Հայկական ցեղասպանության ոգեկոչման օրը


Շուտով կը մօտենայ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը՝ Ապրիլ 24ը: 91 տարի ետք, հայութիւնը տակաւին կը մնայ իրաւազրկուած: Թուրքիա ոչ միայն կը յամառի չճանչնալ իր ծրագրած եւ գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլեւ ուրացման նորանոր արշաւներու կը ձեռնարկէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ՝ քաղաքակիրթ մարդկութեան աչքին առջեւ:

Թրքական ուրացումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ նոր ոճիր մը, որ կը բարդուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի անպատժելի բնոյթին վրայ:

Իրերու այս դրութեան մէջ, հայութիuնը կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն, վճռած է հետապնդել զանոնք մինչեւ արդարացի լուծում: Այս ծիրէն ներս, նոր թափ ստացած են Ցեղասպանութեան ճանաչման արդար հատուցման հայութեան քաղաքական աշխատանքները Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Մ. Արեւելքի մէջ՝ յարաճուն ճնշումի տակ դնելով Թուրքիան:
Արդարութեան ձգտող հայութեան ձայնը անգամ մը եւս լսելի դարձնելու համար, քալիֆորնիահայ քաղաքական, մշակութային եւ համայնքային կազմակերպութիւնները որոշած են հաւաքաբար եւ միասնաբար ոգեկոչել Ցեղասպանութեան նահատակները: Այս ծիրէն ներս, որոշուած է ոգեկոչական կեդրոնական ձեռնարկը կայացնել Մոնթեպելլոյի յուշարձանին շուրջ, Կիրակի, Ապրիլ 23, 2006 յետմիջօրէի ժամը 4ին:
Կոչ կուղղենք համայն քալիֆորնիահայութեան, որ խուռներամ շարքերով մասնակցի այս ոգեկոչական ձեռնարկին, որպէսզի կարենայ իր ձայնը առաւելագոյն չափով լսելի դարձնել ամբողջ աշխարհին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ հետագային պիտի փոխանցենք մամուլով:

Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔ
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔ
Հ.Բ.Ը.Մ. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԻՐԱՆԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Տպել Տպել