Անտոն Գոշ (Պոյաճեան, 1849-1927). Հայկական Ազատամարտի անմոռանալի «պահապան հրեշտակ»ը

Անտոն Գոշ

Անտոն Գոշ

Յունուար 14ին, Ժընեւի մէջ վախճանեցաւ հայ յեղափոխական շարժման առասպելական դէմքերէն եւ խոնարհ հերոսներէն Անտոն Գոշ։

Թէեւ հայ ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչներէն շատերու յուշերուն եւ նամակներուն, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. պատմութեան նուիրուած աշխատասիրութեան մէջ յաճախակի կը յիշատակուի անոր անունը, բայց ըստ արժանւոյն ներկայացուած չէ կեանքն ու գործունէութիւնը սուլթան Համիտի 21 Յուլիս 1905ի մահափորձին՝ Ելտըզի Ռումբի գլխաւոր կազմակերպիչներէն Անտոն Գոշի։

Ի մի բերուած եւ հայոց սերունդներուն յանձուած չեն ժամանակակիցներու ցիրուցան վկայութիւնները «Տիար Անտոն» անուանումով այն խոնարհ հերոսին մասին, որ 1890ականներու վերջերէն մինչեւ 1927ի իր վախճանը Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի ժընեւեան պատմական շէնքին վերակացուն ու միաժամանակ պահակը եղաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, Եւրոպայի տարածքին ցրուած ատենի հայ ուսանողութեան ու մտաւորականութեան սիրելի «պահապան հրեշտակ»ը դարձաւ։ Աւազանի անունով Անտոն Պոյաճեան՝ ծնած է 1849ին Կարնոյ (Էրզրում) Խոտորջուր գիւղը։ Պատանի տարիքէն իսկ կը խանդավառուի Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարով եւ իր տարեկիցներուն կը հաւաքէ գաղտնի խմբակներու մէջ՝ քրտական հրոսակներու ամէնօրեայ ասպատակութեանց դէմ պայքարելու, այլ մանաւանդ օսմանեան անարգ լուծէն հայրենի հողն ու հայութիւնը ազատագրելու առաջադրանքով։

Արդէն 28 տարիքը թեւակոխած երիտասարդ էր Անտոն, երբ տեղի ունեցաւ 1877-78ի Ռուս-Թրքական պատերազմը, որ վերջ գտաւ ռուսական կողմի ջախջախիչ յաղթանակով։ Յաղթական ռուս բանակը՝ իրեն միացած հայ կամաւորականներու հերոսական գործողութիւններով, յաջողեցաւ մտնել Կարին եւ տեղւոյն հայութեան պարգեւել օսմանեան լուծէն վերջնականապէս ազատագրուելու մեծ յոյսեր։ Բայց Ցարական Ռուսաստանը քաղաքական տարբեր հաշիւներ ունէր. իրարու հետեւեցան Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի խաղաղութեան եւ հաշտութեան բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին Ռուսաստան քայլ առ քայլ նահանջեց Հայաստանի ազատագրութեան իր սկզբնական խոստումներէն, բաւարարուեցաւ Հայկական Նահանգներու վրայ նախ ցարական, ապա համեւրոպական վերահսկողութիւն հաստատելու պահանջներով, վերահսկողութիւն՝ որ ոչ միայն մեռեալ տառ մնաց զոյգ Դաշնագիրներու թուղթերուն մէջ, այլեւ պատրուակ ծառայեց Համիտեան նորահաստատ բռնատիրութեան արիւնալի հակահարուածներուն արեւմտահայութեան դէմ…

Ընդհանրապէս արեւմտահայութեան եւ մանաւանդ Կարնոյ հայութեան յուսախաբութիւնն ու ընդվզումը անսահման եղան։ Պերլինի Վեհաժողովէն վերադարձին՝ Խրիմեան Հայրիկ տուաւ Երկաթէ Շերեփի դիմելու պատմական իր քարոզը։ «Հայրիկի յորդորները մեզ հանեցին լեռներ»ը, իսկ Կարնոյ մէջ Անտոն եւ իր ընկերները տենդագին փարեցան հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան զինեալ պայքարին։ Իբրեւ հայկական ապստամբութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը, 1880ականներու սկզբնաւորութեան, Անտոն իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու բանտ նետուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ։ Բանտի մէջ խստագոյն չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, բայց ոչ մէկ խոստովանութիւն կատարեց։ Ի վերջոյ, երաշխաւորագինով ազատ արձակուեցաւ բանտէն, բայց այլեւս չմնաց Կարին։ Անցաւ Պոլիս, որ ժամադրավայրը դարձած էր Հայկական Նահանգներէն եկած պանդուխտներու եւ յեղափոխաշունչ հայորդիներու։

Մինչեւ 1890ականներու առաջին կէսը Անտոն ապրեցաւ եւ գործեց Պոլսոյ մէջ։ Մաս կազմեց օսմանեան մայրաքաղաքի հայ յեղափոխական երիտասարդութեան բոլոր խմորումներուն։ Ձեռներէց արհեստաւոր էր եւ հմտութիւն ձեռք ձգեց տարբեր հմտութեանց մէջ, բայց մանաւանդ տպագրութեան եւ զէնք ու զինամթերքի պատրաստութեան մէջ։ Իսկ երբ նորաստեղծ Դաշնակցութիւնը 1892ին մուտք գործեց Պոլիս, Անտոն Գոշ անմիջապէս միացաւ հայ մարտական յանդուգն կազմակերպութեան եւ անոր յանձարարութեամբ անցաւ Պուլկարիա։ Հոն հաստատեց իր տպարանը եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պուլկարիոյ Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան ստեղծումին։ Օսմանեան ոստիկանութեան մշտական հետապնդումներուն եւ հալածանքին տակ գտնուող Անտոնի կեանքը բախտորոշ դարձակէտ մը ունեցաւ 1898ի Հ.Յ.Դ.

«Դրօշակ»ի շէնքը, Ժընեւ

«Դրօշակ»ի շէնքը, Ժընեւ

Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովէն (գումարուած Թիֆլիսի մէջ) ետք, երբ արտասահմանեան ցուցական գործունէութիւնը կազմակերպելու առաքելութեամբ Քրիստափոր եկաւ Սոֆիա, գտաւ Անտոնը եւ իր հետ տարաւ Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի տան պահապան-կառավարիչի պաշտօնով։

Այնուհետեւ Անտոն Գոշ աջ բազուկը դարձաւ Քրիստափորի ոչ միայն «Դրօշակ»ի յանձանձումին, այլեւ եւրոպական հմտութեամբ զէնքերու եւ ռումբերու ընդյատակեայ պատրաստութեան գործին մէջ։ Միաժամանակ, «Դրօշակ»ը ուխտատեղիի վերածած Եւրոպայի հայ ուսանողութեան եւ մտաւորականութեան ամէնէն սիրուած «հայրիկ»ը դարձաւ Անտոն, որուն գաղափարական շունչն ու յորդորները հայ յեղափոխական շատ մը գործիչներու դաշնակցական կազմաւորման մէջ մեծ դեր ունեցան։

Վ րայ հասաւ 1905 թուակնը, երբ Սասնոյ ապստամբութիւնը արեան մէջ խեղդելու վճիռը արձակած Համիտ Բ.ի դէմ Դաշնակցութիւնը որոշեց մահապատիժի ենթարկել Կարմիր Սուլթանը՝ Մեծ Մարդասպանի ահաբեկման գործողութեան պատասխանատուութիւնը վստահելով Քրիստափորի։ Հ.Յ.Դ. հիմնադրին անմիջական գործակիցներ Սաֆոյի ու Ռուբինայի կողքին, Անտոն Գոշի յանձարարուեցաւ դժոխային ահարկու ռումբ-ուժանակին պատրաստութիւնը։

Հրանդ Փասթրմաճեան եւ Անտոն Գոշ

Հրանդ Փասթրմաճեան եւ Անտոն Գոշ

Եւ երբ Վիտոշի լանջին նախնական ռումբի փորձարկման պահուն Քրիստափոր եւ Վռամշապուհ նահատակուեցան, գործողութիւնը ըստ Քրիստափորի մշակած ծրագրին յառաջ տարուեցաւ։ Անտոն Գոշ կատարելագործեց ռումբը եւ օժանդակեց ականապատուած ձիակառքը Սոֆիայէն Պոլիս փոխադրելու գործին։ 21 Յուլիս 1905ին իրագործուեցաւ Ելտըզի Պոմպայի գործողութիւնը եւ Համիտի մահափորձը։ որ սակայն իր խլած բազում զոհերու շարքին չունեցաւ հայատեաց Բռնատէրը, որովհետեւ Ուրբաթ օրուան մզկիթի արարողութենէն դուրս գալու պահուն, հակառակ այնքան երկար շաբաթներ ուսումնասիրուած եւ ճշգրտուած իր ընկալեալ ժամանակացոյցին, Համիտ զրոյցի բռնուեցաւ շէյխին հետ եւ ռումբը նախատեսուած պահուն պայթեցաւ, առանց որ Սուլթանը ներկայանար իր ճակատագրին հետ… ժամադրութեան։

Անտոն Գոշ կրցաւ խոյս տալ ահաբեկման վայրէն եւ հակառակ Պոլսոյ թուրք ոստիկանութեան ձեռնարկած լայնածաւալ հետապնդումներուն, կրցաւ երկրէն դուրս գալ եւ վերջնականապէս հաստատուիլ Ժընեւ, ուր իբրեւ «Դրօշակ»ի կառավարիչն ու հայ յեղափոխական շարժման ուխտատեղիին «պահապան հրեշտակ»ը գործեց մինչեւ իր մահը՝ 78 տարեկան հասակին։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել