ՅԱՅԱՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Նոր Թափով Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Սուրիահայութեան

ARF_Logo-coloredՄիջին Արեւելքի հայրենամերձ գաղութներուն համար 2013 տարին կը սկսի լուրջ մարտահրաւէրներով: Շրջանը հարուածող քաղաքական, ապահովական, տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապները հայութիւնը դրած են բոլոր դժուարութիւնները ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքով դիմագրաւելու յանձնառութեան դիմաց: Օրուան հրամայականը ինքնակազմակերպումն է, ուժերու առաւելագոյն լարումով՝ ժողովուրդի կարիքներուն բաւարարումը, որպէսզի հայրենամերձ այս գաղութները տէրը մնան Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ իրենց վստահուած յառաջապահի դիրքերուն:

Լիբանանահայութիւնը այս իմաստով ունի հարուստ կենսափորձ, որովհետեւ ան բազմիցս տուած է փաստը՝ ամէն տագնապէ աւելի ամուր դուրս գալու իր վճռակամութեան: Այսօր, նորագոյն տագնապը Լիբանան ապաստանած սուրիահայ ազգայիններու արժանապատիւ կեցութեան պայմաններ ապահովելու հարցն է, որուն համար տարուած աշխատանքները արդէն իսկ կտրած են բաւական ճամբայ: Յառաջիկայ օրերուն այդ աշխատանքները կը ստանան նոր թափ եւ տարողութիւն:

Արդարեւ, սուրիական տագնապի բռնկումի առաջին օրերէն իսկ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն քաղաքական-յարաբերական իր կապերով մօտէն հետեւեցաւ դէպքերու զարգացման ընթացքին եւ համապատասխան քայլեր առաւ սուրիահայ ազգայիններու Լիբանան ապաստան գտնելու հաւանականութեան պատրաստուելու համար: Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ գաղութի պատասխանատու մարմիններուն հետ Կեդրոնական կոմիտէի խորհրդակցութիւնները անցնող ամիսներուն եղան մնայուն՝ սերտ գործակցութեան տրամադրութեամբ:

Սուրիայէն Լիբանան ապաստանող ազգայիններու առաջին ալիքին հետ, Կեդրոնական կոմիտէն ձեռնարկեց հոգատար աշխատանքի՝ կեցութեան յարմար պայմաններ ապահովելու համար: Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակը եւ շրջաններու կոմիտէութիւնները, ընձեռուած կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ, այս ուղղութեամբ կատարեցին բարերար աշխատանք:
Ազգային իշխանութիւնը, իր կարգին, կրթական հաստատութիւններուն դռները լայն բացաւ սուրիահայ պարագաներու դիմաց եւ ամէն դիւրութիւն տրամադրեց բազմահարիւր աշակերտներու՝ դպրոցական իրենց ընթացիկ տարեշրջանը Լիբանանի մէջ շարունակելու համար:

Ընկերային-կենցաղային պահանջները ամէնէն աւելի ծանրը կշռեցին, անկասկած: Կեդրոնական կոմիտէն բազմակողմանի քննութեան ենթարկելով Լիբանան ապաստանող ազգայիններուն վիճակը, կացութեան յոռեգոյն զարգացումներուն պատրաստ ըլլալու համար, մշակեց յատուկ ծրագիր՝ իր տրամադրութեան տակ եղող կալուածներն ու գաղութային կարգ մը կեդրոնները ի հարկին գործածելի վիճակի մէջ դնելու համար:

Այնուհետեւ, Կեդրոնական կոմիտէն յառաջացուց գաղութի բարեսիրական-խնամատարական միութիւններու ներկայացուցիչներէն բաղկացած մարմին մը, որ օրը-օրին հետեւեցաւ սուրիահայ ազգայիններու Լիբանան հոսքին ու անոնց ընկերային-բժշկական կարիքներուն բարւոք լուծման: Հիւանդանոցային բարդ պարագաները արժանացան անմիջական ուշադրութեան: Մարմինը շաբաթական դրութեամբ իր հանդիպումները կը շարունակէ եւ աշխատանքները կը համակարգէ Կեդրոնական կոմիտէի հսկողութեամբ:

Միւս կողմէ, օրէ օր բազմացող ընկերային-բժշկական կարիքները բաւարարելու համար, Կեդրոնական կոմիտէն կապեր հաստատեց լիբանանեան պետական եւ ոչ կառավարական հաստատութիւններու հետ՝ սուրիահայ ազգայիններու տարբեր տեսակի նպաստներ ապահովելու համար: Յատուկ աշխատանք տարուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ՝ անհրաժեշտ օժանդակութիւններու դասաւորման համար:

Միաժամանակ, Կեդրոնական կոմիտէն ձեռնարկեց դրամահաւաքի կարգ մը նախաձեռնութիւններու՝ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան համահայկական ծրագիրներուն իր մասնակցութիւնը բերելու համար: Նախաձեռնութիւններուն իբրեւ արդիւնք, արդէն իսկ շօշափելի օժանդակութիւններ փոխանցուած են Հալէպ: Յառաջիկային նոր նախաձեռնութիւններով կը կատարուին յաւելեալ փոխանցումներ:

Լիբանան ապաստան գտած սուրիահայերու օժանդակութեան աշխատանքները բազմակողմանի են եւ հրատապ անհրաժեշտութեամբ մը կը ներկայանան այսօր, որովհետեւ անոնք կը բխին ազգային ընդհանրական մեր պարտաւորութիւններէն, հայրենամերձ մեր գաղութները ամէն գնով կանգուն պահելու մեր խոր համոզումէն, ու մանաւանդ՝ մէկ ժողովուրդի ու մէկ դատի տեսլականին ծառայելու մեր հաւաքական կամքէն:

Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
3 Յունուար 2013

Տպել Տպել