[1] Այսօր չորրորդ անգամն ըլլալով կը ներկայանանք Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի հայութեան՝ տասը հազար տպաքանակով: Կը ներկայանանք, աւելի ճիշդը՝ կը վերաներկայանանք «Ասպարէզ»ի նախկին հազար բաժանորդներուն
(թղթատարով), որոնք անցեալին ամէն օր ստացած են թերթը, սակայն որոշ պատճառներով դադրեցուցած են անդամագրութիւնը: Այժմ անոնց կ՛առաջարկենք վերստին բաժանորդ դառնալ, յատուկ զեղչով վերադառնալ: Կը ներկայանանք հանրային պարտէզներու մէջ զբօսնողներուն, հայկական խանութներու յաճախորդներուն, հայ կեդրոններուն, հայկական հաստատութիւններուն, եկեղեցիներուն, հայահոծ շրջաններուն:
Ի՞նչ կ՛ուզենք իրականացնել Հինգշաբթի օրերու «Ասպարէզ»ի յատուկ թողարկումներով:
Առաջին հերթին՝ կ՛ուզենք այս ամէնէն հայաշատ բնակչութիւն ունեցող շրջանին մէջ մեր համախմբուածութիւնը զօրացնել: Յանուն այս նպատակին, «Ասպարէզ» պիտի փորձէ ընդարձակել իր համայնքային լրատուութիւնը՝ ընդգրկելով բոլոր հատուածները, բոլոր միութիւնները, բոլոր հաստատութիւնները: Եթէ տեսնէք, նկատէք, որ այս կամ այն հաւաքականութիւնը անտեսուած է՝ յուշեզէ՛ք
մեզի: Թերացումները սրբագրելը պիտի ըլլայ մեր ուղեցոյցը:
Ապա՝ պիտի փորձենք նպաստել հայկական ուժականութիւնը առաւել նպատակասլաց ու կեդրոնացեալ դարձնելու, հայկական քաղաքական ներկայութիւնը հաշուառելի գործօնի վերածելու ճիգերուն: Համոզուած ենք, որ մեր այս նախաձեռնութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ հայկական միութիւններու ու կազմակերպութիւններու գործունէութեան, պիտի սատարէ անոնց կենսունակութեան եւ ընդհանրապէս՝ պիտի աշխուժացնէ համայնքային, մշակութային ու ընկերային կեանքը: Ծանուցումներով, յայտարարութիւններով, թղթակցութիւններով, հարցազրոյցներով, մենք լայնօրէն պիտի անդրադառնանք կազմակերպուած ձեռնարկներուն՝ տեղեակ պահելով, գնահատելով, հետաքրքրելով, ներկայութիւն ապահովելով:
Չենք ուզեր թաքցնել նաեւ մեր հետապնդած միւս նպատակները՝ բարձրացնել «Ասպարէզ»ի բաժանորդագրութիւնը, շահագրգռել հայկական շուկան գրաւել ուզող ձեռնարկատէրերը՝ հայ թէ օտար, որպէսզի իրենց արտադրանքն ու ծառայութիւնները ծանուցեն «Ասպարէզ»էն. մէկ խօսքով՝ հզօրացնել մեր նիւթական հնարաւորութիւնները, որոնք դարձեալ պիտի վերադարձուին համայնքին, առաւել տարողունակ լրատուութեամբ, նիւթերու հարստացումով, բովանդակութեան ճոխացումով: Մեր էջերէն դուք պիտի ծանօթանաք հայ գործարարներու յաջողութեանց, անոնց ծրագիրներուն, անոնց մտահոգութիւններուն, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Ուրեմն, սիրելի՛ ընթերցող, ընդունէ՛ մեր այս թիւը իբրեւ հրաւէր, ընդունէ՛ իբրեւ առաջարկ, միացի՛ր «Ասպարէզ»ը իբրեւ հայկական աշխարհին բացուելու միջոցներէն մէկը ընտրած շրջանակին:
«ԱՍՊԱՐԵԶ»
27/03/2013թ