Լեւոն Թադէոսեան (Պապաշա, 1865-1935). Անբասիր յեղափոխականը, որ արժանաւորապէս մարմնաւորեց Հ.Յ.Դ. բարոյական հեղինակութիւնը հայ ազատագրական շարժման մէջ

babasha_20-12-12Երէկ՝ Դեկտեմբեր 19ին, լրացաւ մահուան 77րդ տարելիցը Հայկական Ազատամարտի ոսկեմատեանին մէջ իր բացառիկ տեղը ունեցող անբասիր յեղափոխականի դաշնակցակա՛ն կերպարի մը՝ Լեւոն Թադէոսեանի (Պապաշա)։

Սիմոն Զաւարեանի եւ Յոնան Դաւթեանի կողքին, հայ յեղափոխականի բարոյական խստապահանջութիւնը եւ մաքրակրօնութիւնը անձնական վարքով արմատաւորած ու Դաշնակցութեան բարոյական հեղինակութիւնը արժանաւորապէս մարմնաւորած դէմքերու շարքին, անպայման իր յատուկ տեղը ունի Լեւոն Թադէոսեան, որ իր կենդանութեան իսկ արժանացաւ Պապաշա (ռուսերէնով՝ Հայրիկ) անուանումին։

Գաղափարական ու բարոյական իր առաքինութեամբ եւ անձնուէր ու անբասիր ծառայութեամբ՝ Լեւոն Թադէոսեան թէ՛ գաղափարի իր ընկերներուն, թէ՛ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն համար իսկական «Հայրիկ» եղաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ։ Ապրեցաւ ու գործեց իբրեւ բոլորին «Հայրիկ»ը՝ իր անսահման բարութեամբ ու անձնազոհութեամբ, ընկերասիրութեամբ ու մարդասիրութեամբ, պարզութեամբ ու հաւատարմութեամբ, սկզբունքայնութեամբ ու անշահախնդրութեամբ։ Այդ հիման վրայ ալ, երբ անկախութեան տիրացած Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, 1919ի աշնան գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, Դաշնակցութիւնը որոշեց կեանքի կոչել Գերագոյն Դատական Ատեան մը՝ գաղափարի իր տաճարին բարոյական հեղինակութեան տէր ու պահապան մարմին մը ունենալու համար, Պապաշայի վստահուեցաւ պատասխանատուութիւնը այդ ծայր աստիճան զգայուն առաքելութեան։
Քրիստափոր Միքայէլեանի քրոջ որդին էր Լեւոն, ծնած՝ Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը, 1865 թուականի Փետրուար 2ին։ Հայրը վաճառական էր եւ խանութ ունէր Ջաքաթալայի մէջ, որ բաւական հեռու էր Ագուլիսէն։ Երեք տարին մէկ անգամ կու գար Ագուլիս՝ տեսնելու ընտանիքը եւ այդ պատճառով ալ, ինչպէս Պապաշայի կենսագրութեան մէջ Սիմոն Վրացեան կը նշէ, երեք եղբայր եւ մէկ քոյր Թադէոսեանները իրարմէ երեք տարուան տարբերութիւն ունէին։ Լեւոն անդրանիկն էր տան, Սամսոն՝ միջնեկը, իսկ Յովսէփ՝ կրտսերը։ Երեքն ալ հանրային եւ յեղափոխական անուանի դէմքեր եղան հայ իրականութեան մէջ։

Իրենց հօր բացակայութեան, Թադէոսեան եղբայրները կազմաւորուեցան իրենց մօր շունչով, որ իր զաւակներուն զգաստացնելու եւ ուղղելու համար կը դիմէր «Քրիստափոր քեռիին»։ Թէեւ այնքան ալ մեծ չէր տարիքի տարբերութիւնը Քրիստափորի եւ իր քրոջ որդիներուն միջեւ, այսուհանդերձ՝ իր անհատականութեան ու հասունութեան շնորհիւ, Քրիստափոր օրինակելի տիպար եւ առաջնորդող հեղինակութիւն մը եղաւ Թադէոսեան եղբայրներուն, յատկապէս Լեւոնի համար։

Պապաշա իր տարրական կրթութիւնը ստացաւ Ագուլիսի ծխական վարժարանին մէջ՝ ուսուցիչ ունենալով Րաֆֆին։ Այնուհետեւ, Քրիստափորի օրինակին հետեւելով, գիւղի հոգաբարձութեան ծախսերով ուղարկուեցաւ քեռիին մօտ, Թիֆլիս, «Ներսիսեան» վարժարանին մէջ ուսումը ամբողջացնելու եւ Ագուլիս վերադառնալով չորս տարի գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ընելու յանձնառութեամբ։ Հայրը կանխահաս մահ ունեցաւ, Թադէոսեանները որբացան եւ Լեւոն պատանի հասակէն իր վրայ վերցուց ընտանիքի հոգը։
Աստուածավախ եւ հաւատացեալ էր Լեւոն, որ Քրիստոսի մէջ մարմնաւորուած կը տեսնէր յանուն մարդկութեան եւ հասարակութեան ազատագրումին իր անձն ու կեանքը նուիրաբերող մեծ մարդասէրն ու ընկերային գործիչը։ Այդ ներշնչումով ալ Պապաշայի մտածողութեան եւ նկարագրին մէջ ամուր տեղ գրաւեցին սեփական ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու եւ ցաւերը ամոքելու հոգածութիւնն ու անձնուիրումը։

1883ին, ցարական ոստիկանութիւնը փակեց հայոց ծխական վարժարանները։ Քրիստափորի յորդորվ, Լեւոն անցաւ Գանձակ, ուր թեմական վարժարանին մէջ ուսուցչութեան լծուեցաւ, բայց շուտով բախում ունեցաւ տեղւոյն կղերամիտ եւ պահպանողական մտայնութեանց հետ։ Էջմիածնէն՝ Մակար Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ, կրթական յատուկ քննիչ ուղարկուեցաւ Գանձակ։ Ըմբոստ աշակերտութիւնն ու ուսուցիչները պատժելու իր կարգադրութեանց ճամբով, Էջմիածնի առաքած քննիչը Լեւոն Թադէոսեանին զրկեց ոչ միայն տեղւոյն դպրոցին մէջ, այլեւ՝ որեւէ թեմական վարժարանի մէջ պաշտօնավարելու եւ դասաւանդելու իրաւունքէն։ Այդպիսով վերջ գտաւ ուսուցչական ասպարէզը Պապաշայի համար, որ այնուհետեւ հաշուապահական իր ընդունակութիւններով նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ՝ միաժամանակ նուիրուելով հետզհետէ թափ ստացող հայ յեղափոխական շարժման։

1890ականներուն Պապաշա աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներուն եւ սկզբնական կազմակերպումի քայլերուն։ Անբաժան գործակիցը դարձաւ Քրիստափորի, որ Լեւոնի մէջ գտած էր ոչ միայն ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու եւ վստահութիւն ներշնչելու բարոյական մեծ դրամագլուխի տէր յեղափոխականը, այլեւ՝ կազմակերպական անդուլ աշխատանքի, անշահախնդրութեան, անկաշառ նկարագրի եւ տնտեսումի բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած գործիչը։

Լեւոն Թադէոսեանի դաշնակցական եւ ազգային-հանրային գործունէութեան հիմնական ասպարէզը դարձաւ Պաքուն, ուր ան հաստատուեցաւ 1900ին եւ ուր անդուլ գործեց մինչեւ 1918ի Սեպտեմբերին քաղաքին գրաւումը թուրքերուն կողմէ։

Կովկասի նաւթարդիւնաբերութեան կեդրոն Պաքուն եւ Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կեդրոնական Կոմիտէն, այդ ժամանակաշրջանին, ընդհանրապէս կեդրոնական տեղ կը գրաւէին հայ իրականութեան մէջ։ Իսկ Լեւոն Թադէոսեան շուտով դարձաւ հայ ազգային-քաղաքական եւ ռուս աշխատաւորական-յեղափոխական վերիվայրումներու առանցքային դերակատարներէն մէկը, որոշ պարագաներու նաեւ «Հայրիկ»ը, որ հիմնական դեր ունեցաւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ընդլայնման մէջ։

Պապաշայի դերակատարութիւնը մեծ եւ անփոխարինելի եղաւ՝

– «Փոթորիկ»ի ճամբով հայկական ազատամարտին մեծահարուստ հայերու նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու գործին մէջ,

– Դաշնակցութիւնը ներքնապէս պառակտելու փորձերուն դիմագրաւման մէջ՝ 1904-1907 թուականներուն,

– Հայ-թաթարական արիւնալի ընդհարումներու հանգրուանին՝ 1905-1906ին, Անդրկովկասի հայութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ինքնապաշտպանութեան կռուանները հզօրացնելու գործին մէջ,

– Ցարական իշխանութեանց հակադաշնակցական հալածանքը ձախողութեան մատնելու ճակատին վրայ՝ 1908-1912 տարիներուն։ Պապաշա իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ Ցարիզմին կողմէ, ճաշակեց Մետեխի բանտը, բայց անպարտ արձակուեցաւ Դաշնակցութեան Դատէն ետք եւ դարձեալ անձնուէր կանգնեցաւ պայքարի պատնէշին վրայ,

– Ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ, Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին եւ այնուհետեւ, Պաքուի հերոսական ինքնապաշտպանութեան մէջ՝ Ռոստոմի եւ Աբրահամ Գիւլխանդանեանի կողքին։
1918 թուականի աշնան Պաքուի անկումէն ու պարպումէն ետք, Պապաշա հաստատուեցաւ Երեւան, ընտրուեցաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի պատգամաւոր եւ մեծակշիռ գործ կատարեց խորհրդարանի ելեւմտական յանձնաժողովին խօսնակի իր պաշտօնավարութեամբ։ Հայոց նորահաստատ պետականութեան ելեւմտական հիմերու ամրապնդման մէջ հսկայական ներդրում ունեցաւ։ Պապաշա Երեւան մնաց մինչեւ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտը, երբ իր հերթին անցաւ Ատրպատական՝ Թաւրիզ, ուր կարճ ժամանակ մը գործեց իբրեւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Դատական Ատեանի անդամ, պաշտօն՝ որուն ընտրուած էր 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։

1923ին Պապաշա անցաւ Ժընեւ, ապա՝ Փարիզ, ուր ստանձնեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Դիւանի վարիչի պաշտօնը։ Բայց արդէն քայքայուած էր առողջութիւնը եւ 19 Դեկտեմբեր 1935ին ան բաժնուեցաւ մեր աշխարհէն՝ «Հայրիկ»ի հետեւեալ պատգամը կտակելով իր պաշտած հայ յեղափոխականներուն եւ յատկապէս իր պաշտած գաղափարի ընտանիքին՝ Դաշնակցութեան հաւատաւորներուն.

– «Սիրեցէք իրար միշտ անկեղծօրէն եւ ներողամտաբար ուղղեցէք իրարու սխալներ, միշտ զսպեցէք ձեր ինքնասիրութիւնը, որ պզտիկ բաներից վեր մնաք»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել