- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Գառնիկ Գիւզալեան (1893-1958). Հայ քաղաքական մտքի զարգացման պատմաբան գաղափարախօսը

karnig guzalian kayq [1]Յիսունհինգ տարի առաջ, 1958ի Ապրիլ 8ի այս օրը, շրջապտոյտով մը Աղեքսանդրիա գտնուած միջոցին, յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի Անկախութեան սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գառնիկ Գիւզալեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ պիտի ապրի իբրեւ հայ քաղաքական մտքի պատմաբան գաղափարախօսը։

Այս տարի կը լրանայ նաեւ ծննդեան 120ամեակը Գառնիկ Գիւզալեանի, որ յատկապէս յետ-Եղեռնեան Հայկական Սփիւռքի գաղափարական հունաւորման ու քաղաքական հասունացման մարզին մէջ հիմնական ներդրում ունեցաւ՝ իբրեւ պատմագիտական խոր պատրաստութեամբ եւ գաղափարաբանական լայն հորիզոնի տէր մտաւորական հեղինակութիւն։

Պարբերական մամուլի էջերուն եւ առանձին հատորներով լոյս ընծայած իր ուսումնասիրութիւններով՝ Գ. Գիւզալեան ուղի բացաւ տարագիր հայութեան նորահաս սերունդներուն առջեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քաղաքական զարգացումին ազգային գաղափարաբանութիւնը մշակելու եւ հունաւորելու ուղղութեամբ։

Յատկապէս Հայաստանին ու հայութեան պարտադրուած խորհրդային ամբողջատիրութեան սկըզբնական շրջանին, երբ պատմական նենգափոխումներու մաղձոտ ալիք մը պետականօրէն ծաւալեցաւ հայ քաղաքական մտքի ազգային հիմնական արժէքներուն դէմ, Գառնիկ Գիւզալեան բառին բուն իմաստով արթուն պահակը հանդիսացաւ հայ ազգային յիշողութեան պահպանման եւ վերաթարմացման։

Ծնած էր 1893ին Փարպի, Արագածոտնի մարզ։ Մեծատուն Գիւզալեաններու արժանաւոր շառաւիղ էր։ Ուսանեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ եւ պատանի տարիքէն փարեցաւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն՝ Հ.Յ.Դ. աշակերտական եւ ուսանողական միութիւններու գործունէութեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով 1910ականներուն։

1914ին, աւարտելով Գէորգեան Ճեմարանը, Գառնիկ Գիւզալեան ամբողջութեամբ լծուեցաւ հանրային-հասարակական գործունէութեան։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան դժուարին այդ ժամանակաշրջանին, նախ Հայ Կամաւորական Շարժման ծաւալման եւ, ապա, Հայաստանի անկախութեան նուաճման ու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շինարարութեան աշխատանքներուն եռանդուն մասնակիցը դարձաւ՝ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան իր անդամակցութեան ճամբով։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք իր հերթին անցաւ Թաւրիզ, ապա՝ Պալքաններ։ Ուսումը շարունակելու նպատակով՝ հետեւեցաւ Փրակայի համալսարանի պատմագիտական ճիւղին, որմէ վկայուեցաւ 1928ին։ Փրակայի ուսման տարիները օգնեցին, որպէսզի հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութեան քաջածանօթի իր հմտութեան վրայ Գիւզալեան գումարէ, նաեւ, քսաներորդ դարու 20ականներու Եւրոպայի քաղաքական-գաղափարական բարդ խմորումներու մօտէն ծանօթացումը եւ խորաթա- փանց ուսումնասիրութիւնը։

Այդպէս, Երկրէն բերուած եւ Եւրոպայի մէջ հարըստացած իր մտաւորական պաշարով՝ Գառնիկ Գիւզալեան հիմնարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի պատմութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդին պրիսմակով ուսումնասիրելու եւ տարագիր հայութեան ներկայացնելու մարզին մէջ։ Հ.Յ.Դ. մամուլի էջերուն իր ստորագրած աշխատասիրութիւններով՝ Գ. Գիւզալեան անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւեց իբրեւ հայ քաղաքական մտքի գիտական մշակման գլխաւոր յառաջապահներէն մէկը։

Իբրեւ այդպիսին՝ 1932ին հրաւիրուեցաւ Պէյրութ, նորաբաց Համազգայինի Ճեմարանին մէջ ընդհանուր ազգաց, հայ ժողովուրդի եւ հայ քաղաքական մտքի պատմութիւն դասաւանդելու համար։ Աւելի քան 25 տարի Գառնիկ Գիւզալեան գործեց Ճեմարանի մէջ, ուր պատմական գիտելիքներէ անդին՝ հայ ազգային-քաղաքական յիշողութեան էատարրերը փոխանցեց եւ սորվեցուց տարագրութեան մէջ հասակ նետող նորահաս սերունդներուն։

Ուսուցչութեան կողքին, Գառնիկ Գիւզալեան բեղուն աշխատանք կատարեց հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթը ուսումնասիրելու եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ազգային-քաղաքական ու հասարակական-գաղափարական հոլովոյթը հունաւորած բախտորոշ խնդիրները լուսարձակի տակ առնելու ուղղութեամբ։

Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի, «Հայրենիք Ամսագիր»ի, «Վէմ»ի եւ «Ակօս»ի էջերուն լոյս տեսած, կամ՝ առանձին հատորով հրատարակուած Գառնիկ Գիւզալեանի աշխատասիրութիւններով, «Հայ քաղաքական մտքի զարգացումը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը» (1927), «Ն. Ադոնցը՝ որպէս պատմաբան» (1943), «Հայաստանի պատմութեան շրջանները» (1946), «Հինգերորդ դարի կրօնական եւ քաղաքական շարժումները» (1947), «Հայոց Յեղափոխութիւնից ա- ռաջ» (1950), «Պատմութիւն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի» (1951), «Հայոց Պատմութիւն» (1953) եւ միւս գործերով, Գառնիկ Գիւզալեան գլխաւոր երկու առաջադրանք իրագործեց։

Առաջինը մերկացումն էր խորհրդային պաշտօնական գաղափարախօսութեան դիտանկիւնէն հայ ժողովուրդին պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերուն, որոնց նպատակը հայ ազգային յիշողութեան խաթարումն էր՝ հայ քաղաքական մտքի ներշնչման հոգեհարազատ աղբիւրները փոխարինելու համար խորհրդային համայնավարութեան քարոզած կեղծ արժէքներով։ Պետական հրահանգով եւ միջոցնե- րով՝ խորհրդահայ պատմագրութիւնը լծուած էր հայ ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը ազգային ինքնահաստատման իր գաղափարախօսութենէն պարպելու, սոսկ դասակարգային կռուի պատմութեան նուազեցնելու եւ պոլշեւիկեան դաւանամոլութեամբ փոխարինելու ազգակործան գործին։ Գառնիկ Գիւզալեան պատմագիտական իր պատրաստութիւնն ու պաշարը ի սպաս դրաւ հայութեան նորահաստատ սերունդներու գաղափարական զինումին՝ ապազգայնացման ու այլասերման այդ վտանգին դէմ պաշտպանուելու համար։

Երկրորդը հիմնաւորումն ու այժմէականացումն էր գաղափարական այն շարժումին, որուն ծնունդը եղաւ Հայ Ազգային-Ազատագրական Պայքարը՝ 19րդ դարու Ազգային Զարթօնքէն սկսած, հայ ազգային կուսակցութիւններու առաջացումով ամրագրուած եւ Մեծ Եղեռնի ծանրագոյն հարուածէն ետք Մայիսեան Հրաշքով վերականգնած։ Գառնիկ Գիւզալեան հրապարակագրական բանավէճերու սահմանափակումէն վեր բարձրացուց եւ պատմագիտական հարթութեան վրայ զարգացուց պաշտպանութիւնը համազգային այն արժէքներուն, որոնք ոտնակոխուեցան Լենինի ու Քեմալի մեղսակցութեամբ խոր- տակուած Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Հայաստանի անկախութեան կորուստով։

Գ Գիւզալեան անխոնջ յուշարարը դարձաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարական անկորնչելի հանգանակին։ Իբրեւ այդպիսին՝ հանդիսացաւ հայ ազգային-գաղափարական ժառանգութեան արթուն պահակը, Հայաստանի ու հայութեան հողահաւաքի եւ ազգահաւաքի սրբազան իտէալին պատմաբան գաղափարախօսը, որ սերունդներու հայեցի կազմաւորման հիմքը դարձուց այն պատգամը, թէ՝

– «19րդ դարի երկրորդ կէսին… քուրդն ու թուրքը միացել էին՝ հայութեան դէմ կազմելով պայքարի ընդհանուր ճակատ։ Անհնար էր այս հակադրութիւնը լուծել խաղաղ ճանապարհով՝ համաձայնութեամբ։ Դրա համար պէտք էր մէկ բան, որ թուրքն ու քուրդը ճանաչէին հային որպէս իր հողին տէր, տային նրա կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւն, երաշխաւորէին նրա գոյութեան տարրական պայմանները, ստեղծէին մի միջավայր, ուր հայը կարողանար անկաշկանդ զարգանալ եւ գործօն դեր խաղալ իր բախտի տնօրինման մէջ։ Հայի համար այս կենսական պայմանները անկարող էին ստեղծելու թուրքը եւ քուրդը – ա՛յդ պատճառով ծագեց Հայկական Հարցը»։

– «(1880ական) թուականների սկզբներից մի ուժեղ շարժում է սկսւում հայութեան մէջ յօգուտ Օսմանեան Հայաստանի տնտեսական, մտաւոր վերածնութեան եւ հոգեկան յեղաշրջման։ Այս վերածնութիւնը կապւում էր կրթական գործի եւ ընդհանրապէս մշակութային վերելքի եւ տնտեսութեան բարձրացման հետ։ Բայց ամէնէն էականը՝ նա տեղի պիտի ունենար հայութեան բոլոր կենդանի, բարձրորակ ուժերի համախմբումով Հայաստանում։ Ազգահաւաքման եւ ազատագրական այս գործը հայութիւնը հակադրում էր նոյն ժամանակներում թուրք ազգութեան մէջ ծնունդ առած շարժման, որ խարսխւում էր նախ՝ համիսլամութեան եւ քիչ յետոյ՝ համաթուրանականութեան վրայ։ 80ական թուականներից սկսած այս երկու ազգային շարժումները իրենց ներհակ նպատակներով կանգնած են դէմ դիմաց»։

– «Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային-քաղաքական յեղափոխութեամբ»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»