- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

«Թուրքիա Նոր Գաղափարներ Առաջարկելով Դարձեալ Կ՛Ուզէ Աշխուժացնել Ղարաբաղեան Տագնապի Կարգաւորումը» Կ՛ըսէ Հիքմեթ Չեթին

Cetin [1]«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիքմեթ Չեթին յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին առջեւ զարգացման բազմաթիւ կարելիութիւններ պիտի բանայ»:

Ան Պաքուի մէջ «Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անոր շուրջ աշխարհաքաղաքական իրադրութիւն ձեւաւորելու հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի դերը» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն ծիրին մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պաղ պատերազմէն ետք շրջանային ամէնէն լուրջ խնդիրներէն է: Անիկա ունի պատմական խոր արմատներ, որոնք մնացած են Խորհրդային Միութեան ժամանակներէն», յայտարարած է ան:

Չեթին նշած է, որ Թուրքիա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիր, բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած է տագնապը լուծելու առաջարկներով: «Եթէ Հայաստանը հեռանար Լեռնային Ղարաբաղի յարակից 5 շրջաններէն, ապա հայ-թրքական սահմանը կը բացուէր: Ես նկատի ունիմ ոչ թէ Լաչինը (Բերձոր) եւ Քելբաջարը (Քարվաճառ), այլ միւս 5 բռնագրաւուած տարածքները», ըսած է ան:

Թրքական դիւանագիտութեան նախկին պետը ՕԹԱՆ-ին եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է իրենց ներդրումը ունենալու Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութիւն ապահովելու հարցին մէջ: «Չլուծուած տագնապը կը սպառնայ միջազգային անվտանգութեան… Թուրքիան այժմ, նոր գաղափարներ առաջարկելով, դարձեալ կ՛ուզէ աշխուժացնել տագնապին լուծումը», յայտարարած է Չեթին:

aztagdaily.com