Հալէպի դէպքերուն գծով Ազդակ կապ հաստատեց Ազգային Առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ մեր հարցումներուն ի պատասխան հետեւեալը յայտնեց


– Օտար լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ հայութիւնը պետութեան կողքին Ազատ բանակի դէմ կը կռուի: Ճի՞շդ են այդ լուրերը եւ ինչ է հայութեան կեցուածքը առհասարակ:

– Այդ լուրերը բացարձակ իրականութեան չեն համապատասխաներ: Հայութիւնը, իբրեւ համայնք, դէմ է եղբայրասպան կռիւի եւ ոչ մէկ ձեւով մասնակից չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Մեր մտահոգութիւնը մեր ընտանիքներու ապահովութիւնը, մեր տուներու եւ հաստատութիւններու անվտանգութիւնն է: Այս մեր համայնքի պաշտօնական կեցուածքն է: Որեւէ այլ տեղեկատուութիւն իրականութեան չի համապատասխաներ:

-Ըստ լուրերու վերջին օրերուն հայկական թաղամասեր, Նոր Գիւղ, Սիւլէմանիէ եւայլն, կռիւներու թատերաբեմ դարձած են. նաեւ զոհեր արձանագրուած են օդակայանի ճամբուն վրայ: Ի՞նչ է իրավիճակը այս պահուն:

– Այս պահուն վիճակը լաւ չէ. Նոր Գիւղ եւ Սուլէմանիէ թաղերուն մէջ կան բախումներ: Ժողովուրդը ապահովական նկատառումով տուները կը լքէ եւ համեմատաբար աւելի ապահով վայր կ՛ապաստանի: Բնականաբար, գաղութի ղեկավարութիւնը իր պատասխանատուութեան վրայ է եւ ժողովուրդին տէր կանգնելու ճիգին մէջ:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել