Նորութիւններ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը

Հայաստանի կենսոլորտային ներկայ տագնապին առիթով Վերջին ամիսներուն, հետզհետէ շեշտուած կերպով` հայրենի, ապա սփիւռքահայ եւ միջազգային մամուլը արձագանք հանդիսացան Խորհրդային Հայաստանի մթնոլորտի ծայրայեղ ապականման, որ հետեւանք է երկրամասի տարածքին հաստատուած կորիզային, ինչպէս նաեւ ջերմուժ արտադրող գործարաններու շողարձակումներուն եւ մթնոլորտի մէջ տարածուող մեծ քանակութեամբ թունաւոր կազերու: Ժամանակի ընթացքին մթնոլորտին մէջ կուտակուող եւ գիտականօրէն հանդուրժելի առաւելագոյն չափը բազմապատիկ…