Ակնարկ. Մարդկային Իրաւունքները Ընդդէմ Ազգային Իրաւունքներուն Եւ Առաջնահերթութիւններու Ճշդումի Հարցը

azdakՄարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք կարելի չէ նկատել, իբրեւ բացատրութիւն կը հիմնուի ազատ կարծիքի սկզբունքին հիման վրայ: Ածանցեալ հիմնաւորում կայ սակայն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին մէջ: Կ՛ըսուի պարզ ձեւով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով միատեսակ կարծիք չկայ: Ճիշդ այստեղ է, որ մարդկային իրաւունքի եւրոպական կառոյցը ինքզինք կը մատնէ: Հարցը կը համեմատուի հրէական Ողջակիզումին հետ:

Հիմա փորձենք համեմատել ազատ կարծիքի իրաւունքը եւ միջազգային համախոհութիւնը: Եթէ մարդու կարծիքի ազատութիւնը բացարձակ եւ անքննարկելի սկզբունք է, ապա այդ պարագային միջազգային համաձայնութիւն մը տուեալ երեւոյթին նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնայ արգիլել այդ կարծիքի հրապարակումը: Փաստօրէն արգիլուած է ժխտել հրէական Ողջակիզումը: Իսկ նման դիրքորոշում մը, մարդու կարծիքի արտայայտութեան դէմ դրուած ճնշամիջոց չէ՞:

Առանց խորանալու այլ հիմնաւորումներու բացատրութեան մէջ, միայն այս անհամատեղելիութիւնը կը պարզէ խնդիրին մօտենալու զուտ քաղաքական մղումը: Որովհետեւ, բողոքառուն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանն է եւ ոչ թէ միջազգային դատարանը: Իսկ Եւրոպական դատարանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ գոյացած համախոհութիւնը դատելու համար պիտի հիմնուէր Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած կեցուածքներուն, դիրքորոշումներուն եւ բանաձեւերուն վրայ եւ ոչ թէ միջազգային ընտանիքին ընդհանրապէս: Տարբեր հարց, որ մասնակիօրէն այս ձեւով եւրոպական կառոյց մը իր դիրքորոշումով կը հակասէ եւրոպական պետութեան մը որդեգրած օրէնքին: Բայց իրաւաբանական մեկնաբանութիւններուն ծալքերուն ոլորապտոյտէն հեռու մնալու համար կեդրոնանանք հարցի քաղաքական մօտեցումներուն վրայ:

Յիշենք, որ նոյն Ֆրանսան իր Ազգային ժողովի մէկ հաստատութենէն միւսը եւ` փոխադարձաբար, հարցը քաղաքական շրջագայութիւններու մէջ դնելէ ետք, չհաստատեց օրինագիծի սահմանադրականութիւնը` ինքնահակասական ակներեւ երեւոյթ մը պարզելով դիպաշարին հետեւողներուն առջեւ: Նոյն Ֆրանսայի համար քրէականացուած է հրեաներու Ողջակիզումը, մինչ սահմանադրական չի նկատուիր Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի նկատելը: Իսկ այստեղ միջազգային համախոհութեան եւ համաձայնութեան յղում կատարելու խնդիր չկայ, որովհետեւ կը խօսինք երկրի մը մասին, որ պաշտօնապէս ճանչցած է երկու ցեղասպանութիւնները: Իսկ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին շատ հանգիստ յղում կը կատարէ այսօր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը:

Եւրոպական ինքնահակասական դրսեւորումները` իրենց կարգին: Հայկական կողմը անհրաժեշտութեան առջեւ է վերանայելու իր մարտավարութիւնը այս հարցին ուղղութեամբ: Կարծիքի կամ արտայայտուելու ազատութիւնը ընդհանրապէս քաղաքակիրթ երկիրներու համար օրինաչափ է, որ գերարժեւորումի ենթարկուի: Այստեղ մեր խնդիրը զուտ հայեցողական առումով արդէն իսկ որոշ խոչընդոտներու կը հանդիպի, մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք, որ ժխտողականութեան քրէականացումի աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացած է եւրոպական միջավայրերու վրայ: Ասոր վրայ կ՛աւելնան նաեւ հրէական խմբաւորումներուն կողմէ անուղղակիօրէն ստեղծուող արգելակումները` Ողջակիզման պարագայի եզակիութիւնը պահպանելու համար:

Այս եւ նմանատիպ հանգամանքներու բերումով, արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ Ֆրանսայի կամ Զուիցերիոյ մէջ մեր առաւելները կը վերածուին նուազներու: Այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, այժմ կը մերժեն զայն ժխտելու քրէականացումը կամ ալ կ՛ենթարկուին քրէականացման իրենց որոշումներու բեկանումներուն:

Ճանաչումէն հատուցում աշխատանքային անցումի մէջ եղող հայկական կողմը բոլոր պատճառները ունի այսօր իր մարդուժն ու տնտեսուժը ըստ առաջնահերթութիւններու կեդրոնացնելու: Իսկ այդ առաջնահերթութիւնները առաւելաբար կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակակից խնդիրներուն: Ապաշրջափակումի պահանջը, Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան մերժումը, արցախեան հակամարտութեան մէջ թրքական միջնորդութեան նկրտումներուն անընդունելիութիւնը առաջադրանքներ են, որոնք Թուրքիոյ վարքագիծը միջազգային նորմերուն կը հակադրեն եւ այդ առումով առաւելներ կրնան ապահովել հայկական կողմին:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել