- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

1915ի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին Քաղաքական Ձեռնարկներ եւ Դափնեպսակներու Զետեղումներ

abril_24_donagadaroutioun_Atenkselanig_ [1]ԱԹԷՆՔ – ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ – ՔՍԱՆԹԻ

Երեք քաղաքներու մէջ քաղաքական ձեռնարկներով, յունահայութիւնը ոգեկոչեց Ապրիլեան 98-ամեակը:

Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Քսանթիի մէջ ձեռնարկներուն ներկայ գտնուեցան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ եւ զինուորականներ, որոնք յարգեցին հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:

Թեսաղոնիկէի «Ի. Վելիտիս» հանդիսասրահէն եւ Քսանթիի «Քափնափոթիքի» սրահէն ներս տեղի ունեցան Ապրիլեան 98ամեակին նուիրուած քաղաքական ելոյթները, երէկ Կիրակի 21 Ապրիլին, հայ եւ յոյն ժողովուրդի ներկայութեան: Թեսաղոնիկէի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ մարմնամարզի փոխ նախարար Իոանիս Իոանիտիս:

1915ի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին Քաղաքական Ձեռնարկ Աթէնքի մէջ

Հայոց մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ աշխարհի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերու մեծ թէ փոքր մայրաքաղաքները արդէն սկսած են ժամադրավայրը դառնալ իրաւատէր հայութեան, որ թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակը կը նշէ ամենուրեք:abril_24_donagadaroutioun_ [2]

Յունահայութիւնը իր կարգին, միասնական ու վճռակամ շարքերով, երէկ Կիրակի 21 Ապրիլին, երեք քաղաքական ձեռնարկներով, վերահաստատեց իր ազգային պահանջատիրութիւնը՝ յանուն հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան հաստատման:

Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Քսանթիի մէջ հայութեան արդար պահանջատիրութեան ձայնը անգամ մը եւս լսելի դարձաւ յունական եւ միջազգային պետական ու հանրային կարծիքին մօտ։

Երէկ Կիրակի 21 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11.30ին, Աթէնքի կեդրոնէն ներս գտնուող «Ռոյալ Օլիմփիք» պանդոկի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդի, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 98-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկը, ուր ներկայ եղան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ ու զինուորականներ, որոնք յարգեցին հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:

Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի եւ կառավարութեան կողմէ ներկայ եղաւ զբօսաշրջութեան նախարար Օլղա Քեֆալոեանի, իսկ հելլէն խորհրդարանը ներկ այացուց Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հետեւեալ քաղաքական անձնաւորութիւնները.- խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս, երեսփոխաններ Անասթասիոս Ներանծիս, Սոֆիա Վուլթեփսի, Թերենս Քուիք, Փանաեոթիս Քուրուպլիս, Խրիսթոս Քացոթիս, Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Գոսթաս Գացաֆատոս, խորհրդարանական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Ավրամոփուլոսի կողմէ Իֆիղենիա Գոնտոլէոն (Հայաստանի հետ յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէնուհի), Պաշտպանութեան նախարարի ներկայացուցիչը, Ատիկէի փոխ մարզպետ Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու, Աթէնքի փոխ քաղաքապետ ԷՎա Գոնտոսթաթհաքու, «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանի ղեկավարութեան կողմէ փոխ գնդապետ Գոնսթանտինոս Վելեկրաքիս, Ատիկէի ոստիկանութեան կողմէ Փանաեոթիս Ֆարաոս, Աթէնքի մարզպետութեան կողմէ Սթելլա Քուրի, խորհրդական Եանիս Աքարլիս, Աթէնքի րաբունապետ Իսաաք Միզան, Հրշէջ սպասարկութեան կողմէ Եանիս Ֆոսթիէրիս, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուչիներ, ինչպէս նաեւ ասորական, պոնտական, յունական քաղաքական-ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ, համալսարանական փրոֆէսէօրներ եւ դասախօսներ:

Օտար դիւանագէտներու ներկայութիւնը յատկանշական էր: Ներկայ գտնուեցան Ռուսաստանի, Սերպիոյ, Խրուաթիոյ, Գոնկոյի, Կիպրոսի, Իրանի եւ Եգիպտոսի դեսպանները ինչպէս եւ Ռուսաստանի եւ Եգիպտոսի ռազմական կցորդները: Օտար հիւրերուն համար նախատեսուած էր խօսքերու թարգմանութիւնը անգլերէն լեզուով:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, կրօնական հայ յարանուանութեանց պետերը եւ կրօնական դասը:

Ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Ռ.Ա.Կ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Ռ.Ա.Կ.ի Հայ Իրաւանց խորհուրդը, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, յունահայ համայնքի բոլոր միութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ վարչութիւններ:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանէն ներս ուսանող հայ կուրսանդները, իրենց ղեկավար՝ Հայաստանի ռազմական կցորդ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանի գլխաւորութեամբ:

Ձեռնարկի մուտքին կանգնած էին եւ պաշտօնական հիւրերը պատուի կ’առնէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ-արենուշները, որոնք իրենց լրիւ կազմերով, գայլիկ-արծուիկներով եւ խմբապետներու առաջնորդութեամբ գլխաւորեցին նաեւ քայլարշաւը, դէպի Սինտաղմա:

Յայտագիր

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստագրական վիտէօ երիզի մը ցուցադրութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններով եւ պատմական լուսանկարներով:

Ոգերգներու ունկընդրութենէն ետք խօսք առաւ օրուայ նախագահ Յակոբ Աւագեան (խօսքը տեսնել առանձին), որ յաջորդաբար ողջոյնի խօսքեր ուղղելու հրաւիրեց պաշտօնական հիւրերը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը (խօսքը կարդալ առանձին)։

Խօսք առաւ Ատիկէի մարզպետի տեղակալ տիկին Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու, դիտել տալով թէ յուշի երեկոյի կազմակերպումը խորապէս զգացուած անհրաժեշտութիւն եւ ֆանաթիզմի հանդէպ մղուած պայքար է: Ան դիտել տուաւ թէ պատմութիւնը գործիք է մարդկութեան ձեռքին, որ մշտական խաղաղութեան կ’առաջնորդէ, երբ իրար հասկացողութեան եւ համագործակցութեան դասեր կը փոխանցէ:

Յաջորդաբար խօսք ուղղեց հելլէն խորհրդարանի եւ նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի կողմէ Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս։ Ան նշեց թէ խոր բարեկամական զգացումներով կ’ուղղուի ներկայ եղող հայութեան ու անդրադարձաւ երկու ազգերու երկարամեայ բարեկամութեան:

Խօսելով Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան մասին Իոանիս Թրաղաքիս դիտել տուաւ թէ շփոթը եւ ջղային վիճակը որ Թուրքիա կը դիմագրաւէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, անուղղակիօրէն կը փաստեն իր յանցագործութեան մասին: Ան ըսաւ որ մերժումը արգելք է տարածաշրջանէն ներս ճշմարիտ յարաբերութիւններու մշակման գործընթացին մէջ։

Ապա ողջոյնի իր խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Զբօսաշրջութեան նախարար տիկին Օլղա Քեֆալոեանի, որ իր յուզումը արտայայտեց ոգեկոչման ձեռնարկի իր մասնակցութեան առիթով: Ան յիշատակեց 1903ին Շարլոթ Քերքինս Կիլմանի խօսքը, երբ կը նկարագրէր Ապտիւլ Համիտի գործած ջարդերուն հետեւանքները, նշելով թէ համայն մարդկութիւնը պարտի դէմ կանգնիլ մարդոց եւ ազգերուն հանդէպ ուղղուած ոճրագործութիւններուն: Ըսաւ թէ ոգեկոչումներով յատկանշուած թուականներէն բխած պատգամները կարեւորութիւն կը ստանան այսօր, եւրոպական ընկերութիւններէն ներս, ուր լեզուի, կրօնքի եւ մշակոյթի տարբերութիւնները չեն կրնար ոեւէ անձ ստորին Աստուծոյ զաւակի վերածել: Յիշեցուց թէ հելլէն պետութիւնը միաձայնութեամբ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներկայ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի նախաձեռնութեամբ:

Բանախօսութիւն

Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ բանախօս Փանտիօ համալսարանի միջազգային քաղաքականութեան եւ արեւելեան գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէն Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս:

Ան անդրադարձաւ երիտասարդութեան իր տարիներուն, երբ Պոխումի եւ Միւնիխի մէջ ուսումի ժամանակ, առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: Անկէ ետք, ան վերլուծումներով եւ ընթերցումներով հետեւեցաւ հարցի քաղաքական զարգացումներուն:

Փրոֆէսէօրը իր խօսքը կեդրոնացուց երեք հիմնական կէտերու վրայ՝ ՅՈՒՇ-ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ-ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ բառերով բնորոշելով գործընթացը: Հսկայական նուաճում եւ դէպի արդարութեան հաստատում առաջին քայլ բնորոշեց քսան տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յիշելով Յունաստանի անցած ճանապարհը:

Բանախօսը բացատրեց Օսմանեան կայսրութեան օրուայ քաղաքականութեան դըրդապատճառները, անդրադառնալով թուրքերու ստորակայութեան զգացումին՝ հանդէպ հայերուն եւ յոյներուն, երբ նոյն պահուն Երիտ-թուրքերու ուժերը կը յղանային փանթուրանիզմի գաղափարը, միազգեայ երկրի մը առաջնորդուելու որպէս նախապայման:

Իր խօսքերը աւարտեց յիշատակելով յոյն պատմագէտ Թուքիտիտիսի խօսքերը թէ՝ արդարութեան ուժի պայմաններու մէջ չէ որ կ’ապրինք, այլ կ’ապրինք՝ ուժի արդարութիւնը: Ուստի մեր պայքարը այս ուղղութեամբ պէտք է մղենք:

Հայ երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Լորանտ Մէնէնտեանը (կարդալ առանձին)։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ գեղարուեստական կարճ բաժինով, մասնակցութեամբ Վարդան Աբովեանի (տուտուկ), Սուզաննա Սարդարեանի (քանոն), Լեֆթէրիս Խավուցասի (քամանչա), Մկրտիչ Պօղոսեանի (սազ), Գ. Թիֆթիկեանի (ուտ), Սամուէլ Գալստեանի (տհօլ): Նուագախումբը մեկնաբանեց «Կիլիկիա», «Կռունկ» եւ «Տըլէեաման»ը:

Քայլարշաւ եւ Դափնեպսակներու զետեղում

Ձեռնարկի աւարտին, Աթէնքի քաղաքապետութեան ֆանֆարի, պաշտօնական հիւրերու եւ սկաուտական խումբերու գլխաւորութեամբ, ժողովրդային թափօրը յառաջացաւ դէպի Սինտաղմայի հրապարակ, ուր Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ դափնեպսակներ զետեղուեցան, Յունաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Դափնեպսակներ զետեղեցին՝

– յունահայ գաղութի անունով պրն. Արամ Գասարճեան,

– Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան,

– Ասորիներու միութեան կողմէ պրն. Քիրիաքոս Պացարաս,

– Աթէնքի քաղաքապետի կողմէ փոխ քաղաքապետ տիկին Էվա Գոնտոսթաթաքու,

– Ատիկէի մարզպետի կողմէ տեղակալ տիկին Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու,

– Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան,

– Կիպրոսի հանրապետութեան կողմէ ռազմական կցորդ փոխ գնդապետ Անտրէաս Զոնիաս,

– Հելլէն խորհրդարանի կողմէ Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս,

– Հելլէն կառավարութեան եւ վարչապետի կողմէ զբօսաշրջութեան նախարար տիկին Օլղա Քեֆալոեանի, որուն կ’ուղեկցէին ՀՀ դեսպանն ու ՀՅԴի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչները։

Քայլարշաւի ամբողջ ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեան անդամները պահանջատիրական լոզունգներով պաստառներ պարզած էին եւ յունալեզու թռուցիկներ բաժնեցին անցորդներուն։

Հելլէն մամուլին անդրադարձը

Հելլէն ելեկտրոնային լրատուական կայքէջեր շուտով տեղադրեցին քայլարշաւին եւ քաղաքական ձեռնարկին վերաբերող լուրը եւ լուսանկարներ, անդրադառնալով քաղաքական դէմքերու ներկայութեան եւ յուշելով հայութեան դէմ գործուած ոճիրի դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:

ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՔԼԱԹՄՈՆՈՍ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ 20-25 ԱՊՐԻԼ 2013

Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան

Անցեալ Շաբաթ օրուընէ արդէն տեղադրուած է ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան տաղաւարը, Քլաթմոնոս հրապարակին վրայ, ուրկէ հայկական երաժշտութիւն կը սփռուի ամբղջ օրուան ընթացքին:

Ցուցադրութեան դրուած են նկարներ, գիրքեր, ձայնասկաւառակներ եւ շապիկներ: Երիտասարդներու ներկայութիւնը անցորդներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Հայութեան պահանջքներու մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցուին յոյն հասարակութեան:

ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՔԼԱԹՄՈՆՈՍ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ 20-25 ԱՊՐԻԼ 2013

abril_24_klathmonos_yieridasartagan [3]
Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան

Անցեալ Շաբաթ օրուընէ արդէն տեղադրուած է ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան տաղաւարը, Քլաթմոնոս հրապարակին վրայ, ուրկէ հայկական երաժշտութիւն կը սփռուի ամբղջ օրուան ընթացքին:

Ցուցադրութեան դրուած են նկարներ, գիրքեր, ձայնասկաւառակներ եւ շապիկներ: Երիտասարդներու ներկայութիւնը անցորդներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Հայութեան պահանջքներու մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցուին յոյն հասարակութեան: