- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Նշմար. Անիմաստ Երկխօսութիւն

turq-tcutcarar [1]Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Առընչ երէկ Անգարայի մէջ իր երկրին նախագահին հետ հանդիպումէն ետք պատրաստակամութիւն յայտնեց այսօր Թաքսիմի «արդար եւ օրինական» սկզբնական ցոյցի կազմակերպիչներուն հետ հանդիպում ունենալու եւ անասուններու պաշտպաններու մտահոգութեանց ականջ տալու:

Այսպիսով, կառավարութիւնը կը փորձէ տագնապը իր սկզբնական կէտին` բնապահպանական մտահոգութեամբ խաղաղ ցոյցի պայմաններուն վերադարձնելու. զղջումի արտայայտութի՞ւն մը, ո՞վ գիտէ, յամենայն դէպս արդէն ուշ է: Այսօր նախատեսուած հանդիպումը ձեւական ու անիմաստ է եւ անկէ կարելի չէ որեւէ արդիւնք սպասել, որովհետեւ դէպքերու զարգացման բերմամբ Կեզի այգիի հարցով արծարծուած բնապահպանական օրակարգը արդէն հինգ օրէ ի վեր շրջանցուած է, եւ այժմ սեղանի վրայ դրուած են քաղաքական ու ընկերային լուրջ մտահոգութիւններ, որոնց օրակարգով պէտք է կառավարութեան եւ փողոց դուրս եկած քաղաքական տարբեր հոսանքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարուի, այլապէս կացութիւնը պիտի երկարաձգուի եւ դէպի յաւելեալ մագլցում ու բարդացում ուղղուի:

Թուրքիոյ վարչապետին եւ փոխվարչապետին կողմէ ցուցարարներուն տրուած որակաւորումները մտածել կու տան, որ այդպիսի երկխօսութիւն մը դժուար թէ կայանայ: Արընչ զգուշացուց, որ այժմ ցոյցերուն գլուխ անցած են «ահաբեկչական տարրեր», արտայայտութիւն մը, որ համահունչ է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` ցուցարարները ծայրայեղականներ, իսկ բողոքի ցոյցերը «ներքին ու արտաքին դաւադրութիւն» նկատող կեցուածքին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ հակառակ հնգօրեայ զարգացումներուն, թրքական կառավարութեան կեցուածքին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած եւ անոր ղեկավարը տագնապը յամառօրէն կ՛ուղղէ դէպի երկարաձգում եւ բարդացում:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com