Սփիւռք(Ներ)ի Լինելութեան Ու Ղեկավարման Տագնապը

Գովել իշխանները իրենց չունեցած առաքինութիւններուն համար,
կը նշանակէ զանոնք անպատիժ կերպով անարգել:
Ֆրանսուա տը լա Ռոշֆուքօ (ԺԷ. դար)

Յակոբ Պալեան

Յակոբ Պալեան

Թող ներուի ըսել, որ ժամանակակից սփիւռք(ներ)ը (յոգնակի՞, թէ՞ եզակի), բացի կարգ մը սահմանափակ շրջանակներէ, կը նմանի, ինչպէս կ’ըսուի սովորաբար, օդանաւի մը, որուն մէջ օդաչու չկայ:

Այս սփիւռք(ներ)ը ի՞նչ պատկեր պիտի ներկայացնէ յիսուն կամ հարիւր տարիէն, յարաբերաբար ամբողջական ըմբռնումով ազգին:

Վարչական, հաշուապահական, կողմնապաշտական եւ աթոռապաշտական իրարանցումներէ անդին, անկեղծութեան եւ յստակատեսութեան պահու մը, այս հարցումը չ’ուղղուիր: Գումարուած եւ գումարուելիք շռնդալից ժողովները, համագումարները, «սեմինար»-ները Լեռ Կամսարի երգիծական թատրոն «Պլենում»-ին կը նմանին, ուր ինքնագոհութիւն եւ եսը շոյող ծափը կը շղարշեն ցաւցնող պատկերները:

Մինչեւ այն ատեն որ անհանգիստ չըլլալու եւ չանհանգստացնելու համար ԺԷ. դարու իմաստունին խօսքը մեր հոգիի պատերէն կախած պիտի չըլլանք, պիտի շարունակենք կրկներեւոյթները իրականութիւն համարել: Խօ՞սքը. «Գովել իշխանները իրենց չունեցած առաքինութիւններուն համար, կը նշանակէ զանոնք անպատիժ կերպով անարգել»: Եթէ հրավառութիւններու ակնթարթային լոյսերէն հեռանանք, ունենանք պճեղ մը ողջախոհութիւն, կը հասկնանք իմաստունին խօսքը:

Եթէ պակսին յանդգնութիւնը եւ գիտակցութիւնը ըսելու, որ արքան մերկ է, պղպջակները Ամազոն պիտի կարծենք, կամ որպէս Ամազոն պիտի ծախենք Պղատոնի քարայրին մէջ լոյս չտեսած ապրողներուն, որոնք մինչեւ այն ատեն որ չեն տեսներ իրականութիւնը, ստուերները իրենց համար կը մնան իրականութիւն:

Մեղանչո՞ւմ է Պղատոնի քարայրէն դուրս գալ:

Սփիւռք(ներ)ը հասկնալու, ըստ այնմ աշխատելու եւ զայն առաջնորդելու համար իսկական եւ առարկայական տուեալներ չկան: Կցկտուր կամ պարզապէս ենթակայական տեղեկութիւններ ունինք, որ կը նշանակէ սփիւռքեան բարդ իրականութիւնը չափել եւ տեսնել ըստ անձի կացութեան, պատկերացումներուն, երեւակայութեան, եւ յոռեգոյն պարագային` շահախնդրութիւններուն:

Սովորական է բոլոր լեզուներով ըսուած, կրկնուած եւ լսուած խօսքը` «իմ կարծիքով»: Պղպջակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը տուեալներ հաւաքելու փորձ կ’ընէ, աւելի լաւը ընելու միջոցները ունի (պետական ամավարկ):

Բայց ոչ ոք կը մեկնի հիմնական հարցումէն. ի՞նչ է սփիւռքներու հասարակ յայտարարը, կա՞յ նման յայտարար, կարելի՞ է սահմանել նման բան, կա՞ն, եւ եթէ կան, որո՞նք են անոնք:

Հայեր կան Հայաստանէն դուրս: Յաճախ, տարբերակումներով, պէտք է ըսել` «ծագումով հայեր»: Միակ լափալիսեան, անժխտելի եւ հասկնալի ճշմարտութիւնը այս է: Բայց այս հաստատումը պատասխան չէ հասարակ յայտարարով մը կացութիւն ըմբռնելու եւ սահմանումներ առաջարկելու:

Սփիւռք(ներ)ը ազգի իսկական հատուած համարուելու համար պէտք է ունենայ խորքային նոյնացնող արժէքներ, որոնց սահմանումը չէ կատարուած, չենք կատարեր` հաւանօրէն սարսափելով մենք մեզ դառն իրականութիւններու առջեւ գտնելէ: Այս անորոշութեան մէջ, ուժ զգալու համար (չեղածի ուժը), ամբոխավարական եւ ճառային տարազներու անձնատուր կ’ըլլանք:

Այսպէս, կը խօսինք ըստ պահու եւ փաստարկ գտնելու ճիգի, որ աշխարհի վրայ կան տասը կամ քսան միլիոն հայեր, կամ այն, որ` «մենք համաշխարհային ազգ ենք» (ազգի նոր տեսա՞կ մը), որ մենք` «զգացումով հայ ենք» (իսկ ի՞նչ ենք պատկանելիութեամբ եւ յանձնառութեամբ), ասդին կամ անդին կը պոռչտանք, որ հարիւր տոկոսով հայ ենք եւ հարիւր տոկոսով` ֆրանսացի, ամերիկացի, արաբ, ինչո՞ւ ոչ թուրք (ի՜նչ արտակարգ արարածներ ենք երկու հարիւր տոկոսով մարդ ըլլալու համար, եւ այս գիւտը կը ծափահարենք), կը յայտնաբերենք քառորդով, մէկ տասներորդով կամ մէկ վաթսունչորս տոկոսով «հայեր», մանաւանդ երբ այդ տոկոսները կրնան մեր ինքնասիրութիւնը շոյել, մեր շրջապատին հիացում առթել, երբ այդ քառորդները, կէսերը մէկ վաթսունչորսերորդները հռչակաւոր են:

Եթէ մինչեւ Ադամ եւ Եւա երթանք, նկատի առնելով, որ դրախտը Հայաստան գտնուած է, մոլորակի իւրաքանչիւր բնակիչ գունագեղ տոկոսով հայ կ’ըլլայ… Եւ համակարգիչով այդ տոկոսը հաշուել դժուար չէ: Երբ երիտասարդ մը կ’ըսէ, թէ «իր հայրը հայ էր», իսկ ինք` «աշխարհաքաղաքացի», հայերէն չի գիտեր, չէ հետաքրքրուած այդ լեզուով, ո՞ւր պէտք է զետեղել զայն:

«Հայու տիպար»-ի ճշդումին համար նուազագոյն հասարակաց չափանիշներ պէտք են, այլապէս մենք մեզ կը գտնենք անդիմագիծ, անհեռանկար եւ անինքնութիւն ամբոխի մը առջեւ, որ տեղական կամ անհատական շահախնդրութիւններու համար տեսակ մը ազգային հեռանկար չունեցող համայնք կը դառնայ, «ղեկավար»-ներ ալ կ’ունենայ` տեղական փառասիրութիւններ հետապնդող, զանոնք համարելով առաջնահերթութիւն եւ նպատակ: Ազգային ինքնութիւն եւ հեռանկար հուն կը փոխեն:

Երբեմն պէտք է խորհիլ այն մասին, թէ ի՞նչ բան (կամ բաներ) մարդը կը դարձնէ արաբ, ֆրանսացի, սպանացի, անգլիացի, հայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմողները պարտաւոր են կարգ մը հարցումներու անգլերէնով պատասխանել, օրինակ` գիտնալ երկրին սահմանները, երկրի Գերագոյն ատեանի անդամներուն թիւը եւ այլն:

Ո՞ր հասարակ յայտարարները եւ հասարակաց արժէքներ ունեցող սփիւռք(ներ)ը կարելի է ազգային հաւաքականութեան մաս համարել, կամ ըսել, որ համրանքի ո՞ր տոկոսը «հայեր»-է կը բաղկանայ, եւ ո՞ր տոկոսը` «ծագումով» կամ «նախկին» հայերէ:

Մարդորսական արտազգային նպատակներ արգելք են հարցի քննութեան:

Այս պատճառներով ալ որպէս ազգային ամբողջութիւն համարուած հայութիւնը միգամած մըն է:

Կա՞ն Ազգային Հասարակաց Եւ Միացնող Ստորոգելիներ

Սփիւռք(ներ)ի մէջ, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, խուլ եւ մնայուն պայքար կայ հայ ազգային եւ տեղական քաղաքացիութեան պատկանելիութիւններուն միջեւ: Շատեր ընդունած են, որ աստիճանաբար այդ պայքարը պիտի աւարտի երկրորդին ի նպաստ, աւարտած է: Տեղական-տեղայնական-անհատապաշտական շահերու թելադրութեամբ, ընդառաջ կ’երթանք այդ պարտութեան:

Այդ տեղատուութիւնը տեսանելի է նոյնիսկ հաւկուրութենէ վարակուածներուն, կը համարուի անխուսափելի: Այդ վարակը որպէս ախտ կը կրծէ նաեւ «ղեկավարութիւններ»-ը, որոնք կը տնտեսեն կացութիւնը` առանց ազգային հեռանկարի եւ իրենց փառասիրութիւնները կը փոխադրեն տեղական-անմիջական մակարդակ: Գործնապաշտութիւնը կարգախօս կը դառնայ, քանի որ ղեկավարը խեղդուած է վարչականին մէջ` բաւարարելով դիրքապաշտական ցանկութիւնները, ծնունդ տալով իսկական ղեկավարումով չմտահոգուելու անձնատուութեան:

Սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները, քաղաքական, մշակութային, կրօնական, մարզական եւ այլ (եթէ կան), ազգային-գաղափարախօսական մտածումէ մեկնելով` պիտի ուզե՞ն առանձնացնել ազգային հասարակաց եւ մէկութիւն ստեղծելու ուժականութիւն ունեցող ստորոգելիները: Անոնք այսօր հատուկենտ են, ըստ վայրի եւ անհատական հետաքրքրութիւններու յիշեցման համար կ’ընտրուին, տեղատուութիւնները արդարացնելու համար մէկը կամ միւսը կ’անտեսուի:

Ազգային լինելութիւնը բարդ ամբողջութիւն մըն է եւ չի տեւեր մասնակի կարգադրութիւններով, որոնցմով կ’առաջնորդուի սփիւռք(ներ)ը:

Ժամանակակից սփիւռք(ներ)ը իր կողմնացոյցը կորսնցուցած է, բարեսիրութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, ցուցադրականը եւ «բիզնես»-ը աղմուկ կ’արտադրեն եւ կը համարուին «քաղաքականութիւն»:

Ընկերային ծանրակշիռ նոր երեւոյթի մը առջեւ կը գտնուինք եւ չենք ուզեր (կամ անատակ ենք) զայն հեռանկարային գնահատումի ենթարկել: Սփիւռքը «սփիւռքներ» դարձած է Հայաստանի Հանրապետութենէն ՅԵՏ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ շրջանի աղէտ-արտագաղթին պատճառով, որ ազգային-քաղաքական առաջադրանքի չի հպատակիր, այլ` զուտ անհատական-տնտեսական է, հետեւաբար ազգը եւ հայրենիքը օրակարգ չեն: Աւելի պարզ խօսելով` դասական հայրենահանուածներու սփիւռքի դասական հայապահպանման կարգախօսը նորերու համար չէ: Հայրենալքումը երբեք ազգային քաղաքականութեան հիմ չի կրնար ըլլալ: Ընդհակառակն, եթէ անկեղծ եւ առարկայական ըլլանք, հայրենաւեր է:

Ո՞ր Հայ դատի կամ Ամբողջական Հայաստանի մասին կարելի է խօսիլ, երբ հայրենիքը կամաւոր կերպով կը լքուի:

Երբ գաղափարախօսական նոյն ենթահողը չունին սփիւռքները, կը նշանակէ, որ հիմնական հասարակ յայտարար մը բացակայ է: Հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս պէտք է գործակցիլ, ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար: Եւ զարմանալի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ դասական սփիւռքը այս երեւոյթը ըստ այնմ չեն գնահատեր եւ չեն կողմնորոշուիր: Եւ կը խարխափենք, ինչ որ յոռեգոյն եղանակն է ղեկավարման:

Երեւոյթը չենք ուզեր տեսնել` մակերեսային զգացականութեան գերին ըլլալով, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ Հայաստանի հանդէպ ճառախօսական-խրախճանային «հայրենասիրութեամբ», բարեսիրութեամբ վարագուրելով «ամբողջական»-ի տեսիլքը, որ կ’անգիտանայ սփիւռք(ներ)ի կարիքները, որուն կառոյցները կը մաշին եւ փուլ կու գան: Առաւել, ներազգային կողմնապաշտութիւնները Հայաստանը կը համարեն իրենց մրցակցութիւններու նոր դաշտը` ցոյց տալու համար, թէ ո՛վ աւելին կրնայ ընել, հետեւաբար աւելի զօրաւոր է կամ ներկայացուցչական:

Այս բոլոր թափահարումները օգտակար կրնան համարուիլ, մեր զգացումները ջերմացնել հանդիսութեան մը տեւողութեամբ, բայց ո՛չ միացման եւ ո՛չ ալ տոկալ-տեւելու իսկական ազդակներ են:

Երբեմն ալ պէտք է առարկայականութեամբ դիտել եւ փորձել գնահատել, թէ որո՞նք են ջերմացողները, տուեալ հաւաքականութեան մը ո՞ր տոկոսը կը կազմեն: Թերեւս նման իրատեսութիւն ապագայատես թելադրութիւններու ճամբան կը հարթէ:

Հասարակ Յայտարարներ Առանձնացնելու Փորձ

Ազգի հասարակ յայտարարի գոյացման եւ միացման դեր խաղալու գաղափարները արձանագրենք, եւ ապա փորձենք զանոնք արժեւորել, ճշդենք անոնց տեղը, դերը, միջամտութիւնը` անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ: Առանձնուած այս կէտերը սերտօրէն կ’առնչուին եւ դեռ կրնան ամբողջական չըլլալ: Կարեւոր է, որ բեմէն սրահ չիջնող եւ ազգային իրաւութեան չհասնող աղմուկէն հեռանանք պահ մը եւ խօսինք այն մասին, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ կ’ուզենք, ինչպէ՞ս, ո՞ւր հասնելու համար:

Տոկալ եւ տեւել աղմկարարութեան կը յանգին, եթէ ռազմավարական հարցերը յստակութեամբ եւ առանց խուսանաւումներու չսահմանուին: Այդ ռազմավարութեան առանցքին պէտք է ըլլան (ըլլային) ՀՈՂ-ը եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը, ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ-ը, ԼԵԶՈՒ-ն եւ ՄՇԱԿՈՅԹ-ը, ԵԿԵՂԵՑԻ-ն, ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ-ը, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐ-ը: Պէտք է յանդգնիլ եւ ուղղել բութ հարցումը, թէ այսօր հայ զանգուածներու ո՞ր տոկոսը իրապէս այս խնդիրներով կը տագնապի` ապագայ տեսնելու համար: Եւ եթէ զանգուածները անոնցմով չեն տագնապիր, կը պատահի՞, որ ըսուի, թէ ինչո՞ւ:

Հողը, Կեանքը Եւ Հայրենիքը Եւ Վերադարձի Փիլիսոփայութիւնը

Հողին եւ կեանքին միջեւ սերտ եւ անփոխարինելի կապեր կան: Իսլանտայի մէջ արմաւենի չ’աճիր: Սահարայի մէջ ալ սիպերիական սեւ արջ չկայ: Անասունները կը գծեն իրենց սահմանները եւ անոնց ծիրէն ներս կը սերնդագործեն:

Հողը հայրենիք կը դառնայ հազարամեակներու ընթացքին, ըստ աշխարհագրական, կլիմայական եւ բնութեան ընձեռած կարելիութիւններուն մշակոյթ կը ստեղծուի. կենցաղ, լեզու, տնտեսութիւն, արհեստներ, քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ (ամերիկացի գիտնականներու «քալչըր» հասկացողութեամբ): Ուզպեքստանի կամ Ղազախստանի ժողովուրդները նաւատորմ չունին` ո՛չ առեւտրական, ո՛չ ալ ռազմական, ինչպէս փիւնիկեցիները ունեցած են, յոյները, Անգլիան: Հետեւաբար հողը (իր աշխարհագրութիւն իմաստով) կենսական է մարդ արարածին համար եւ հայրենիքը` ազգին:

Կենդանական աշխարհին համար ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ կան, որոնք կ’ամփոփուին Հողային Հրամայական (impératif territorial) տարազին ներքեւ: Առանց հող-հայրենիքի` տարբեր անուանումներու ներքեւ գաղթականութիւններ կ’ըլլան, որոնք ինքնութիւն կը պահեն ժամանակաւոր կերպով` զայն կորսնցնելով աստիճանաբար նոր կենցաղ եւ նոր մշակոյթ որդեգրելով:

Սին ճոռոմաբանութիւն է ըսել, որ ազգ մը կրնայ տեւել առանց հող-հայրենիքի: Մեր պարագային լեզուագարութիւն է ըսել, որ մենք համաշխարհային ազգ ենք: Սփիւռք(ներ)ի տոկալու եւ տեւելու կարողականութիւնը տեսութիւն է, անխուսափելիօրէն ժամանակաւոր:

Հայոց ազգային իրաւ քաղաքականութիւնը հող-հայրենիքի ամբողջացման հեռանկարով եթէ չառաջնորդուի, ժամանակի թաւալման հետ, անհատապաշտութեան երկինքին տակ կը ստեղծուի փերեզակներու հաւաքականութիւն մը, զոր ՀԱՅ ԱԶԳ կարելի չէ կոչել: Այս գաղափարի լոյսին տակ հարկ է գնահատել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռք(ներ)ի նախաձեռնութիւնները:

Այս տեսանկիւնէն եթէ մօտենանք Հայաստանի Հանրապետութենէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող զանգուածային աղէտ-արտագաղթին, փոխանակ երեւոյթը հասկնալու եւ մարդորսութիւն ընելու, կը քննադատենք եւ առանց ծեքծեքումի կը դատապարտենք, վերաբերում կը ճշդենք` փոխան պառաւական զգացականութեան թելադրութիւններու: «Հայրենակցական զեղումներ»-ով ազգ եւ հայրենիք չեն պահուիր: Արտագաղթը արիւնահոսում է Հայաստանի Հանրապետութեան համար, եւ փտախտ սփիւռքի համար` հայրենալքման բացասական օրինակով, որ տրամագծօրէն հակառակն է ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ, այսինքն` ազգի եւ հայրենիքի վերակերտման, ամբողջացման:

Պատահա՞ծ է, պիտի պատահի՞, որ գիտական ուսումնասիրութիւն մը կատարուի, թէ իւրաքանչիւր տասը տարի, որ կ’անցնի, իրեն հետ ամբողջական կորստեան կը տանի հայածնունդներու ո՞ր համրանքը, ինչ որ ազգի աճման տրուած տապարի հարուած է: Առանց ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱՑՄԱՆ` մաշումը պիտի շարունակուի: Այս տրամաբանութեամբ, այլազան բարոյական, քարոզչական եւ ամբոխավարական ըսի-ըսաւները պէտք չէ վարագուրեն ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ-ը, որ կենսատարածք հայրենիքն է, ուր ազգը կրնայ համախմբուիլ եւ բարգաւաճիլ:

Փոխանակ միջնադարեան հսկայ ամրոցներու եւ պալատներու նման եկեղեցիներ կամ համայնքային կեդրոններ շինելու, քաղքենիական բաւարարութիւններու համար, ուժերը հարկ է զօրաշարժի ենթարկել հող-հայրենիքի համար, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն տարբեր եւ ամբողջական հասկացողութիւն է, ընդունելով, որ սփիւռք(ներ)ը անպայման ժամանակաւոր պիտի ըլլայ առանց հող-հայրենիքի, եւ զայն գոյացնող զանգուածները պիտի չըլլան որպէս ազգ: Բարձրախօսներու թամ-թամը, ժամանակի եւ պատմութեան տեսանկիւնէն, ակնթարթային է միայն, խաբուսիկ, կրկներեւոյթ:

Իրաւունքը կարելիի եւ անկարելիի աչքկապուկի առարկայ չէ: Այդ իրաւունքը իր միջազգային սահմանումը գտած է ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐՈՎ: Զայն պահել ապակեդարաններու ետին եւ զբաղիլ ժամանակաւոր եւ հետեւանք չունենալու կոչուած խնդիրներով` պարզապէս ազգավնաս գործ է, կ’առաջնորդէ հրաժարումներու եւ անհետացման:

Լեզուն, Մշակոյթը, Եկեղեցին Եւ Հայեցի Կրթութիւնը

Կարենալ տոկալու եւ տեւելու համար, որպէսզի դատարկաբանութիւն չըլլայ տեղի-անտեղի գործածուող «լինելութիւն»-ը, ազգային-քաղաքական լայնածիր լուծում պէտք է տալ ենթախորագրով ճշդուած հարցերուն: Անոնք առանցքային են սփիւռք(ներ)ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հայերուն: Երեւակայեցէք պահ մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մէկդի դրուի հայերէնը եւ փոխարինուի անգլերէնով կամ չինարէնով, այլեւս սերունդները չսորվին Թումանեան, Վարուժան եւ Թէքէեան, այլ` Թակոր, Քիփլինկ, Մութենեպի եւ Վերլեն, Հայաստանեայց եկեղեցին փոխարինուի այս կամ այն աղանդով կամ Պուտտայով, հայ տղաքը սորվին, որ իրենց նախահայրերը եղած են Իվան կամ Պետրոս Մեծ, կամ Վերսենժըթորիքս, ի՞նչ կը մնայ հայ ազգէն: Տո՞ղ մը պատմութեան գիրքերու մէջ: Թերեւս: Այս հարցը աւելի սուր կերպով կը դրուի սփիւռք(ներ)ի մէջ:

Հայաստան կոչուած աշխարհին մէջ կը մնայ ժողովուրդ մը, կը գործէ պետութիւն մը, անոնք չեն ըլլար շարունակութիւն, ազգը այլասերած եւ կորսուած կ’ըլլայ:

Ենթախորագրի հարցերը ինքնութեան եւ գոյատեւման հեռանկարային ռազմավարութեան կը վերաբերին: Անոնց նկատմամբ ղեկավարումի տագնապ կայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռք(ներ)ի մէջ: Հայերէնի վերականգնումը (զտում եւ ուղղագրութիւն) եւ գործածութիւնը դադրած են առաջնահերթութիւն ըլլալէ, ազգը Բաբելոնի աշտարակի բնակիչ է, տարբեր լեզուներով, հայածնունդները գրականութիւն կը մշակեն նոյն Բաբելոնի տարբեր լեզուներով, եւ կը ծափահարենք: Եկեղեցիներու խորանները կը դառնան օտարախօս` մասնակից դառնալով տեղատուութիւններու: Քաղաքական կազմակերպութիւնները կը դառնան օտարախօս, եւ ենթահողի բացակայութեան կը կրկնուին կարգախօսներ:

Աղանդները կը շարունակեն անարգել ներխուժել, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ)` աւերելով հայու ինքնութեան պատուանդաններէն մին, որ խաւար դարերուն մեզ պահած է:

Որպէս պսակ, հայեցի կրթութիւնը քայլ կը պահէ ընդհանուր տեղատուութեան հետ: Դպրոցներ կը փակուին: «Ղեկավար»-ը կ’ըսէ, թէ ինք հայկական դպրոց չէ գացած եւ այդ կարեւոր չէ, իր ճառը ուրիշը կրնայ գրել…

Հայ մարդը հոգիով եւ մարմնով անձնատուր է սպառողական եւ անհատապաշտական ընկերութեան, շահը եւ բարօրութիւնը դարձած են գերագոյն նպատակ, եւ հոն հասնելու համար չարաշահումներու, աւազակութեան, ամէն կարգի հրաժարումներու առջեւ կանգ չ’առներ: Ընկերութիւնը կ’առաջնորդուի փտախտի, անարդարութիւններու աղբիւսին վրայ: Ոչ ոք ինքզինք հարազատ կրնայ զգալ անարդար եւ անհաւասարութիւններով խարանուած ընկերութեան մէջ, ինչ որ կը տկարացնէ ներազգային շաղախը, ոգին կը կորսուի: Զանգուածներուն պէտք է ներշնչել արդար ընկերութեան մը գաղափարը, բանիւ եւ գործով: Այդ կ’ըլլայ վերականգնումի եւ միացման իսկական քայլ:

Այս ազգաքանդ խայտառակութիւններուն առաջքը առնելու համար ծրագրում չունինք, չունինք ո՛չ ռազմավարութիւն եւ ո՛չ ալ մարտավարութիւն:

Ի՞նչ Եզրակացնել, Ինչպէ՞ս ԵզրակացնելԶանգուածները կարծէք կորսնցուցած են տոկալու եւ տեւելու բնազդը, անատակ դարձած են պահանջելու ազգի վերականգնումը, երբ իրենք պահած կ’ըլլան ժողովրդական բնական ողջախոհութիւնը: Իսկ ղեկավարութիւնը անմիջականի եւ մրցակցութիւններու թոհուբոհին մէջ չի ծրագրեր եւ չի խօսիր 2100 թուականին մեր հասնելիք հանգրուանին մասին:

Ինչո՞ւ լայնածիր համահայկական եւ անկեղծ վիճարկումի մը չի դիմուիր, որպէսզի կարելի ըլլայ էականը զատել մասնակիէն, իրաւ ազգայինը ջոկել ապազգայնացումէն:

2100-ը այդքան ալ հեռու չէ: Ի՞նչ պիտի կտակենք: Կտակը ստացողները շարունակութիւն պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ երիցս «ծագումով հայեր»:

Իսկ գլխագրուած Պատմութեան դատաստա՞նը…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ5
Պուրճ Համուտ

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել