[1] Իր պատմութեան առաջին տասնամեակներուն Իսրայէլ իր շրջանային դաշնակցութիւններուն համար զարգացուց «երեք շրջանակներ»-ու տեսութիւնը: Այս տեսութեան գործադրութեամբ Իսրայէլ մշակեց ու զօրացուց ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւններ ոչ արաբ շրջանային ուժերու հետ, որոնք կը շրջապատէին Իսրայէլը շրջապատող եւ անոր թշնամի արաբական երկիրներու օղակը: Նասըրական Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ Իսրայէլ այս քաղաքականութենէն մղուած` դաշինքներ կնքեց Եթովպիոյ, Թուրքիոյ եւ շահի Իրանին հետ: Այսօր փոխուած են այդ երկիրներուն մէջ պայմանները, բայց Իսրայէլ իր տեսութենէն չէ հրաժարած, այլ կ՛աշխատի զայն գործադրելու նոր գործընկերներու հետ, ի մասնաւորի` Ազրպէյճանի եւ քիւրտերուն: Այս երկու կողմերուն հետ դաշինքներէն ռազմավարական եւ տնտեսական մեծ օգուտներ պիտի քաղէ ան:
Անցեալ տարեսկիզբին լրատուական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իսրայէլ վիթխարի գումարի զէնքեր վաճառած է Ազրպէյճանի: Իսրայէլեան աղբիւրներ օրին ըսին, որ մեծ մասամբ անօդաչու օդանաւեր եւ արբանեակային, արհեստագիտութեան համակարգեր ընդգրկող համաձայնութիւնը կ՛արժէ 1,6 միլիառ ամ. տոլար, եւ իսրայէլեան զինուորական ճարտարարուեստի պատմութեան ամէնէն մեծագումարն է:
Աւելի՛ն. Մոսատի նախկին պետ Տանի Եաթոմ առանց բառերը ծամծմելու յայտարարեց, որ` «մեզի համակիր պետութիւններուն իսրայէլեան զէնք վաճառելը մեզի կ՛օգնէ Իրանի դէմ»:
[2]
Այդ յայտարարութեան մէջ Եաթոմ ամփոփեց երկու առանցքները այն յարաբերութիւններուն, զորս Իսրայէլ անաղմուկ կը հիւսէ իր կովկասեան դաշնակիցին հետ. զէնքի վաճառքն ու Իրանի հետ թշնամութիւնը: Բայց կայ երրորդ առանցք մը, որուն մասին ձայն չհանեց Եաթոմ, այդ ալ քարիւղն է, որուն ներածման աղբիւրներուն մասին ընդհանրապէս չեն արտայայտուիր իսրայէլացիք` զայն նկատելով ազգային անվտանգութեան անհրաժեշտութիւն:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիւսիսային դրացիին հետ ռազմավարական գործակցութիւն զարգացնելու եւ զայն ամրապնդելու ուղղութեամբ Իսրայէլի աշխատանքը սկսաւ աւելի քան քսան տարի առաջ, այդ նախկին խորհրդային հանրապետութեան անկախացման առաջին օրերուն` 1991-ին: Այն ատեն խորհրդային քաղաքացիներու գաղթը արգիլող երկաթեայ վարագոյրի խորտակումը հնարաւորութիւն տուաւ, որ աւելի քան հարիւր հազար հրեայ Ազրպէյճանէն գաղթէ Իսրայէլ: Թել Աւիւ շուտով անդրադարձաւ, թէ ռազմավարականօրէն որքան օգտաշատ է իր գլխաւոր թշնամի Իրանի սահմանակից երկրին հետ գործակցութիւնը: Միւս կողմէ, նորածին եւրասիական երկրին իշխանութիւններուն համար յստակ էր, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները օգտակար պիտի ըլլան երկու առանցքի վրայ. մէկ կողմէ Պաքու պիտի օգտուի իսրայէլեան արհեստագիտութենէն, մանաւանդ սպառազինութեան եւ երկրագործութեան բնագաւառներէն ներս. Պաքու նաեւ մեծ գրաւ դրած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ հրէական լոպիին վրայ չէզոքացնելու համար Ուաշինկթընի մէջ ազդեցիկ հայկական լոպիի գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով: 1992-ին իր անկախութիւնը հռչակած այդ հողատարածքին վերատիրանալը ազրպէյճանցիներու ազգային գերխնդիրն է. անոնք արիւնալի պատերազմ մը մղեցին անոր համար, բայց չյաջողեցան վերագրաւել զայն. այդ պատերազմին ընթացքին Իրան որոշ օժանդակութիւն տուաւ հայկական կողմին, որ պատրուակ հանդիսացաւ բացայայտելու Իսրայէլի հետ Իրանի դէմ կեցուածքը:
[3]
Քանի մը օր առաջ իսրայէլեան «Հաարէթց» օրաթերթը լոյս ընծայեց իր լրագրողներէն մէկուն Պաքուէն յղած թղթակցութիւնը: Հոն կը հաղորդուի, որ Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականներէն Ֆուատ Ախոնտով յայտնած է, թէ` «Ազրպէյճանի համար հարցը Իրանն է, եւ ո՛չ Իսրայէլը»: Ան նկատել տուած է, որ` «Թեհրան շատ դժգոհ է մեր (ազրպէյճանցիներու – Ա.)` Իսրայէլի հետ հրաշալի գործակցութենէն»: «Ազրպէյճանական ծագումով իսրայէլացիներուն թիւը մեծ է, եւ մեզի համար շատ դիւրին է անոնց հետ աշխատիլ», աւելցուցած է ան:
Ըստ «Հաարէթց»-ի, Ազրպէյճան վճռած է «զոհաբերել» Իրանի հետ իր յարաբերութիւններուն մնացորդացը` ի խնդիր Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումին: Ազրպէյճանի «Միլլի մեճլիս»-ի (խորհրդարանի) միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Ասիմ Մոլլազատէ իսրայէլացի լրագրողին ըսած է, որ` «Ազրպէյճան բազմաթիւ հրեայ բարեկամներ ունի, եւ անոնք են, որ մեզի կ՛օգնեն Ուաշինկթընի մէջ: Իսլամ Ազրպէյճանն ալ զօրավիգ կը կանգնի Իսրայէլի, մինչ քրիստոնեայ Հայաստանը կողմնակից է Իրանի»:
[4]Ըստ «Հաարէթց»-ի, Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան կը գործակցին բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ, եւ միայն վերջերս է, որ ազրպէյճանցի ժողովուրդը սկսած է տեղեկանալ այդ գործակցութեան կարգ մը երեսներուն մասին: «Պաքու Թեհրանի ետեւի դուռն է, եւ անիկա մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ Իրանի դէմ: Բայց ասոր կողքին կայ նոյնքան կարեւոր քարիւղի հարցը», ըսաւ թերթը: Ան նկատել տուաւ, որ մինչեւ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակը (1979-ին), Իրան Իսրայէլի քարիւղ հայթայթող գլխաւոր աղբիւրն էր. բայց Իրանի շահի տապալումէն ետք Թել Աւիւ զրկուեցաւ քարիւղի հայթայթման գլխաւոր աղբիւրէն. Իսրայէլ ստիպուեցաւ քարիւղ ներածել հեռաւոր երկիրներէ, եւ երեք տասնամեակ շարունակ Մեքսիքա հանդիսացաւ այդ գլխաւոր աղբիւրը: Բայց մեքսիքական քարիւղի Ատլանտեան ովկիանոսի եւ Միջերկրական ծովու ամբողջ լայնքով փոխադրութիւնը շատ սուղ կ՛արժէր Իսրայէլի:
[5]Բայց վերջին տասնամեակներուն Թել Աւիւ-Պաքու մերձեցումը վերջինը վերածեց Իսրայէլի քարիւղ հայթայթող գլխաւոր աղբիւրին, որ առանձինն կը հոգայ իսրայէլեան կարիքներուն 40 տոկոսը:
«Հաարէթց» նաեւ կը խօսի երկու երկիրներուն քարիւղային յարաբերութեան մէկ այլ ռազմավարական օգուտին մասին. Պաքու քարիւղը Վրաստանի վրայով կը հասնի Թուրքիոյ ծովափը` Միջերկրականի հիւսիս-արեւելքը (Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարով), ուրկէ նաւերով կը փոխադրուի Իսրայէլ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ հակառակ Թուրքիա-Իսրայէլ դիւանագիտական լարուածութեան, անոնց առեւտրական գործակցութիւնը պիտի շարունակուի Թուրքիոյ քարիւղի տարանցումէն քաղած շահաբաժինին պատճառով:
[6]Ազրպէյճանի պետական քարիւղային ընկերութեան` «Սոքար»-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Մուրաթ Հայտարով «Հաարէթց»-ին յայտնեց, որ վերջերս լուսարձակներէ հեռու վերսկսած են թրքական Ճէյհանէն իսրայէլեան Աշտոտ նաւահանգիստ հասնող ընդծովեայ քարիւղային խողովակաշարի կառուցման շուրջ բանակցութիւնները: Այս բանակցութիւնները առկախուած էին թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն միջադէպին պատճառով: Այս միջադէպին մասին իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Հաարէթց»-ի յայտնած են, որ` «Թէեւ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա երկուորեակներ են, սակայն Թուրքիոյ հետ իսրայէլեան յարաբերութիւններու լարուածութիւնը ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ Թել Աւիւ-Պաքու դաշինքին վրայ»: Ազրպէյճանցի պաշտօնատարներն ալ իրենց կարգին յայտնեցին, որ Պաքու այդ դէպքէն ետք անընդհատ աշխատած է իր դաշնակիցներուն (Թուրքիա եւ Իսրայէլ) միջեւ լարուածութիւն փարատելու եւ զանոնք կամրջելու համար:
Ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հաարէթց»-ին ըսած է, որ` «այս հարցը լուծելու մասին խօսեցայ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի հետ, բայց, ցաւօք, ան կը մտածէ Օսմանեան կայսրութեան ու Խորհրդային Միութեան օրերու մտայնութեամբ. ան չի հասկնար ներկայ իրավիճակը: Բարեբախտաբար Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար չէ այլեւս, եւ հիմա յոյս ունինք, որ պիտի կարենանք լուծել Թել Աւիւի եւ Անգարայի միջեւ հարցը»:
ՄՈՀԱՄԵՏ ՊԱՏԻՐ
«Ախպար»
«ԱԶԴԱԿ»