Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առթիւ հոգեհանգիստ եւ բողոքի ցոյց Աթենքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ

abril0tsouits-atenk_25-4-13Տասնամեակներու վրայ երկարած անխոնջ պայքարը կը շարունակուի հայ երիտասարդ սերունդներուն կողմէ

Հայութեան պահանջատիրական ձայնը զօրաւոր հնչեց երէկ Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակին առիթով, հայոց մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ աշխարհի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերը:

Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններով եւ բողոքի ցոյցերով յատկանշուեցաւ օրը: Յունահայութիւնը միասնական ու վճռակամ միացաւ համահայկական ալիքին, որ նշեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեայ տարելիցը:

azator.gr

Տպել Տպել