«Հայ Դատ Միջին Արեւելք» պիտակով նիւթեր

«Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» համաժողով

«Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ Իրաքեան Քիւրտիստանի Սուլայմանիէ համալսարանի «Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ` 29-30 Ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը` «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» խորագիրով: Յատուկ հրաւէրով այս խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան: Համաժողովին նշանաբանն էր այն, որ իրականութեան ճանաչումը բանալին է ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան: Անոր կը մասնակցէին…

Հաղորդագրութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան գլխաւոր հիւրը դարձաւ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «Մինալ Արտ» յայտագիրին: Վ. Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեբ Թայիբ Էրտողանի ցաւակցագիրը, շեշտելով, որ անիկա շարունակութիւնն է Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան եւ հայ ժողովուրդին դէմ անոր թշնամանքին: Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր հանգրուաններուն մասին պատմական հակիրճ ակնարկէ…

Եագուպեան Դատապարտեց Քեսապի Դէմ Յարձակումին Մէջ Թուրքիոյ Ուղղակի Մեղսակցութիւնը

Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն մասին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը: Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ քեսապահայութեան տարհանումին եւ դատապարտեց այդ իմաստով Թուրքիոյ ուղղակի մեղսակցութիւնը: «Զինեալներուն Քեսապ ներխուժումը պիտի չպատահէր, եթէ թրքական ուժերը դիւրացուցած չըլլային անոնց մուտքը: Ճիշդ է որ աւանին մէջ սպանդներ չեն գործուած, հակառակ շրջանառութեան մէջ…

Եգիպտական Մամուլը` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին

Եգիպտականգրաւոր եւ ելեկտրոնային մամուլը վերջերս դարձեալ անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին եւ լուսարձակի տակ առած էր Եգիպտոսի լրատուական եւ մտաւորական շրջանակներու կողմէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչերը: 1-10 Նոյեմբերին ՙՏիփլոմեթիք Ուէպ՚ կայքը անդրադարձած էր ՙՄասաիյա՚ օրաթերթի եւ ՙՏելիլ՚ քաղաքական ու ռազմավարական ուսումնասիրուիւններու կեդրոնի կազմակերպած կլոր սեղանին, որ նուրիրուած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւններուն: Կլոր սեղանին ընթացքին կատարուած…

Թուրքիոյ կողմէ Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտութիւնը մերժող եւ դատապարտող արաբական կեցուածքներու մասին

Արաբական մամուլին մէջ անցեալ ամսուան ընթացքին լոյս տեսած են շարք մը յօդուածներ ու տեսակէտներ, որոնք սուր կերպով կը քննադատեն Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն օժանդակելու եւ զանոնք իշխանութեան հասցնելու թրքական ջանքերը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն ու կը դատապարտեն թրքական միջամտութիւնը` Եգիպտոսի ներքին հարցերուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք արաբական մամուլէն եւ կայքէջերէն քաղուածքներ: «Ալ Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի լրագրողը…

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Եգիպտական Մամուլին մէջ

Եգիպտոսի մէջ, 30 Յունիսի կատարուած իշխանափոխութենէն խիստ անհանգստացած է Թուրքիան, որ կ՚ընդիմանայ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններուն եւ պահանջէ նախկին նախագահ Մորսիի վերադարձը։ Թուրքիոյ այս կեցուածքը կ՚անհանգստացնէ եգիպտական որոշ շրջանակներ, ովքեր ժամանակը ճիշտ կը նկատեն՝ Թուրքիոյ դէմ տարբեր ուղղութիւններով միջազգային արշաւներ սկսելու։ Ոմանք Թուրքիոյ դէմ այս արշաւներու շարքին կարեւոր ուղղութիւն կը նկատեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Եգիպտական «Սատա…

Արաբական Մամուլի Տեսութիւն` Սուրիոյ Տագնապին Շուրջ Համաձայնութիւն մը Գոյացնելու Հնարաւորութեան մասին

Լիբանանեան «Ալ–Սապաթ» օրաթերթի (14 Փետր. 2013) յօդուածագիրը կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ արիւնալի տագնապը այժմ անցած է խաղաղ լուծման հանգրուան, նկատի ունենալով, որ բախումները մատնուած են անելի` տագնապը զինուորապէս լուծելու ձախողութեան պատճառով: Դէպի խաղաղ լուծման հանգրուան Սուրիոյ տագնապին թեւակոխումը նաեւ անոր համար է, որ սուրիական ընդդիմութիւնը անդրադարձած է, թէ կացութիւնը ամէն իմաստով անտանելի դարձած է, ինչպէս…

Արաբական մամուլի տեսութիւն Սուրիոյ քաղաքական եւ զինուորական վերջին իրադարձութիւններուն մասին

Սուրիոյ Քիւրտերը Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի (30-01-2013) յօդուածագիր Մուհամմատ Նուրըտտին կը յայտնէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրտական հարցը կ՛ապրի արագ զարգացումներ, «մէկ կողմէ՝ Թրքական պետութեան եւ PKKի ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի միջեւ «Էմրալի գործողութեան» բանակցութիւնները սկսած են, իսկ միւս կողմէ՝ Իրաքի մէջ ընդարձակուած են տարաձայնութիւններ, ըստ որոնց Անգարայի եւ Իրպիլի միջեւ քարիւղի շուրջ գաղտնի համաձայնութիւն մը գոյացած…

Արաբական մամուլի տեսութիւն Սուրիոյ քաղաքական եւ զինուորական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառին (6 Յունուար 2013) մասին կատարուած քաղաքական մեկնաբանութիւններուն շրջագիծին մէջ, «Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիր Սամի Քլէյպ կը գրէ.- Եթէ Ասատի այս ճառը միացնենք Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլայի քանի մը օր առաջ արտասանուած ճառին, ապա ի յայտ կուգայ թէ այն առանցքը որուն կը պատկանին այս երկու անձնաւորութիւնները, որոշած են անցնիլ հակայարձակումի փուլին։…

Արաբական Մամուլի Տեսութիւն. Սուրիոյ տագնապին եւ Սուրիոյ քիւրտերու մասին

ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ մնալ միջինարեւելեան եւ միջազգային օրակարգերուն վրայ, նկատի ունենալով օրական դրութեամբ հոն արձանագրուող զինուորական զարգացումներն ու քաղաքական իրադարձութիւնները։ Լիբանանեան «Նահար» օրաթերթի յօդուածագիր Ռուզանա պու Մունսեֆ անդրադարձած է վերջերս Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիճանիի կատարած յայտարարութեան, հարց տալով, որ ան արդեօք դիտմա՞մբ թէ սխալմամբ մոռցած էր Սուրիան նշել Իսրայէլի եւ…