ԼՂՀ ԱԺ Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հանդիպումը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի հետ

Արցախեան շարժման 25ամեակին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկի կազմակերպման ծիրէն ներս շաբթուայ մը տեւողութեամբ Աթէնք գտնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան։

Իր կեցութեան օրերուն ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի դասաւորումով բազմատեսակ ծրագիր մը իրագործուեցաւ, ուր ԼՂՀ ԱԺ նախագահը առիթը ունեցաւ հանդիպումներ ունենալու հելլէն կուսակցութեանց ղեկավար շրջանակներու հետ, աթենահայութեան հետ շփուելու եւ ազգային մեր կառոյցներուն ծանօթանալու։

ghouliani hantiboum gg-i hed_11-3-13ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ, անցեալ Երեքշաբթի 5 Մարտ 2013ի երեկոյեան, իր նստավայրէն ներս:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ԼՂՀ ԱԺ նախագահի եւ յոյն քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումներու արդիւնքը եւ համապատասխան գնահատականներ տրուեցան։

Զրոյց ծաւալեցաւ Արցախ-Սփիւռք փոխ յարաբերութիւններուն, Արցախի հասարակական-տնտեսական իրավիճակին, երկրի զարգացման նպաստող հետագայ ծրագիրներու հարցերու շուրջ, ուր ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն հաւաստիացուց ջանքերը բազմապատկելու տրամադրուածութեան մասին։

Զրոյցի նիւթ դարձան ատրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութեան վերաբերող ու Արցախի հիմնախնդրի հետ կապուած հարցեր։

Արցախի Ազգային Ժողովի ղեկավարը կարեւոր համարեց Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ զայն նկատելով հայ ժողովուրդի եւ անոր պետականութեան առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը։

Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդհանրապէս գնահատեց Յունահայութեան մասնակցութիւնը ՀՕՄի ու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի դերակատարութեանց ընդմէջէն Արցախի մէջ իրագործուող կենսական գործունէութեան կապակցութեամբ։

Իր կարգին ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Գէորգ Գոլանեան ներկայացուց միութենական մեր կառոյցները եւ անոնց ծաւալած գործունէութեան դաշտը։ Խօսք եղաւ Արցախի հանրապետութեան հետ հետագայ ծրագիրներու ու համագործակցութիւններու ընդլայնման կարեւորութեան մասին։

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
11 Մարտ 2013

Տպել Տպել