- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ակնարկ. Մարդկային Իրաւունքները Ընդդէմ Ազգային Իրաւունքներուն Եւ Առաջնահերթութիւններու Ճշդումի Հարցը

azdak [1]Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք կարելի չէ նկատել, իբրեւ բացատրութիւն կը հիմնուի ազատ կարծիքի սկզբունքին հիման վրայ: Ածանցեալ հիմնաւորում կայ սակայն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին մէջ: Կ՛ըսուի պարզ ձեւով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով միատեսակ կարծիք չկայ: Ճիշդ այստեղ է, որ մարդկային իրաւունքի եւրոպական կառոյցը ինքզինք կը մատնէ: Հարցը կը համեմատուի հրէական Ողջակիզումին հետ:

Հիմա փորձենք համեմատել ազատ կարծիքի իրաւունքը եւ միջազգային համախոհութիւնը: Եթէ մարդու կարծիքի ազատութիւնը բացարձակ եւ անքննարկելի սկզբունք է, ապա այդ պարագային միջազգային համաձայնութիւն մը տուեալ երեւոյթին նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնայ արգիլել այդ կարծիքի հրապարակումը: Փաստօրէն արգիլուած է ժխտել հրէական Ողջակիզումը: Իսկ նման դիրքորոշում մը, մարդու կարծիքի արտայայտութեան դէմ դրուած ճնշամիջոց չէ՞:

Առանց խորանալու այլ հիմնաւորումներու բացատրութեան մէջ, միայն այս անհամատեղելիութիւնը կը պարզէ խնդիրին մօտենալու զուտ քաղաքական մղումը: Որովհետեւ, բողոքառուն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանն է եւ ոչ թէ միջազգային դատարանը: Իսկ Եւրոպական դատարանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ գոյացած համախոհութիւնը դատելու համար պիտի հիմնուէր Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած կեցուածքներուն, դիրքորոշումներուն եւ բանաձեւերուն վրայ եւ ոչ թէ միջազգային ընտանիքին ընդհանրապէս: Տարբեր հարց, որ մասնակիօրէն այս ձեւով եւրոպական կառոյց մը իր դիրքորոշումով կը հակասէ եւրոպական պետութեան մը որդեգրած օրէնքին: Բայց իրաւաբանական մեկնաբանութիւններուն ծալքերուն ոլորապտոյտէն հեռու մնալու համար կեդրոնանանք հարցի քաղաքական մօտեցումներուն վրայ:

Յիշենք, որ նոյն Ֆրանսան իր Ազգային ժողովի մէկ հաստատութենէն միւսը եւ` փոխադարձաբար, հարցը քաղաքական շրջագայութիւններու մէջ դնելէ ետք, չհաստատեց օրինագիծի սահմանադրականութիւնը` ինքնահակասական ակներեւ երեւոյթ մը պարզելով դիպաշարին հետեւողներուն առջեւ: Նոյն Ֆրանսայի համար քրէականացուած է հրեաներու Ողջակիզումը, մինչ սահմանադրական չի նկատուիր Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի նկատելը: Իսկ այստեղ միջազգային համախոհութեան եւ համաձայնութեան յղում կատարելու խնդիր չկայ, որովհետեւ կը խօսինք երկրի մը մասին, որ պաշտօնապէս ճանչցած է երկու ցեղասպանութիւնները: Իսկ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին շատ հանգիստ յղում կը կատարէ այսօր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը:

Եւրոպական ինքնահակասական դրսեւորումները` իրենց կարգին: Հայկական կողմը անհրաժեշտութեան առջեւ է վերանայելու իր մարտավարութիւնը այս հարցին ուղղութեամբ: Կարծիքի կամ արտայայտուելու ազատութիւնը ընդհանրապէս քաղաքակիրթ երկիրներու համար օրինաչափ է, որ գերարժեւորումի ենթարկուի: Այստեղ մեր խնդիրը զուտ հայեցողական առումով արդէն իսկ որոշ խոչընդոտներու կը հանդիպի, մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք, որ ժխտողականութեան քրէականացումի աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացած է եւրոպական միջավայրերու վրայ: Ասոր վրայ կ՛աւելնան նաեւ հրէական խմբաւորումներուն կողմէ անուղղակիօրէն ստեղծուող արգելակումները` Ողջակիզման պարագայի եզակիութիւնը պահպանելու համար:

Այս եւ նմանատիպ հանգամանքներու բերումով, արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ Ֆրանսայի կամ Զուիցերիոյ մէջ մեր առաւելները կը վերածուին նուազներու: Այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, այժմ կը մերժեն զայն ժխտելու քրէականացումը կամ ալ կ՛ենթարկուին քրէականացման իրենց որոշումներու բեկանումներուն:

Ճանաչումէն հատուցում աշխատանքային անցումի մէջ եղող հայկական կողմը բոլոր պատճառները ունի այսօր իր մարդուժն ու տնտեսուժը ըստ առաջնահերթութիւններու կեդրոնացնելու: Իսկ այդ առաջնահերթութիւնները առաւելաբար կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակակից խնդիրներուն: Ապաշրջափակումի պահանջը, Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան մերժումը, արցախեան հակամարտութեան մէջ թրքական միջնորդութեան նկրտումներուն անընդունելիութիւնը առաջադրանքներ են, որոնք Թուրքիոյ վարքագիծը միջազգային նորմերուն կը հակադրեն եւ այդ առումով առաւելներ կրնան ապահովել հայկական կողմին:

«Ա.»
aztagdaily.com