- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

24 Սեպտեմբեր 1920. Առանց պատերազմ յայտարարելու՝ թրքական բանակը յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ

92 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 24ի այս օրը, իրաւականօրէն տակաւին Օսմանեան Կայսրութիւն կոչուող Թուրքիոյ այսպէս ըսուած «ազգային բանակ»ը, երիտասարդ զօրավար Մուսթաֆա Քեմալի հրահանգով, յարձակեցաւ անկախ Հայաստանի վրայ՝ առանց, սակայն, պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարելու…

Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումին մահացու հարուածը տուաւ 1920 թուականի Սեպտեմբերի վերջերուն բռնկած Հայ-Թրքական միջ-պետական առաջին – եւ, ի դէպ, վերջին այդ պատերազմը -, որ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ թուականներէն մէկը եւ, իր ծանրագոյն հետեւանքներով ու դաժան դասերով, անջնջելի եւ առանձնայատուկ տեղ գրաւեց հայոց ազգային յիշողութեան մէջ։
Այդպէ՛ս, թրքավա՛րի՝ 1920 թուականի Սեպտեմբեր 24ին, Մուսթաֆա Քեմալի հրահանգով եւ առանց պատերազմի պաշտօնական յայտարարութեան, թրքական բանակը ներխուժեց Հայաստան։

Բռնկեցաւ հայկական եւ թրքական պետութեանց միջեւ պատմութեան ծանօթ միակ պատերազմը, որ երկու ամիս ետք աւարտեցաւ ոչ միայն Հայաստանի անկախութեան կորուստով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով ու գերեվարումով, այլեւ‘ հայկական հողերու ծանրագոյն կորուստով։
Աշխարհաքաղաքական հակասութիւններով լեցուն եւ միջազգային թէ տարածաշրջանային բախտորոշ վերիվայրումներով յատկանշուող պատմական Պահ էր 1920ի աշնանամուտը։

Առաջին Աշխարհամարտի յաղթական Դաշնակիցները, անգլիացիներու եւ ֆրանսացիներու գլխաւորութեամբ, գինովցած էին պատերազմը կորսնցուցած Կայսերական Գերմանիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան լուծին տակ գտնուող տարածքները, իբրեւ գաղթատիրական աւար, իրենց միջեւ բաժնելու խօլ մրցապայքարով։
Հայաստան Աշխարհը պարփակող տարածաշրջանին մէջ, հիւսիսի մեծապետական ախոյեանը՝ Ցարական Կայսրութիւնը փուլ եկած էր, տեղի ունեցած էին 1917ի փետրուարեան եւ հոկտեմբերեան յեղափոխութիւններն ու յեղաշրջումները, Լենինի պոլշեւիկները ռազմաճակատներէն «դէպի Տուն» կանչած էին ռուսական զօրքերը, որոնք Կարմիր Բանակի համազգեստ հագած նետուած էին կռուի նոր դաշտ, մէկ կողմէ ռուս հակապոլշեւիկեան Սպիտակ բանակայինները ոչնչացնելու, իսկ միւս կողմէ նոր կայսրութիւն մը՝ Խորհրդային Միութիւնը կեանքի կոչելու համար…

Օսմանեան Կայսրութիւնը տակաւին կը շարունակէր քաշքշել իր գոյութիւնը, աւելի ճիշդ՝ յաղթական Դաշնակիցները իբրեւ իրենց հլու-հնազանդ խամաճիկը կը պահպանէին զայն, բայց քեմալական ազգայնականութիւնը արդէն պարզած էր թրքական պետութիւնը իր անցեալի «փառք»ով վերականգնելու սրբազան պատերազմի դրօշը։
Իթթիհատականներու երէկի գործակիցն ու բանակային հրամանատարը՝ Մուսթաֆա Քեմալ իր շուրջ համախմբած էր պարտեալ թրքական բանակի մնացորդը եւ տենդագին փնտռտուքի մէջ էր՝ գտնելու իր հետեւորդները սպառազինող եւ սնունդով ապահովող ռազմական դաշնակիցը։ Լենին փութաց գրաւելու… քեմալական ազգայնականութեան «կնքահայր»ի թափուր աթոռը։

Ի՞նչ պատկեր կը պարզէր Հայաստանը պատմական այդ բախտորոշ Պահուն։

Հայաստանի անկախութիւնը միջազգային ճանաչումի արժանացած էր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաստատաքայլ կþառաջանար հայոց ազգային պետականութեան կռուանները ամրապնդելու ճակատներուն վրայ, սովի ու գաղթականութեան «անձեւ քաոս»ը աստիճանաբար անցեալի տխուր յուշ կը դառնար, Հայկական Բանակը արագօրէն կþուժեղանար, յաղթահարած էր Մայիս 1920ի պոլշեւիկեան խռովութեանց բացած ներքին վէրքը եւ կտրած էր Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ուղղութեամբ յառաջանալու ռուպիկոնը՝ հազիւ շաբաթներ առաջ ստորագրելով, Օսմանեան Կայսրութեան պաշտօնական իշխանութեանց կողքին, 10 Օգոստոս 1920ի Սեւրի Դաշնագիրը, հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներն ու Հայաստանի Հանրապետութեան բնական ու ընդլայնուած սահմանները իրաւականօրէն հաստատագրող միջազգային Պարտամուրհակը։
Յատկապէս այս վերջինի՝ Սեւրի Դաշնագրին ստորագրումը եղաւ այն արագացուցիչը, որ Լենինի եւ Քեմալի միջեւ ամիսներ առաջ սկսած գործակցութեան եւ զինակցութեան ուխտ կնքելու գաղտնի բանակցութիւնները հասցուց իրենց սադայէլական պսակումին։

Ռուսական ոսկիներով եւ զէնքերով ուժեղացած թրքական զօրքերը այլեւս պատճառ չունէին ձգձգելու Հայաստանի վրայ իրենց յարձակումը։

Եւ 24 Սեպտեմբերին, միջազգային պետական իրաւակարգը արհամարհելով, առանց պատերազմի պաշտօնական հռչակման, քեմալական բանակը սկսաւ իր արշաւանքը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։
Անակնկալի եկած Հայկական Բանակը, սկզբնական ընկրկումներէ ետք, ամբողջական թափով նետուեցաւ կռուի դաշտ եւ, որոշակի նահանջներով հանդերձ, յաջողեցաւ կասեցնել քեմալական յառաջխաղացքը։
Բայց ոչ միայն թրքական զօրքը անհամեմատօրէն ուժեղ էր, այլեւ քեմալական արշաւանքին անմիջապէս հետեւցաւ հիւսիսէն եւ արեւելքէն Կարմիր Բանակի ընդհանուր գրոհը՝ Հայաստանը թիկունքէն հարուածելու եւ Հայկական Բանակը երկու մեծապետական ուժերու աքցանին մէջ առնելու ռազմավարութեամբ։

Այդպէ՛ս էր, որ իբրեւ Հայ-թրքական պատերազմ սկսաւ, բայց անմիջապէս «Հայաստանը թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ» կործանելու ահաւոր դաւադրութեան իր դաժանագոյն էութիւնը մերկացուց 1920ի աշնան արձանագրուած Ողբերգութիւնը։

Շարունակութիւնը պարզապէս 24 Սեպտեմբերի ներխուժման սեւ էջին ողբերգական գոյները խտացնող պարտութիւններու եւ ընկրկումներու շարան մըն է, որ յանգեցաւ 1920ի Դեկտեմբեր 2ին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իշխանութիւնը խորհրդայիններուն զիջելուն եւ Դեկտեմբեր 3ին Ալեքսանդրապոլի անձնատուական դաշնագրի ստորագրութեան։

Հայոց նորագոյն պատմութեան այդ սեւ թուականներուն եւ անոնց առընչուող դասերուն անպայման կþարժէ առանձնաբար անդրադառնալ։ Հո՛ս, յուշատետրի 24 Սեպտեմբերի էջով, ուղղակի տե՛ղն է անդրադառնալու թրքական քաղաքականութեան բնորոշ այն հիմնական‘ վարքագծային առանձնայատկութիւններուն, որոնք պատմութեան դաժան դասերուն մաս կը կազմեն արդէն, բայց որոնք դեռ չեն իւրացուած անհրաժեշտ խորութեամբ‘ հայ քաղաքական մտքի անխտիր բոլոր հոսանքներուն կողմէ։

Թրքական պետութեան համար, Օսմանեան ըլլայ անիկա թէ Հանրապետական կամ կիսամահմետական, հիմնական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայկական Հարցէն ձերբազատումը, ի հարկին Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդը ֆիզիքապէս կործանելու ճամբով։ Սուլթան Համիտ կոչուին թէ Թալէաթ փաշա, Քեմալ Աթաթիւրք անուանուին թէ արեւմտականացած մահմետականի պատմուճան հագած Էրտօղան ըլլայ իրենց անունը‘ թրքական պետութեան վարիչները միեւնոյն քաղաքականութեան կը ծառայեն եւ տարբեր վարքագիծ չեն կրնար ունենալ.

– Պարզապէս կը շարժին ու կը գործեն մէկ ու միակ այն մտասեւեռումով, որ տուեալ Պահու միջազգային պայմաններուն համապատասխան պատշաճեցումներ կատարելով՝ յաջողին իր աւարտին հասցնել Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու թրքացման ռազմավարութիւնը։ Թուրք պետական այն յանցագործ քաղաքականութիւնը, որ ծայր առաւ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութեամբ եւ շարունակուեցաւ, Սեպտեմբեր 1920ին, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պետական լիարժէք անկախութեան կործանումով։

Պատմական ճշմարտութիւն է, որ ո՛չ 1915ով սկսաւ, ոչ ալ իթթիհատականներու անփառունակ պարտութեամբ վերջ գտաւ Հայկական Հարցը ի հարկին հայութեան բնաջնջումով օրակարգէ դուրս մղելու Թրքական քաղաքականութիւնը։
Ինչպէս որ 1920ականներուն Քեմալ Աթաթուրք նոյնքան յանցագործ շարունակողը եղաւ թրքական այդ պետական քաղաքականութեան, այնպէս ալ Էրտօղան կամ վաղուան ոեւէ թուրք ղեկավար պարզապէս Պահու միջազգային պայմաններուն համապատասխանող քայլեր պիտի առնէ, բայց խորքով նոյն քաղաքականութեան շարունակողը պիտի մնայ։

Հայաստանը շրջափակելու եւ, ապա, շրջափակման վերջ տալու համար Հայաստանին հիմնական զիջումներ պարտադրելու Անգարայի այսօրուան քաղաքականութիւնը տարբեր ներշնչման աղբիւր չունի, տարբեր նպատակի չի ծառայեր։

Եւ ինչպէս որ 92 տարի առաջ, 24 Սեպտեմբեր 1920ին, առանց պատերազմ իսկ յայտարարելու, Թուրքիա «յարմար» Պահուն ներխուժեց Հայաստան, պարզապէս օգտուելով Խորհրդային Ռուսաստանի հետ շահերու ժամանակաւոր համընկնումէն, նոյնպէս եւ այսօր Թուրքիա կրնայ միջազգային բոլոր պայմանաւորուածութիւնները ոտնակոխող քայլի դիմել Հայաստանի դէմ, եթէ «յարմար պահ»ը ներկայանայ։

Թրքական այդօրինակ հաւանական հարուածի պատրաստ գտնուելու իմաստութիւնը կը սորվեցնէ 24 Սեպտեմբեր 1920ի տարելիցը։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»