- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ֆրանսիսքօ Պապը միշտ թիկունք կանգնած է Հայ Դատի

Cardenal Bergoglio yev Arkebisgobos Kissag Mouradian [1] Կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պէրկոկլիոյի ընտրութիւնը որպէս Ֆրանսիսքօ Պապ ոչ միայն ուրախութիւն բերաւ Արժանթինի բնակչութեան, այլ նաե՛ւ յոյսի լոյս մը կը բանայ հայոց պանջատիրական պայքարին։ Արժանթինի հայերը զգացուած են, տրուած ըլլալով որ Կարտինալ Պէրկոկլիօ միշտ եղած է հայ համայնքին անկեղծ բարեկամ մը։ Ան շարունակաբար Հայ Դատի ի նպաստ իր աջակցութիւնը ցոյց տուած է, մանաւա՛նդ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով մատուցուած Սուրբ Պատարագներուն, բազմիցս իր խօսքը ներկայացնելով հովուական պատգամներու մէջ։

2004 թուականի Ապրիլ 23ին, Արժանթինի հայ համայնքի երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած բողոքի եւ յիշատակումի ցոյցի աւարտին, Պուէնոս Այրէսի Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ Էքումէնիք Սուրբ Պատարագ մը մատուցուեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ «Հայր Մեր»էն ետք, Կարտինալ Խորխէ Պէրկոկլիօ հովուական իր պատգամին մէջ նշեց Ապրիլ 24ը։

«Ցեղասպանութեան ցաւը մեզ կը միացնէ։ Ցեղասպանութիւն մը որ, 20րդ դարու առաջինը ըլլալով հանդերձ, ներկայիս բոլոր մեծ պետութիւնները ջանք կը թափեն զայն լռեցնել ու ծածկել։ Մենք կը ցանկանանք յիշել նահատակներուն, եւ կ’ուզենք այդ ցաւը յայտնաբերել, որպէսզի մեր վէրքը իբրեւ մարդկութեան ներկայացուցիչներ, 20րդ դարուն ազգի մը ընդդէմ հալածանքի առաջին վէրքը յայտնաբերուի՝ մեզ ամօթ պատճառելով, եւ մղելով ներողութիւն խնդրել, մերժելով զայն ծածկելը, շինծու եւ մանր շահերու ի նպաստ։ Այս առումով է այս յիշատակումը… Աղօթենք որպէսզի Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ մեզ»։

Քանի մը տարի ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան 91ամեակի յիշատակման առիթով, 2006 թուականի Ապրիլ 22ին, Պուէնոս Այրէսի Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Էքումէնիք Սուրբ Պատարագի մը առիթով, Պուէնոս Այրէսի Կարտինալ Առաջնորդ Խորխէ Մարիօ Պէրկոկլիոյի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի Թեմի Առաջնորդ Տ. Գիսակ արք. Մուրատեանի նախաձեռնութեամբ, ներկայիս Ֆրանսիսքօ Պապը յայտնեց. «Այսօր եկած ենք աղօթելու ազգի մը համար որուն նկատմամբ Մարդկային Իրաւունքները տակաւին չեն իրագործուած», նշելով կայսրութեանց տխուր դիրքորոշումը, որ ճշմարտութեան փոխարէն կը նախընտրեն շինծու շահերը։ Այդ առիթով, Կարտինալ Պէրկոկլիօ իր աղօթքը եզրափակեց խնդրելով արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն, որ «հայ ազգին համար խաղաղութեան գործիքներ պիտի ըլլան»։

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ)

Նկարին՝ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի Կարտինալ Առաջնորդ Խորխէ Մարիօ Պէրկոկլիօ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի Թեմի Առաջնորդ Տ. Գիսակ արք. Մուրատեան

16/03/2013