Անձն ու Գոր­ծը, կեանքն ու վար­քա­գի­ծը մեր օ­րե­րուն եւս գա­ղա­փա­րա­կան փա­րո­սի պէս կը լու­սա­ւո­րեն ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ինք­նա­մաքր­ման՝ ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան ու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման դժո­ւա­րին եր­թը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի անխ­տիր բո­լոր կո­չե­ցեալ­ներն ու ընտ­րեալ­նե­րը յե­ղա­փո­խա­կան մեծ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ ի մի բե­րե­լու, կու­սա­կից­նե­րու վե­րա­ծե­լու եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄ­Քի ու­ժով ազ­գա­կեր­տու­մի եւ հայ­րե­նա­կեր­տու­մի սրբա­զան պայ­քա­րը մշտա­նո­րոգ թա­փով յա­ռաջ մղե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան պատ­գա­մա­բերն է ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան։

Ն.

Տպել Տպել