- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան, 1885-1915). Հայոց Արհաւիրքին եւ մարդոց Տառապանքին ցասկոտ Ճիչը

Ռուբեն [1] Փետրուար 15ը հաղորդութեան օր է՝ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան տարեդարձին առիթով անոր գրական անմահ ժառանգութեամբ հաղորդուելու օր է։

15 Փետրուար 1885ին ծնած էր հայ ժողովուրդի գրական մեծ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակը, որ միայն 30 տարի ապրեցաւ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս, այլեւ խոստմնալից տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց անոր կեանքին թելը։

Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։ Էապէս բանաստեղծական զգայնութեամբ երկնեց իր ստեղծագործութիւնները՝ սիրային քերթուածներ ըլլան անոնք թէ մարդկային անարդարութեան դէմ պոռթկացող արձակ էջեր, բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած յուշ-պատումներ ըլլան անոնք թէ հրապարակագրական ջղուտ ու գաղափարապաշտ ելոյթներ։

Շնորհազարդ տաղանդ մը եղաւ Ռ. Սեւակ, որ ՄԵԾ ՊԱՏԳԱՄի տէր էր եւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ոչ միայն հայ գրականութեան եւ հայ մտքի անդաստանին, այլեւ հանուր մարդկութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան։

Միայն 23 տարեկան էր, երբ ի տես թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող հետեւողական կոտորածներուն՝ ի լուր մարդկութեան հետեւեալ պոռթկումը պիտի ունենար Օգոստոս 1908ին.

«Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն-արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ… մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ… մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ եւ ապրիլ ձեւացնել… ահա՛ դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չþըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։

Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառարանքը, ընդվզումն ու ցասումը։

Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905ին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։

Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած է Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901ին ընդունուած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1905ին եւ ղրկուած է Լօզան՝ տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։

Լօզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լօզանի Արմենիա ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։ Յատկապէս 1909ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910ին հրատարակուած իր առաջին գրքոյկով՝ «Կարմիր գիրքը» խորագրին տակ։ «Ջարդի Խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։

Ռուբէն Սեւակ 1911ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։

Ռուբէն Սեւակ չուզեց ապրիլ Լօզանի հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ։ Վերադարձաւ Պոլիս ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ գրական-հասարակական եռուն գործունէութեան, բայց թրքական պետութեան ցեղասպանական հարուածը պոկեց կեանքին թելը նաեւ հայ գրականութեան անդրանիկ մեծն Սեւակին։

1911էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, ան ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը հաստատելով։ Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռուբէն Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց ե՛ւ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, ե՛ւ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, ե՛ւ սիրոյ անմար կրակով տոչորուած պարզ մարդոց անսահման յուզաշխարհը։

Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։

Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իթթիհատական կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկի եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանղըր, ուր թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճրային ծրագիրը Սեւակին ճակատագրակից ու եղեռնակից դարձուց հանճարեղ Դանիէլ Վարուժանին։ Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 Օգոստոսին։ Պատմական արխիւներուն մէջ կայ վկայութիւնը թուրք սայլապանի մը, որ կը նկարպագրէ, թէ ինչպիսի՛ վայրագ դաժանութեամբ թուրք ոստիկանները ծառի մը կապած եւ ուղղակի մորթած են միայն հայ գիրին ու դպրութեան ծառայելու «յանցանքը» գործած Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։

Ահա այսպէ՛ս ցեղասպան թուրքը խեղդեց տաղանդը Ռուբէն Սեւակ անուն հայ բանաստեղծին ու արձակագրին, որ նոր թեւակոխած էր իր երեսուն տարիքը եւ այնքա՜ն բան ունէր տալու ե՛ւ հայ ժողովուրդին, ե՛ւ ողջ մարդկութեան։

Ռուբէն Սեւակի ծննդեան 128ամեակին նուիրուած հաղորդութեան այս պահը եզրափակենք հայոց Արհաւիրքին ու մարդոց Տառապանքին ցասկոտ Ճիչը յաւերժին յանձնած գրողին մասին Մինաս Թէօլէօլեանի դիպուկ արժեւորումով.

Մարդկայնական, բարի, ազգային-յեղափոխաշունչ ապրումներու եւ սիրոյ բանաստեղծ մըն է Սեւակ։ Արձակ թէ քերթուած իր բոլոր էջերուն մէջ՝ կանխահասօրէն կեանքը ճանչցող հասուն հոգիի մը թափանցումները, զուսպ եւ յուզական խորհրդածութիւնները, կեանքը վերլուծելու անսեթեւեթ փոյթ մը հաստատելի է։ Այս փորձը անիկա չþըներ վարժապետական կամ ուսուցողական ուղղափառութեամբ մը, որ ծիծաղելիին պիտի կրնար մօտենալ. մարդոց տրտմութիւնն ու դժբախտութիւնը բաժնելու անանձնականութիւն մը կայ անոնց մէջ, երբ մանաւանդ՝ ընկերային անհաւասարակշռութիւններու կամ անարդարութեանց դէմ՝ կþուզէ մարդկայնապաշտ իր մտածումները հակադրել։ Մասնաւորաբար մեր կեանքէն թելադրուած իր սեւեռումներուն մէջ, Հայութեան առհաւական թախիծէն գիծ մը կþերկարի իր տողերն ի վեր, իր բառերը վերածելով արիւնով պայթուցիկ բջիջներու։

Ընթացիկ մեր դէմքերէն չէ՛ Սեւակ։ Գեղապաշտ Սերունդի կրտսեր ներկայացուցիչներէն, երեսունին՝ նահատակ, իր գրական վաստակին մէջ, սակայն, կþիրագործէ վաւերական բանաստեղծի ու մանաւանդ արձակագրի մը բոլոր հազուադէպ շնորհները։ Անճիգ գրականութիւն մըն է իրը, բխումի չափ հարազատ եւ անկեղծ, մեզ ըլլալու ու մեր հոգիին հետ միշտ հաշտ մնալու ներքին իրաւութեամբ մը։ Մարդկայնաշունչ ապրումներով, եւ կեանքի համայնական հասկացողութեամբ մը՝ մարդոց ու անոնց տառապանքին սեւեռուն գրագէտն է, որ գիտէ յուզել անխառն արդարութեամբը, անշահասիրութեամբը, զգաստ եւ հոգածու շեշտովը իր մտածումներուն եւ վերլուծումներուն։ Հաւասարապէս ի՛նքն է, որ կայ իր անձնատիպ թէ մարդկայնաշունչ էջերուն մէջ.- ինքնատի՛պ ալ լեզուով ու ոճով, որ կը յատկանշէ, իր մէջ, արուեստագէտին հզօր կնիքը»։

Մասունքներ՝ Ռուբէն Սեւակէն

ԿՌՈՒՆԿԸ

Ձուրտ-ձմեռ օր մըն էր։ Դուրսը, սառած հովը մտրակներու պէս կը շաչէր անցորդներու երեսին։ Ձիւնն ըսես՝ աչքերը կուրցնելու աստիճան։

Հայրենակիցի մը սենեակին մէջ կծկուեր էինք, քանի մը ընկերներ, ամէնքս ալ պանդուխտ։ Դուռը ճռաց, պաղ հով մը խուժեց սենեակէն ներս։ Կարօն էր. գերեզմանէն կու գար։

– Պը՜ռռ, ըսաւ, շա՛ն օդ, ասանկ օրով մարդ կը մեռնի՞…։

Քիչ վերջ, դուռը անգամ մը եւս բացուեցաւ, ու քանի մը յետամնայ ընկերներ ալ ներս մտան։ Այս ձիւնին տակ սպասած էին, որ դիակը ամբողջովին ծածկուէր. նոյնիսկ մէկը՝ մեր բոլորին կողմէ հրաժեշտի քանի մը խօսքեր ըսած էր այդ մենաւոր գերեզմանատան մէջ, այդ անծանօթ մեռելին վրայ։

Ո՞վ կը ճանչնար, ո՞վ պիտի ճանչնար երբեք հազար ու մէկ բզկտուած էջերը Կեանքի ու Մահուան այն տռամին, զոր ձիւներու տակ թաղեցինք այսօր, օտարներու փոսին մէջ։ Առանց անունի, թռչունի դիակի մը պէս…։

– Ես ալ չէի ճանչնար, ըսաւ մեր մէջէն մէկը, բայց պանդոկին մարդիկը հասկցեր էին՝ որ այդ օտարական հիւանդը հայ մըն է ու հայ բժիշկ մը կ’ուզէ իր մօտ։ Շաբաթ մը վերջ միայն կրցաւ զիս գտնել։ Երբ իր սենեակէն ներս մտայ, պատուհանին փեղկերը գոցուած էին։ Սակայն, քիչ-քիչ, այդ մթութեան մէջ դէմք մը գծագրուեցաւ, երկար, անկիւնաւոր, կանանչի զարնող դեղնութիւնով մը, խաւարով ու լոյսով շինուած Ռամբրանդեան գլուխ մը։

«…Երբ աւելի վարժուեցայ այդ կէս մթութեան, տեսայ որ մօրուքին վրայ, տեղ-տեղ, կարմիր արիւնը փակեր, թանձրացեր, լերդացեր էր։ Մորթուած անասունի տաք շունչ մը կ’ելլէր իր բերնէն, դանդաղ ու խորունկ։ Կարծես անտեսանելի դանակ մը, ներսէն, վերէն վար ճեղքեր էր թոքերը։

«Ալ նիւթական ի՞նչ դարման կարելի էր տալ այս մարմնին, որ գրեթէ մեռեր էր արդէն։ Բայց խօսելու ճիգ մը ըրաւ, հազը խեղդեց իր խօսքը. խռկացող, խռպոտ հառաչներէն բառ մը միայն հասկցայ։

«Կռունկը…

«Ու ես երգեցի իրեն. ո՞վ չի գիտեր Կռունկը, բոլոր աչքն ետին մնացած ուղեւորներուն կռունկը…։ Ու ինծի այնպէս թուեցաւ, որ իր հոգին հովացաւ, զովացաւ, լացաւ։ Իր սրտին բոլոր լարերը յանձներ էր հաւատարիմ կռունկին…»։

Այս պատմութեան վրայ, ամէնքս ալ լռեցինք։ Սարսափելի բան մը կար ճակատագրին մէջ այս անծանօթ ուսանողին, որ հայրենիք դառնալու համար ճամբայ ինկեր ու ճամբուն վրայ մեռեր, թաղուեր էր իր չտեսած մէկ հողին մէջ։

Թոքախտը, որ հոն էր, իր մէջ դարանակալ, տարիներէ ի վեր սպասեր էր, որ բոլոր յոյսերը իրականանան, բոլոր ուսումները կատարելագործուին ու բոլոր աշխատութիւնները աւարտին՝ ի՛նք սկսելու համար իր ահաւոր աշխատութիւնը, ու գերագոյն ժամուն համար գերագոյն հարուածը։ Ա՜խ, զզուելի՜, զզուելի՜ հիւանդութիւնը…։

– Բժի՛շկ, ըսաւ մէկը, երբ գերեզմանին մէջ երեսը բացինք՝ մելանի պէս սեւ էր, ինչէ՞ն է։

Բայց բժիշկը չխօսեցաւ, մարդ չխօսեցաւ։

…Ու իրաւ, այդ պահուն՝ մահը մեր վրան էր, ա՛յն մահը, որ ուսանողին ու բանուորին, հաւատացողին եւ ուրացողին, բժիշկին ու բժշկուողին հաւասարապէս անծանօթ ու սարսափելի է…։

Մենք ալ մարդ պիտի ըլլայինք, կրթութիւն պիտի ստանայինք, լո՜յս պիտի տանէինք մեր խաւար աշխարհին. սո՜ւտ, սո՜ւտ…։ Մենէ որո՞ւն շունչին մէջէն չէր շնչեր արդէն դարանակալ մահը։ Իւրաքանչիւրը ինքն իր վրայ կը խորհէր, ինքն իր վրայ կը կասկածէր։

Խակայն, յանկարծ, մութ անկիւնէ մը, դողդոջ ու ցած երգ մը սկսաւ, նախ մէկ բերնով, յետոյ՝ բոլոր շրթունքներէն, բարի ու ահաւո՜ր երգ մը, որ սառը կոտրեց, արցունքները հալեցուց, սրտերը տաքցուց, բոլոր հոգիները, բոլո՛ր հոգերը, բոլո՛ր տրտունջքները, բոլո՛ր մրմունջները իրարու միացուց.

Ղարիպին սիրտն է խոց, ճիկեարն է վարամ,
Կերած հացն է լեղի, ու ջուրն է հարամ…

Կռո՜ւնկ, կռո՜ւնկ, ամէն աշխարհի անկիւններէ, ամէն սրտի խորշերէ, քանի՞ ծանր լուրեր կապեցին ոտքերուդ, ու դուն կրնա՞ս թռչիլ։ Քանի՜, քանի՜ մահեր կապեցին քու թեւերուդ, կռո՜ւնկ, թեւաւո՛ր հառաչ, որ կրնաս թռչիլ…։

Ու երբ բժիշկին նշանին վրայ բոլորս մէկ ոտքի կեցանք իբրեւ սուգի նշան, մարմինս փուշ-փուշ եղած՝ ես կը խորհէի, որ այդ վայրկեանին, հեռունե՜րը, հեռունե՜րը, ծովերով ու լեռներով հեռուները տեղ մը, ծերուկ մայր մը ու ալեւոր հայր մը, ժպտելով ու յուսալով, ճամբուն, ճամբո՜ւն կը նայէին, մինչդեռ մենք գիտէինք, որ ալ տղան պիտի չգա՜ր, պիտի չգա՜ր…։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՕՐ

Օրօ՜ր, օրօ՜ր… օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս,
Վիրաւոր հօրըդ ճիչերն ա՜լ չիմանաս,
Ծիծէս ծըծածըդ թոյն է… կաթ չէ՛, գիտնաս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛,
Հողիդ վրայ գերի մ’ըլլար, այլ տիրէ՛…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Հօրըդ վըրայ եթէ անշո՜ւնչ չինկայ ես,
Զի ուխտեցի՛ Հռոմի էգ գայլին պէս
Նոր Ռոմուլոս մը դիեցնել ստինքէս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Բազուկներուս պարա՜ն, ոտքիս ալ կացի՜ն,
Ստինքիս զո՜յգ պտուկներն ալ կտրեցին։
Վերքէս արիւնս ծծէ, որդեակ միածին…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Ահա կ’իյնամ… Հայաստանը մա՜յր քեզի,
Կտակ կուտամ այս կոտրած սուրն երկսայրի՝
Ուր հայրիկիդ դեռ տաք արիւնը կ’այրի…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։

Ն.