- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հ.Յ.Դ Հարաւային Ամերիկայի 63-րդ շրջանային ժողովի յայտարարութիինը

[1]
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի 63րդ Շրջանային Ժողովը ըստ էութեան քննեց ընթացաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի գործունէութիւնը, քուէարկեց յաջորդ տարիներու աշխատանքային ծրագրի շրջաններէն եկած բանաձեւերը եւ ընտրեց շրջանային նոր ղեկավարութիւնը:

63րդ Շրջանային Ժողովը մասնաւորաբար կանգ առաւ Արժանթինի Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութեան դէմ պետական միջամտութեան իրողութեան վրայ, որ սկիզբ առաւ Արդարադատութեան նախկին նախարար Ռաուլ Կրանիլլօ Օքամփոյի ստորագրած հրամանագրով (26 Մարտ 1999) եւ աւարտեցաւ իրեն յաջորդած նախարար Ռիքարտօ Խիլ Լավետրայի մէկ այլ հրամանագրով (11 Ապրիլ 2000), որ միջոցառումը չեղեալ կը համարէր:

Աւելի քան տարի մը տեւած այս միջամտութիւնը, որ իրականացաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերէն արտաքսուած ու հեռացուած ենթականերու զրպարտութեանց հիման վրայ, 63րդ Շրջանային Ժողովը գնահատեց որպէս շարունակութիւնը շրջանին մէջ 1992էն ի վեր ծաւալած հակադաշնակցական պայքարին: Կազմակերպուած այդ սադրանքի նպատակն էր իր օրինական տէրերուն ձեռքէն խլելու Ա. Մ. Ընկերակցութեան կալուածները, կուսակցութեան ու իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը ջլատելու նպատակով: Ազգավնաս այս նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ, համայնքի, այլեւ ամբողջ Սփիւռքի մէջ ստեղծեց վտանգաւոր նախընթաց մը: Միջամտութիւնը իւրաքանչիւր հայկական հաստատութիւն դրաւ նման միջոցառման ենթակայ ըլլալու սպառնալիքին դէմ յանդիման, եթէ չստեղծուին համագործակցական անհրաժեշտ պայմանները առաջքը առնելու համար ազգադաւ նման քայլերու կրկնումին:

Ցաւ յայտնելով հանդերձ այն թանկագին ժամանակին համար, որ կուսակցութիւնն ու իր գաղափարակից կազմակերպութիւնները ստիպողաբար վատնեցին ձախողութեան մատնելու համար միջամտութեան սադրանքը, 63րդ Շրջանային Ժողովը միաժամանակ ողջունեց շարքերու զօրաշարժը, կարգապահութիւնն ու դիմադրականութիւնը, որոնք էական ազդակներ եղան օրինական քայլերու միջոցաւ միջամտութիւնը ձախողեցնելու համար: Նաեւ` երախտագիտութիւն կը յայտնէ համայնքային այն հաստատութիւններուն ու անձնաւորութեանց, որոնք, գիտակից որ ստեղծուած կացութիւնը համայնքի քանդումին պիտի առաջնորդէր, չվարանեցան իրենց գործնական աջակցութիւնը ցուցաբերելու Ա. Մ. Ընկերակցութեան օրինական տէրերուն:

Հակառակ որ միջամտութիւնը օրինականօրէն աւարտած է, 63րդ Շրջանային Ժողովը հաստատեց, որ այդուհանդերձ կը շարունակուի շրջանէն ներս հակադաշնակցական պայքարը, որ միաժամանակ կը փորձէ քարոզչական արշաւի միջոցաւ մտքեր պղտորել Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ: Հետեւաբար, 63րդ Շրջանային Ժողովը կոչ կÿուղղէ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարակից միութիւններու ղեկավարութեանց ու շարքերուն, Հայաստանի պետութեան ու իր ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական իշխանութեանց, քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններուն, մամլոյ ու հաղորդակցութեանց միջոցներու պատասխանատուներուն եւ մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, զգուշանալու այս փորձերէն ու պատշաճ ձեւով ձախողութեան մատնելու անոնց ազգակործան նպատակը:

Գործունէութեան նոր հանգրուանի մը դէմ յանդիման, Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Պրազիլի մեր շարքերը այսօր աւելի քան երբեք պարտաւոր են փարիլ իրենց դաշնակցականի կոչումին եւ կրկնապատկել ճիգերը ի խնդիր կուսակցութեան ազգային ու գաղափարական յանձնառութեանց իրականացման: Հակառակ միջամտութեան պատճառով վատնուած սուղ ժամանակին, 63րդ Շրջանային Ժողովը կոչ կÿուղղէ բոլոր ընկերուհիներուն ու ընկերներուն վերանորոգ կորովով նուիրուելու հայապահպանման գործին ու Հայ Դատի պայքարին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան ու քաղաքական-գաղափարախօսական պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ համայնքի միասնականութեան ու կազմակերպութիւններու միջեւ առողջ համագործակցութեան ամրապնդումին, ի խնդիր Հայաստանի անկախ պետականութեան հզօրացման, արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի յաղթանակին, հայրենի ժողովուրդի ընկերա-տնտեսական կացութեան բարելաւման, Հայաստան-Սփիւռք միասնականութեան ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնման: