[1]Երէկ` երեքշաբթի, 9 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 80-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը տարածաշրջանին վրայ»: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց Թուրքիոյ ներքաղաքական իրավիճակը: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակութեան ժողովրդականութիւնը ներկայիս մեծցած է, որովհետեւ իսլամամէտ է եւ Քեմալականութեան հակառակ, իսկ երկրորդ պատճառը զօրաւոր տնտեսութեան հիմերու հաստատումն է:
Քրտական հարցին գծով Մանոյեան նշեց, որ ՔԱԿ-ի ղեկավար Օճալանի հետ բանակցութիւններուն մէջ անորոշութիւններ կան, հրապարակուած է 4 հանդիպումներէն երկրորդին սղագրութիւնը, ուր կարեւոր բացայայտումներ գոյութիւն ունին: Այս ծիրին մէջ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Օճալան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն փոխանցած է, թէ 2015-ը կը մօտենայ, եւ այս մէկը յառաջիկային Թուրքիոյ համար խնդիր է:
[2]Խօսելով խօսքի ազատութեան մասին` Մանոյեան յայտնեց, որ Թուրքիա լրագրող բանտարկեալներ ունեցող պետութիւններու առաջին դիրքը կը գրաւէ, եւ այս ծիրին մէջ իշխանութիւններուն «արդարացում»-ը նոյնինքն միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ այսուհետեւ ընդունելի չեն:
Թուրքիա – Իսրայէլ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով` զեկուցաբերը ըսաւ, որ պաղ շրջանէ մը ետք վերաշխուժացած են յարաբերութիւնները` Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն շնորհիւ, եւ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ այս յաջողութիւնը գործածել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մէջ, որպէսզի Թուրքիա Համասի վրայ ճնշում բանեցնէ:
Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ապահովական կառոյցները Թուրքիոյ ապագան փայլուն չեն տեսներ յառաջիկայ 15-20 տարիներուն ընթացքին, քանի որ երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուած է, եւ պատճառը` քրտական օրակարգի ներքին զարգացումն է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մեծ ազդեցութիւնը նուազեցնելու մեծ պետութիւններու փորձերը: Մանոյեան ըսաւ. «Եթէ հասնի Թուրքիոյ մասնատումին պահը, մեր դիմաց կը բացուի կարելիութիւն, եթէ մենք իբրեւ պետութիւն պատրաստ ըլլանք»:
Ան շեշտեց, որ Արեւմուտքը գոհ է Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններէն եւ անմիջապէս գնահատականներ փոխանցած է, որովհետեւ կ՛ուզէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանին ճամբով Թուրքիոյ հետ վարուած քաղաքականութիւնը պահուի ինչպէս որ է:
Մանոյեան նաեւ խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու կարելիութիւններուն, Թուրքիոյ դիմաց հզօր պետութիւն ունենալու կարեւորութեան, Հայաստանի իշխանութիւններուն` հայութեան իրաւունքներէն չհրաժարելու մօտեցումին, ալեւիներու իրաւազրկուած վիճակին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գործունէութիւններուն, հայ-թուրք համաձայնութեան խնդիրին, թաքուն հայերու իրավիճակին եւ այլ հարցերու մասին: Զեկուցումէն ետք զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
«ԱԶԴԱԿ»