
28 յուլիս 2018-ին Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Այս բանակումը իւրայատուկ էր իր բնոյթով եւ մասնակիցներու թիւով: Քսան երեք տարբեր երկիրներէ եկած աւելի քան 1200 բանակողները պատմական օրեր ապրեցան` մասնակցելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի պատուիրակութիւնը իր 139 մասնակիցներով աշխուժ գործունէութիւն ցուցաբերեց եւ դրական ներդրում ունեցաւ այս…