
Ոչ շատ հեռու անցեալին, ընդամէնը հինգ-վեց տարի առաջ Սեւրի դաշնագիրին եւ յատկապէս Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին մասին յօդուած գրողները կը նկատուէին առաւելապաշտներ, ամբոխահաճոյական նպատակներով շարժողներ, ասպարէզականներ նոյնիսկ (քարիերիսթ իմաստով): Իրաւագիտական քննարկումը Սեւրի եւ Ուիլսընեան վճիռի անբեկանելիութեան մասին մասնագիտական ոլորտի խնդիր է: Նշենք պարզապէս, որ իրաւարար վճիռներու պարտադիր էութիւնը հիմնովին կը տարբերի երկկողմ պայմանագրային համաձայնութիւններու պարագաներէն, ուր…














