Արաբական մամուլի տեսութիւն Սուրիոյ քաղաքական եւ զինուորական վերջին իրադարձութիւններուն մասին

ArabakanMamuliTesutyunՍուրիոյ Քիւրտերը

Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի (30-01-2013) յօդուածագիր Մուհամմատ Նուրըտտին կը յայտնէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրտական հարցը կ՛ապրի արագ զարգացումներ, «մէկ կողմէ՝ Թրքական պետութեան եւ PKKի ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի միջեւ «Էմրալի գործողութեան» բանակցութիւնները սկսած են, իսկ միւս կողմէ՝ Իրաքի մէջ ընդարձակուած են տարաձայնութիւններ, ըստ որոնց Անգարայի եւ Իրպիլի միջեւ քարիւղի շուրջ գաղտնի համաձայնութիւն մը գոյացած է։ Աւելին, Սուրիոյ մէջ քիւրտերը Ռասուլայնի մէջ կը շարունակեն թուրքիոյ կողմէ թելադրուած սուրիական զինեալ խմբաւորումներուն յարձակումները, որոնք թելադրուած են Թուրքիոյ կողմէ, ետ մղել։ Այս բոլորին զուգահեռ, Փարիզի մէջ երեք քրտուհիներու դէմ կը կատարուի ահաբեկչական արարք մը, որուն իբրեւ հետեւանք թուրք-քրտական բանակցութիւններուն ստեղծած լաւատեսութիւնը կանգ կ՛առնէ։»

Ըստ յօդուածագրին, Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK)ի աղբիւրները հաւանական նկատած են, որ այս արարքը թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ կատարուած ըլլայ ։ «Անոնք դիտել տուած են, որ Թուրքիա այս արարքին դիմած է, որպէսզի քրտական կողմին պարտադրէ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ մնալ, եւ ապա անոնց ձախողութեան պատճառը Թուրքիան չհամարուի։ Միաժամանակ, ըստ աղբիւրներուն դարձեալ, Թուրքիա ձերբազատած կ՛ըլլայ քիւրտ ղեկավարէ մը, որ մեծ դեր ունէր Եւրոպայի տարածքին կուսակցութեան համար դրամահաւաքի աշխատանքին մէջ» կ՛աւելցնէ յօդուածագիրը։

Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, թէ նոյն աղբիւրները յայտնած են, որ PKK-ն թերահաւատ է բանակցութիւններու արդիւնքին նկատմամբ, որովհետեւ անոնք անհաւասար պայմաններու մէջ տեղի կ՚ունենան, այն իմաստով, որ Օճալան բանտարկուած եւ չեզոքացուած է, իսկ թրքական կողմը ամբողջութեամբ ազատ է։

Նուրըտտին կը յայտնէ, որ «թրքական կառավարութիւնը բանակցութիւններուն շուրջ դրական այս մթնոլորտը ստեղծելով կը նպատակադրէ PKK-ն ժամանակաւորապէս լռեցնել եւ կասեցնել Թուրքիոյ դէմ կատարուած զինուորական գործողութիւնները, ապա լաւ հարուած մը հասցնել քիւրտերուն։ Աւելին, Անգարա PKK-ն կաշառելով կը նպատակադրէ «քրտական» քարիւղը արտածել Թուրքիոյ վրայով»։ «Աղբիւրները կը հերքեն Թուրքիոյ այն յայտարարութիւնները, թէ PKK-ի վերջնական որոշումը Օճալանի մօտ է։ Ըստ անոնց Օճալան վերջերս ոչ մէկ որոշում կամ անմիջական հրահանգներ տուած է իր կողմին, ան պարզապէս կը փորձէ իր եւ Կորդուաց լեռներուն մէջ առնուած որոշումները համակարգել ։ Թուրքիոյ քիւրտերը չեն ուզէր անջատուիլ, ոչ ալ անկախ կամ ֆետերալ պետութիւն հիմնել, անոնք կը պահանջեն թրքական ժողովրդավար հանրապետութիւն մը ինքնավար մարզերով, որ միաժամանակ պիտի ճանչնայ քրտական ինքնութիւնը։ Ասիկա նաեւ Սուրիոյ քիւրտերուն պահանջն է։ Սուրիոյ քիւրտերուն կեցուածքը յստակ է այս հարցով։ Անոնք մէկ կողմէ խաղաղ միջոցներով փոփոխութիւն կ՛ուզեն, իսկ միւս կողմէ կը պահանջեն ճանաչում եւ ինքնավարութիւն։ Սակայն երբ խաղաղ ցոյցերը զինեալ բախումներու վերածուեցան եւ օտար պետութիւններ, յատկապէս Թուրքիա, միջամտեցին, Սուրիոյ քիւրտերը մերժեցին զինեալ ընդդիմութեան կողքին կանգնիլ», կ՚աւելցնէ յօդուածագիրը։

Նուրըտտին կը ներկայացնէ նոյն աղբիւրներուն տեսակէտը, ըստ որուն քիւրտերուն եւ «Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդի» ու «Ազգային Համադաշնակցութեան» միջեւ յարաբերութիւները երբեք քաջալերական չեն եղած, որովհետեւ այս երկուքը Թուրքիոյ միջամտութեամբ մերժած են քրտական ինքնութիւնը ճանչնալ։ «Աղբիւրներուն համաձայն, այս պատճառով Թուրքիա կը փորձէ Մեսուտ Պարազանին համոզել, որ ան Սուրիոյ հիւսիսը մտնէ եւ քիւրտերը իր հակակշռին ենթարկէ» կ՚ըսէ Նուրըտտին։

Յօդուածագիրը եզրափակելով կը յայտնէ, որ «աղբիւրները խոստովանած են, թէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն շարժումը համեմատաբար աւելի ազատ է եւ հերքած են թրքական այն ամբաստանութիւնները, թէ գաղտնի համաձայնութիւն մը կայ PKK-ի , Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ։ Իրան տակաւին PKK-ի անդամները կը հալածէ իր սահաններէն ներս, իսկ Սուրիոյ վարչակարգը տակաւին չէ ճանչցած քրտական պահանջները եւ տակաւին 100 հազար քիւրտ կը սպասեն սուրիական հպատակութեան։»

Ելեկտրոնային «Իլաֆ» կայքէջին վրայ (24-01-2013) Խորշիտ Տելլի հարց կու տայ, թէ ինչու՞ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ռասուլայն քաղաքը տաք կռիւներու դաշտի վերածուեցաւ սուրիական ազատ բանակին, Ալ Նուսրա զինեալ խմբաւորումին եւ Քրտական Ժողովրդավար Դաշնակցութեան կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող քրտական խմբակներուն միջեւ. ինչպէ՞ս կարելի է դիտել այս կռիւներուն բռնկումը այն ժամանակահատուածին ընթացքին երբ բոլոր հայեացքները կեդրոնացած էին Դամասկոսի եւ Հալէպի վրայ։

«Ռասուլայնի կռիւներուն բռնկման համար, թղթակիցը հետեւեալ պատճառները կը մատնանշէ.-

1- Ռասուլայնի վրայ իշխել, կը նշանակէ քրտական միւս բոլոր շրջաններուն, յատկապէս Գամիշլիի, Քարաջուքի եւ Սուէյտիէի քարիւղի ու կազի հորերուն վրայ իշխել։

2- Այս շրջանին վրայ իշխել, կը նշանակէ այսօրուընէ իսկ քրտական ինքնավար շրջան մը հիմնելու բոլոր հնարաւորութիւնները փակել եւ փոխարէնը քաղաքական-ընկերային սահմնափակ կառոյց մը պարտադրել ժիհատիսթ կամ սալաֆական դիմագծով։ Ծանօթ է, որ այդ շրջանները հինէն ի վեր քիւրտերու, արաբներու եւ ասորիներու միջեւ գոյակցութեան շրջան մը եղած է։

3- Այն տպաւորութիւնը ձգել, որ այս շրջանին մէջ նոր ճակատ բանալով, կարելի պիտի ըլլայ վարչակարգին զինուորական կարողականութիւնը, որ կեդրոնացած է գլխաւորաբար Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ, ջլատել։»

Յօդուածագիրը կը յայտնէ, որ «զինուորական բնոյթ կրող այս տուեալները մեծ վտանգներ եւ վնասներ կ՚ընդգրկեն.-

ա.- Ներկայ շարժումը վերածել արաբ-քիւրտ ազգայնական ճակատումի եւ շրջանը դէմ հանդիման դնել քաղացիական պատերազմի առջեւ, մանաւանդ որ շրջանը ծանօթ է իր աշիրաթական-կուսակցական բնոյթով։

բ.- Շարժումը քիւրտերուն մօտ հաստատած է ընդդիմութեան նկատմամբ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կասկածները։ Ռասուլայնի կռիւները քիւրտերուն մօտ ստեղծեցին այն համոզումը, թէ ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ քիւրտերէն ձերբազատիլ։ Աւելին, քիւրտերը խորապէս կը հաւատան, որ զինեալ այս խմբաւորումները Թուրքիոյ կռիւը կը մղեն, պատճառ մը եւս, որ քիւրտերը PKK-ին շուրջ համախմբուին եւ անոնց միանան հարիւրաւոր այլ երիտասարդներ։»

Յիշենք, որ 16 Յունուարին Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող քրտաբնակ շրջաններէն Ռասուլայն քաղաքին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են սուրիական զինեալ ընդդիմադիրներուն եւ քիւրտերուն միջեւ։ Քիւրտերը յաջողած են ետ մղել յարձակումները։ Ռասուլայն ռազմավարական դիրք կը ներկայացնէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ։ Անիկա Հալէպի մէջ մղուող կռիւներուն ընդդիմադիր ուժերուն համար յենարան է։ Քաղաքը ունի 80 հազար բնակչութիւն (արաբ, քիւրտ, ասորի, հայ, չեչեն եւ թուրքմէն) եւ կը գտնուի Գամիշլիէն 90 քիլմ. հեռաւորութեան վրայ։

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակ
1 Փետր. 2013

Տպել Տպել