
Հոկտեմբեր 27ի օրը, ամէն տարի, հայաշխարհի չորս ծագերուն, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան տեսլականով տոչորուող գաղափարի ընկերներ, իրենց սրտի ու մտքի խորանին առջեւ, երկիւղածութեամբ կ’ոգեկոչեն անմեռ յիշատակը՝ խօսքն ու գործը, անբասիր վարքն ու անմնացորդ անձնուիրումը մեր ժողովուրդի Աշխարհիկ Սուրբին՝ Սիմոն Զաւարեանի։ 27 Հոկտեմբեր 1913ին, Պոլիս հրատարակուող Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրատունէն ոտքով տուն երթալու ամէնօրեայ իր…