Հայ Դատի Աջակցութիւնը Վայելող Քոնկրեսի Թեկնածուներուն 92 Տոկոսը՝ Յաղթական

Աննա Էշու, Ճեքի Սփիր եւ Էնթընի Պրինտիս

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՅ ԱՆԴԱՄԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու տարածքին 6 Նոեյմբերին տեղի ունեցած Քոնկրեսի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը վայելող հայամէտ թեկնածուներուն մօտաւորապէս 92 տոկոսը կամ առաւել քան 165 քոնկրեսականներ կրցան յաղթանակներ արձանագրել։

Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուեցան կամ վերընտրուեցան երեք հայ օրէնսդիրներ, երբ Նիւ Եորքէն Էնթընի Պրինտիսի եկած է միանալու արդէն իսկ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ՝ Աննա Էշուին եւ Ճեքի Սփիրին:

Էնթընի Պրինտիսի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած գաղթականներու ծոռն է: Անոր նախնիները ծնած են Արեւմտեան Հայաստան, իսկ Ցեղասպանութեան օրերուն գաղթած են Հալէպ: Պրինտիսի ընդգծեց, որ անհամբեր կը սպասէ ամերիկահայ համայնքին եւ Քոնկրեսի հայ եւ հայամէտ ներկայացուցիչներուն հետ աշխատելու, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւնները յառաջ մղելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար:

Սակայն, Տենի Թարխանեան չկրցաւ Նեւատայի Ներկայացուցիչներու տան աթոռներէն մէկը խլելու իր պայքարին մէջ յաջողիլ։

Ծերակոյտի ընտրութիւններուն, Նիւ Ճըրզիէն վերընտրուեցաւ իր հայամէտ կեցուածքներով յայտնի Պապ Մենենտեզ։

Վերընտրուեցան նաեւ ընտրութեանց մասնակցող Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հինգ ղեկավարները՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ, Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս, մինչ Ցեղասպանութեան բանաձեւներուն դէմ պայքարող եւ Քոնկրեսի Թրքական համախմբումի համաատենապետ Փիթ Սեշընզ պարտութիւն կրեց։

«6 Նոյեմբերը լաւ օր մըն էր հայամէտ քոնկրեսական թեկնածուներուն համար։ Հայ Դատը ուրախ է, որ հայ ընտրազանգուածը քուէարկութեան մղելով՝ նպաստեց նշեալ թեկնածուներուն յաղթանակին, նոյն ժամանակ ապահովելով հայ քուէարկողներու մասնակցութեան նոր մրցանիշ մը, հզօրացնելով հայութեան քաղաքական ձայնը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

asbarez.com

Տպել Տպել