[1]ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Յունիս 10ին, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը որոշած է չքննել Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի ապահովագրական պահանջներուն վերաբերեալ վաղեմութեան ժամկէտը երկարաձգող Քալիֆորնիոյ օրէնքը:
Գերագոյն ատեանին սոյն որոշումը ի զօրու կը պահէ Շրջանային իններորդ ատեանի այն որոշումը, որ բեկանած էր Քալիֆորնիոյ օրէնքը՝ կասեցնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի ապահովագրական պահանջները հետապնդողներուն կողմէ՝ իրենց իրաւունքներուն տիրանալու ջանքերը:
Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կոչ ըրած էր Գերագոյն ատեանին, որ չքննէ այս հարցը:
Իրաւաբան Իկոր Թիմոֆէեւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն անունով ներկայացուցած միջնորդագիրին մէջ պնդած էր, որ Քալիֆորնիոյ օրէնքը չի խախտեր որեւէ դաշնակցային կերպով սահմանուած քաղաքականութիւն, եւ այդ իսկ պատճառով պէտք չէ ընդհատուի: Ան պնդած էր նաեւ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը իրաւասու է կարգաւորելու ապահովագրական ընկերութիւններու պարտաւորութիւնները, որոնք կը գտնուին նահանգի իրաւազօրութեան եւ իրաւասութեան ոլորտին մէջ:
Թիմոֆէեւ ցաւ յայտնեց Գերագոյն ատեանի Երկուշաբթի օրուան որոշումին համար, սակայն յոյս յայտնեց, որ այլ միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ պարտադրել ատեանին, որ կարծիք յայտնէ այս հարցին շուրջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան եւս յայտարարեց, թէ Գերագոյն ատեանին որոշումը վերջին խօսքը չէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու, վերապրողներու ու անոնց ժառանգորդներու իրաւունքներուն տիրանալու պայքարին մէջ:
Իր կարգին, Հայ իրաւաբանական միութեան ատենապետ Կարօ Ղազարեան յայտարարեց, թէ այս որոշումով՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց արտօնութիւն տրուած է միջամուխ ըլլալու ամերիկեան նահանգներու ներքին հարցերուն՝ անոնցմէ խլելով իրենց փափաքած օրէնքները պարտադրելու իրաւասութիւնը:
Կառավարութեան կեցուածքին հակադրութեամբ, Գերագոյն ատեանին ներկայացուած էին Քալիֆորնիոյ օրէնքին ի նպաստ բազմաթիւ կարծիքներ, որոնց շարքին՝ Քալիֆորնիա, Նեւատա, Միշիկըն եւ Ռոտ Այլընտ նահանգներու ընդհանուր դատախազներու, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներու եւ նահանգային մակարդակի օրէնսդիրներու կարծիքներ:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել Հայ Դատին պատրաստած www.anca.org/legal/insuranceclaims կայքէջը:
asbarez.com
11/06/2013