Հրաչ Փափազեան (1892- 1960 ). Կուսակցական քաղաքական գործիչ, «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչներից մէկը

Աւազանի անունով` Կարապետ-Կարպիս, Հրաչ Փափազեան ծնած է Եոզկատ, 19 Յունիս 1892-ին:

Եօթը տարեկանին կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր հինգ տարի մնալէ ետք, 1904-ին կը ղրկուի Պոլիս իր ազգականներուն մօտ. հոն կը ստանայ իր կրթութիւնը եւ 1910-ին կը մտնէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:

Ա. Աշխարհամարտի անմիջական վաղորդայնին, երբ ՀՅ Դաշնակցութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պոլիսէն փախստական կամ Պոլիս պահուըտած եղեռնագործներուն հետքերը գտնելու եւ զանոնք պատժելու անհրաժեշտութեան վրայ, կը փնտռուէին նուիրեալներ, որոնց պիտի վստահուէին այդ հետապնդումները եւ անոնց յաջորդելիք ահաբեկումները: Ուրիշներու կարգին, Հրաչ Փափազեան եւս կըլլայ ընտրեալներէն մէկը:

Պատերազմի հռչակումէն ետք կը ղրկուի զինուորական վարժարան` պահեստի սպայ դառնալու համար: Հազիւ սպայի աստիճանը ստացած` կը փախչի եւ կը պահուըտի նախ` Պոլիս եւ ապա, պատերազմի վերջին տարին, թուրք սպայի մը ինքնութեան թուղթով կը յաջողի հասնիլ Հալէպ եւ դարձեալ կորսնցնել իր հետքը: Զինադադարին Հալէպ է եւ 1919-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Աչքերով կը տեսնէ Մեծ եղեռնը եւ սիրտը կը լեցուի արդարահատուցման տենչով:

Գործի մարդ էր Հրաչ Փափազեան, եւ օր մըն ալ, իր առաջարկով, իրեն կը վստահուի ամէնէն պատասխանատու աշխատանքներէն մէկը, Պերլինի մէջ:

Թալէաթի ահաբեկումէն ետք անցած էր շուրջ վեց ամիս: Պերլինի մէջ, ուր խմբուած էր ջարդարարներու խումբը, անկարելի կը դառնար գտնել հետքը տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրին:

Պերլին գտնուող հայ հետախոյզները կարողացած էին երեւան հանել հետքը Տրապիզոնի հայերու ջարդարար կուսակալ Ճեմալ Ազմիին, որ սիկարէթի խանութ մը բացած էր: Կարողացած էին գտնել նաեւ հետքերը Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն եւ ապա Պէյրութի կուսակալ Ազմիին եւ նաեւ ուրիշներու, բայց տակաւին անյայտ կը մնար Պեհաէտտինի թաքստոցը: Յապաղումը կրնար ձախողեցնել անոր դէմ արձակուած մահավճիռին գործադրութիւնը, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը ան կրնար հեռանալ Պերլինէն: Ասկէ զատ, կարեւոր էր բուն իսկ ոճրագործներուն շրջապատէն իմանալ անոնց մշակած ծրագիրները եւ տեղեկանալ անոնց շարժումներուն, որպէսզի ըստ այնմ ձեռք առնուէին անհրաժեշտ միջոցները:

Եւ Հրաչն է, որ կառաջարկէ Պոլսոյ պատասխանատու մարմինին. թուրքի ծպտումով երթալ Պերլին եւ հոն ստեղծել ջարդարարներու շրջանակին մօտենալու եւ անոնց հետ մտերմանալու պատեհութիւնը: Լաւ թրքագէտ եւ թրքախօս, մօտէն ծանօթ թրքական բարքերուն եւ կրօնական սովորութիւններուն, այլեւ` մեծապէս պաղարիւն եւ շրջահայեաց, ան կը ցուցաբերէ առաջադրուած գործը լաւագոյն արդիւնքով գլուխ հանելու ինքնավստահութիւնը: Առաջարկը կ՚ընդունուի:

Հրաչ Պոլիսէն կը մեկնի Պերլին, կը վերածուի «թուրք» Մեհմէտ Ալիի եւ թուրք ջարդարարներու շրջանակը թափանցելով իր մեծ նեդրումը կ՚ունենայ Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման: Փաստօրէն ան հող պատրաստեց այս վրիժառութեան:

Հրաչ 1922-ին կը հեռանայ Պոլիսէն եւ կանցնի Յունաստան, ուր կը զբաղի ազգային, քաղաքական եւ կուսակցական աշխատանքներով:

Ընդմիջումներով կը մնայ Աթէնք եւ Սելանիկ, մինչեւ 1926-ի վերջերը եւ ապա կուսակցական գործով կը հաստատուի Հալէպ:

Շրջան մը, Յակոբ Սիմոնիի հետ, ան կը զբաղի Տերսիմի քրտական ապստամբութեամբ:

Սուրիոյ մէջ Հրաչ Փափազեան կապրի ամբողջ երեսնամեակ մը եւ կ՚ունենայ պատկառելի գործունէութիւն մը` քաղաքական, ազգային, կուսակցական եւ հասարակական բոլոր ճակատներուն վրայ:

1932-ին եւ 1943-ին ան կ՚ընտրուի երեսփոխան սուրիական խորհրդարանին: Ամէնէն մօտիկ գործակիցը կ՚ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.-ին, երբ ան Բերիոյ թեմի առաջնորդ էր: Յաճախ կայցելէ Լիբանան, Եգիպտոս, Իրան, Իրաք, Եւրոպա եւ այլն, գլխաւորաբար կուսակցական գործերով: ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին կ՚անդամակցի 1947-էն 1959 եւ կը մասնակցի կուսակցութեան գրեթէ բոլոր ընդհանուր ժողովներուն, 1923-էն մինչեւ 1959:

Հրաչ Փափազեան կամքէ անկախ պատճառներով Պէյրութ կը փոխադրուի 1957-ին, երբ անողոք հիւանդութիւնը սկսած էր արդէն գործել իր աւերը: Իր կեանքին վերջին ամիսները ծանր տառապանք մը կըլլան իրեն համար: Այդ տառապանքով ալ ան աչքերը կը փակէ 16 Օգոստոս 1960-ին, Շթորայի մէջ եւ ազգային յուղարկաւորութեամբ մը կը թաղուի Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատան մէջ, Պէյրութ:

(Նեմեսիս) Հրաչ Փափազեանի նուիրուած երգ (2012), կատարողութեամբ՝ Գառնիկ Սարգիսեանի

Տպել Տպել