
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրահանգով եւ անոր թիկնապահներուն կողմէ առաջնորդուած վայրագ յարձակումը դատապարտող թիւ 354 բանաձեւը Քոնկրեսը միաձայնութեամբ (397 թեր եւ 0 դէմ քուէով) վաւերացուց։ Յիշեցնենք, որ բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Մայիս 25ին միաձայնութեամբ վաւերացուած էր: Յարձակումը…















